Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին
Շաբաթ եւ Կիրակի, 21-22 Մայիս 2022-ին, Կաթողիկոսանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝
ձեռամբ
ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆի
(Առաջնորդ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի)
Կուսակրօն քահանայ պիտի ձեռնադրուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտներէն՝
ՀՐԱԿ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ
ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԷՀՃԵԱՆ
ՆԱՐԵԿ ՍՐԿ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ
Շաբաթ, 21 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 05։00-ին պիտի կատարուի ընծայեալներու կոչման արարողութիւն։
Իսկ Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 09։30-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ձեռնադրութեան արարողութիւնը։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեալ հոգեպարար արարողութեանց աղօթակից ըլլալու նորընծայեալներուն, որպէսզի անոնք իրենց կոչումին մէջ ըլլան հաստատ, հաւատքին մէջ՝ անսասան եւ առաքելութեան մէջ՝ ծաղկուն։
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ