ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, իր Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով, Հայաստանի կառավարութեան պիտի յատկացնէ յաւելեալ 10,7 միլիոն տոլար գումար մը, որուն առնչուող համաձայնագիրի ստորագրման որոշումին նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան 5 Ապրիլի նիստի օրակարգին մէջ: Յատկացումները պիտի կատարուին մասնաւոր հատուածի զարգացման, ելեւմտական ոլորտի օժանդակութեան եւ ենթակառոյցներու ծրագրային ոլորտներու առնչուող ծրագիրներուն համար։ Անկէ պիտի օգտուին նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտները: «ՀՀ եւ ԱՄՆ կառավարութիւնների միջեւ աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի շուրջ օժանդակութեան մասին» կոչուած սոյն համաձայնագիրով, ամերիկեան կողմէն տրամադրուող յատկացումներուն ընդհանուր գումարը ներկայիս կը հասնի 62,6 միլիոն տոլարի: