Սօսի Հաճեան
Հինէն իվեր մարդկային ընկերութեան գլխաւոր հարցերէն մէկը եղած է, չըսելու համար կարեւորագոյնը՝ կեանքի ընկեր գտնելը:
Արդէն մեր գոյութեան հիմնական առանցքը կը կազմեն երկու բան.
-Զոյգը եւ գործը, իմա՛ ապրուստը: Եւ կեանքի ամբողջ պայքարը կը կայանայ այդ երկու պահանջքները գոհացնելու մէջ: Միւսները երկրորդական կամ երրորդական կրնան թուիլ:
Ներկայիս՝ մանաւանդ արեւմուտքի մէջ, ուր ազատութիւնը կը շփոթուի սանձարձակութեան հետ, զոյգերու կեանքը դարձած է անկայուն, ամէն բանի պէս. բարեկամութեան, սիրոյ, գործի, միջավայրի. յարատեւ փոփոխութիւն. «Հեղուկ ընկերութիւն» է մերը, ըստ Ցիկմունտ Պաումանի: Ամէն ինչ կը հոսի չի մնար, չի տոկար:
Երբեմն կը խուսափիմ « ամոլ» բառը գործածելէ, որովհետեւ գոնէ արեւմտեան կողմն աշխարհի «զոյգ» բառն է, որ օրինաւոր կերպով գրաւած է աւանդական «ամոլ»ին աթոռը:Գրաւոր թէ բերանացի, պաշտօնական թէ անպաշտօն արտայայտութիւնները նախապատուութիւն կու տան «զոյգ»բառի գործածութեան:
Եւ հիմա, որ մի քանի տասնամեակ է ի վեր հաստատուած ենք արեւմուտք, աչքիս առջեւ կը ներկայանան մանկութեանս օրերէն պատառիկներ, Արեւելքի խայտաբղէտ պատկերներուն ընդմէջէն եւ զանոնք կը բաղդատեմ ներկային հետ:
Որքան աւելի ճամբայ կտրէ մարդ կեանքի մէջ, այնքան աւելի կը յստականան, կը պայծառանան, կ’անուշնան անցեալի դէպքերը, դէմքերը, վայրերը:
Եւ կարօտը արուեստագէտի հովեր առած՝ վարպետ նկարիչի մը նման, վրձինի մի քանի հարուածով զանոնք կը գեղեցկացնէ, փայլ կու տայ, կը զարդարէ:
Այսպէս է օրինակ, երբ կը յիշեմ Զաքար «ամմոն», մեր բակի դրացին, որ իր կնոջ՝ Նուարդ մօրքուրին հետ, մեր տան դիմացի փոքր սենեակին մէջ կ’ապրէին: Զաւակ չունէին եւ ասիկա շատ մեծ ցաւ կը պատճառէր իրենց, մանաւանդ ամուսինին, որ երբեմն իրիկունները գինով՝ պատերուն զարնուելով, իյնալով ելլելով կը հասնէր տուն: Խառնուածքով արդէն ջղային, որեւէ պատրուակ կը փնտռէր կնոջ հետ կռիւ ստեղծելու համար:
Ես հազիւ հինգ վեց տարեկան էի այն ատեն. ականջներս կը սրէի, միաժամանակ սիրտս կը սկսէր տրոփել, կը վախնայի, երբ կը լսէի, որ Զաքար ամմոն հայհոյելով, ոտքերը քաշկռտելով բակ կը մտնէր:
Եւ իրօք՝ քիչ յետոյ աղմուկը կը բարձրանար, կը վերածուէր պոռչտուքի, վայնասունի. կռիւը կը սկսէր-կինը կը պոռար, կու լար, կը պաղատէր ամուսինին, որ չզարնէ իրեն այլեւս. բայց անօգուտ:
Դրացիները կը վազէին օգնութեան, զիրենք բաժնելու, հանդարտեցնելու գինով ամուսինը. երբեմն ծնողքս ալ հաշտարար միջնորդի դեր կը կատարէր:
Սուրճ կ’եփէին, կը խօսէին հին օրերէն եւ կամաց կամաց ալեկոծ ծովը կը հանդարտէր: Ամուսինը կ’անդրադառնար իր սխալին, աչքերը կը լեցուէին . մէկը «տէրտլի» երգ մը կ’երգէր թրքերէնով (բոլորն ալ կիլիկեցի էին) ուրիշ մը կ’անիծէր իր բախտը.
-Ա՜խ ֆէլէք աչքերդ քէօրնան, ուրտեղերը բերիր մեզի- կ’ըսէր արցունքները սրբելով:
Ապա դրացիները մէկ մէկ իրենց տուները կ’երթային եւ ամէն բան կը վերադառնար իր բնականոն վիճակին:
Անշուշտ այս կատակերգակ -ողբերգութիւնը պարբերաբար կը կրկնուէր հերթով.մեր բակի դրացիներու ֆոլքլորին մաս կը կազմէր. ամէն Ուրբաթ «մուճճատարա» ուտելուն պէս:
(Սոխարածին եւ վարունգի «թուրշիին» համը եւ հոտը կ’առնեմ հիմա:)
Ես որքան ապահով եւ պաշտպանուած կը զգայի մամայիս եւ պապայիս հետ. անոնք շատ քիչ անգամ կը վիճաբանէին իրարու հետ:
Հայրս ինքնամփոփ, սակաւախօս եւ հանդարտաբարոյ մարդ մըն էր.երբեմն մայրս կը դժգոհէր, կամ կը գանգատէր բանէ մը եւ կը սպասէր, որ հայրս ալ հակադարձէ կամ ժխտէ ըսածը. բայց հայրս մօրս դէմքին վրայ կարդալով անոր կռուելու ախորժակը, տեղի չէր տար , չէր պատասխաներ: Հետեւաբար ոչ մէկ փոթորիկ չէր խախտեր մեր տան խաղաղ մթնոլորտը:
«Երանի ես ալ ասանկ բարի ամուսին մը ունենամ» կը մտածէի այն ատեն : Բարեբախտաբար Աստուած ձայնս լսեց:
Տարիներ յետոյ ճակատագրի քամին մեր նաւը քշեց եւ մեզ բերաւ մինչեւ Արժանթին:
Ես մեր արեւելեան սովորութեան համաձայն, փորձեցի բարի դրացնութեան կապեր հաստատել մեր յարկին վրայ բնակող ընտանիքներուն հետ. բայց շուտով հիասթափուեցայ:
Շատ ազնիւ եւ բարի մարդիկ էին, բայց բոլորը այր ու կին կ’աշխատէին, յետոյ տեղացի էին եւ ես իրենց լեզուն շատ չէի հասկնար, ճարահատ տուն կը դառնայի գլխիկոր:
Երրորդ՝ մեր Հալէպի «ճանտան» դրացիները ու՞ր գտնես, որ նեղ վայրկեաններուն անմիջապէս քովդ են, կու գան հետդ « տոլմա» փորելու, «սարմա» փաթթելու, միասին սուրճ խմելու, աս ան բամբասելու եւ «ֆլճանին նայելու»:
Երբ տարիներ առաջ ամուսինիս հետ վերադարձայ մեր սիրելի Հալէպը, տեսայ, որ դրացիներու այցելութեան այդ աղուոր սովորութիւնը պահուած է տակաւին :
Բայց այսքան տարի յետոյ, ես եւս փոխուած եմ: Մեր դրացիներուն հազիւ բարեւ մը կու տամ, կ’անցնիմ: Ընկերութիւնը եւ կեանքի պայմանները իմ վրաս ալ մեծապէս ազդած են, նոր կաղապարի մէջ դրած:
Ճամբայ ելած էի զոյգերու մասին խօսելու եւ հասայ դրացիներու գովաբանութեան: Յայտնի է, որ կարօտը գլուխը կը բարձրացնէ երբեմն:
Բայց վերջացնելէ առաջ, վերադառանալով «զոյգերու» պատմութեան, մեր մօտ այնքան ընդհանրացած երեւոյթ է, (վստահաբար բոլոր արեւմտեան երկիրներուն մէջ), որ երբ երկու երիտասարդներ զիրար սիրեն, կ’որոշեն միասին ապրիլ . անշուշտ եթէ նիւթապէս ի վիճակի են. այսպէս կարճ եւ կտրուկ. առանց ասոր անոր բացատրութիւն կամ հաշիւ տալու: Երբեմն ամուսնանալու հարկադրուած չեն զգար. «աւելորդ» ձեւակերպութեանց պէտք չկայ: Եւ ընկերութիւնը որ ազատամիտ է , թոյլատու, չի գայթակղիր նման երեւոյթներէ:
Այս գոյակցութիւնը կրնայ երկար տարիներ տեւել, կամ կարճատեւ կեանք մը ունենալ. այդ պարագային ամէն մէկը իր պայուսակը կ’առնէ եւ հրաժեշտ կու տայ միւսին:
-Մեր սէրը վերջացաւ այլեւս,(կարծես ապրանք ըլլար)- կը յայտարարեն.- ես իմ կեանքս ուրիշ տեղ պիտի շարունակեմ: Բարեբախտաբար ամուսնացողները,որոնք ընտանիքը կը նկատեն ընկերութեան հիմնական կառոյցը եւ կը հետեւին աւանդական մտայնութեան, մեծ տոկոս կը կազմեն տակաւին : Սակայն ասոնց զուգահեռ, նոյնքան ալ ամուսնալուծումներ կան, որոնք կորսնցուցած են այլեւս իրենց ձգած նախկին ժխտական ազդեցութիւնը մարդոց վրայ: Շատ սովորական, ընդունուած եւ ընդհանրացած երեւոյթ մը դարձած է այլեւս: Զաւակները անգամ, նախորդ սերունդներուն նման չեն տառապիր. աւելի պարզութեամբ կ’առնեն իրենց ծնողներուն բաժանումը: Հոգեկան բարդութիւններ յառաջանալու պարագային ալ, ողջ մնայ հոգեբանը:
Եւ հիմա փառք համացանցի ընծայած բարիքներուն, ամուսնալուծուած կամ բաժնուած զոյգերը, իրենց նախկին կնոջմէն կամ ամուսինէն վրէժ լուծելու համար, դիմատետրի էջերուն վրայ կը թափեն իրենց մէջ կուտակուած թոյնը. նաեւ նախկինին նախանձը գրգռելու համար, նոր թեկնածու մը գտած ըլլալը կ’աւետեն եւ անոր նկարը կը տեղադրեն ընկերային ցանցերուն մէջ:
Տեղին է ըսել «ի՜նչ դարք, ի՜նչ բարք»:
Է՜հ հատուկէնտ տեղեր ալ կան աշխարհի վրայ, ուր տակաւին ընտանեկան սրբութիւնը կրցած է զերծ մնալ իրեն գոյութեան սպառնացող՝ զինեալ թշնամի ուժերէ: