Կիրակի, Յունիս 9, 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Լոս Անճելըսի հանրածանօթ երեք հազար չորս հարիւր աթոռ ունեցող Dolby Theatre-ի մէջ (նախկին Kodak սրահը), հասցէ՝ 6801 Hollywood Blvd., Los Angeles, CA 90028 (Hollywood եւ Highland պողոտաներու անկիւնը), տեղի պիտի ունենայ փառաշուք ձեռնարկ մը, որ իր ազգային նպատակով ու մանաւանդ դրսեւորած ոգիով, պարզապէս աննախընթաց երեկոյ մը պիտի ըլլայ:
Այդ օր մեր գաղութի բոլոր խաւերը՝ քաղաքական, եկեղեցական, բարեսիրական, ուսանողական, երիտասարդական միաւորները սիրով հրաւիրուած են ներկայ ըլլալու այս բարձրորակ ձեռնարկին եւ վայելելու հոգեխառն երգերու եւ պարերու աննման հրավառութիւն մը: Կոչ կ’ընենք բոլորին, որ անպայման ներկայ ըլլան այս ձեռնարկին եւ բոլորիս ներկայութեամբ, միասնաբար, մեր զօրակցութիւնը յայտնենք Սուրիոյ մէջ ապրող մեր տառապահար, բազմատեսակ դժուարութեանց մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն:
Այդ օր ազգային խորագոյն գիտակցութեամբ, կամաւորաբար եւ սիրայօժար ելոյթ պիտի ունենան գաղութիս պարծանքներ հանդիսացող՝ Վարդան եւ Սիրանուշ Գէորգեաններու պարախումբը, պարուսոյց ունենալով իրենց շնորհաշատ դուստրը՝ Սոնա Գէորգեան: Այդ օր մօտ 400 պարման-պարմանուհիներու մասնակցութեամբ, հայկական այլազան պարերով պիտի հմայեն ներկաները: Նմանապէս այս ձեռնարկին առիթով հայրենիքէն պիտի ժամանեն երկու լուսաշող աստղեր, ազգային եւ ժողովրդային երգերով, սքանչելի մեկնաբաններ՝ Լէյլա Սարիբէկեան եւ Սիլվա Յակոբեան: Երեւոյթը խիստ յուզիչ է: Հայաստանի մեր արուեստագէտները եւ Գէորգեան պարախումբի բանակը, բոլորն ալ երիտասարդներ, նման ազնիւ եւ մարդկային գործի մը լծուած են, Սուրիոյ, այդ հեռաւոր ափերուն վրայ ապրող իրենց քոյրերուն, եղբայրներուն եւ հարազատներուն, իրենց աստուածատուր տաղանդով օգտակար հանդիսանալու համար:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է SARF Լոս Անճելըսի մէջ գործող Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնի կողմէ, որուն մաս կը կազմեն մեր աւանդական կուսակցութիւնները, եկեղեցական պետերը եւ բարեսիրական մեծագոյն միութիւնները՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը եւ ՀՕՄ-ը:
Ոչ ոքի համար նորութիւն մըն է, թէ վերջին երկու տարիներուն, Սուրիոյ ազնիւ ժողովուրդը ծանր օրեր կ’ապրի: Անոր հետ դժուարին օրեր կ’ապրին նաեւ հոն ապրող մօտ 80,000 հաշուող լաւ կազմակերպուած հայադրոշմ եւ հայատրոփ հայ գաղութ մը:
Սուրիահայութիւնը 1915-ի Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր, կը հանդիսանայ սփիւռքահայութեան բաբախիւն սիրտը: Մինչեւ Հայաստանի անկախանալը, սուրիահայութիւնը մեր բոլոր գաղութներուն մտաւորական, կղերական, ուսուցիչ, դերասան մարդուժ մատակարարող գաղութ մը եղած է: Աւելին՝ 1946-ին, դէպի Հայաստան կազմակերպուած ներգաղթի օրերուն, Սուրիոյ հայութիւնը մեծաթիւ խումբերով Հայաստան տեղաւորուեցաւ եւ Սովետական Միութեան օրերուն Հայաստանը առանձին հանրապետութիւն մը եղաւ, այլապէս կրնար կիսանկախ շրջան մը ըլլալ, ուրիշ հանրապետութեան մը մէջ:
Արդարեւ, սուրիահայութեան այս ահռելի օրերուն, ողջ հայութիւնը, ըլլայ հայրենի պետական այրերը, սփիւռքահայութեան նախարարութիւնը, հայրենաբնակ մեր թանկագին ժողովուրդը, հոգեւոր պետերը եւ սփիւռքի աշխարհատարած հայութիւնը, մէկ մարդու նման, այլազան ձեռնարկներով եւ աշխատանքներով նեցուկ կանգնած են սուրիահայ տառապահար մեր հայրենակիցներուն:
Այսօր գեղեցկագոյն երեւոյթ մը կը տեսնենք Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի մէջ ապրող հայութեան մօտ: Մեծատունը՝ իր գանձով, համեստ աշխատաւորները՝ իրենց լումաներով, արուեստագէտները (նկարիչ, պարող, երգող, ասմունքող եւ այլն), իրենց արուեստով սատար կը հանդիսանան սուրիահայութեան ի նպաստ բազմազան ծրագիրներու, իրենց աստուածատուր տաղանդներով, մեր դժբախտացած սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու համար:
Այս պատմական ձեռնարկի տոմսերը ապահովելու համար, կարելի է հեռաձայնել (818) 618-2348 թիւին, կամ, երթալ Itsmyseat.com/HyeAid կայքէջին, կայ ալ՝ կարելի է տոմսեր ձեռք ձգել Կլէնտէյլի Պրանտ պողոտային վրայ գտնուող Beyond the Star սրահէն եւ կամ ալ՝ Գէորգեան Արուեստի Կեդրոնէն:
Սիրելի հայրենակիցներ, բոլորս խուռներամ ներկայ ըլլանք այս վեհ եւ պատուական գործին: Իւրաքանչիւր չափահաս քանի մը պատանիներու ձեռքէն բռնած, այդ օր իրենց զաւակները բերեն Dolby սրահ, եւ մեր զաւակներուն փոքր տարիքէն իրենց կեանքը իմաստաւորենք, որպէսզի երբ մեծնան, իրենք ալ հպարտօրէն ըսեն. “Ես սուրիահայութեան օգնած եմ”, “Ես Հայաստան Հիմնադրամ”ի, կամ “Երկրաշարժի օգնած եմ”, “Ես Ապրիլ 24-ի քայլարշաւներուն մասնակցած եմ”:
Յունիս 9-ին, բոլորս՝ դէպի Dolby սրահ:
Խաչիկ Ճանոյեան
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնի Գործադիր Վարչութեան Անդամ
***
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնի անդամները հետեւեալներն են.- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆու Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆու Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: Համացանցային հասցէն է՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org :