ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Առաջին անգամ Զաւէն Խտըշեանը տեսած եմ 1952 թուականին, «Աքատեմի Լիպանէզ տէ պօ զ՛Ար»-ի մէջ: Նոր արձանագրուած էի այդ օր եւ քարտուղարին բացատրութեան հետեւելով, կ՛երթայի առաջին յարկի մերկի արուեստանոցը` գծելու համար: Միջանցքը բաւական երկար էր ու աջիս կային սենեակներ` ոմանց դուռը բաց, ուրիշներունը` փակ: Կը յառաջանայի դանդաղօրէն, երբ յանկարծ նշմարեցի Զաւէն Խտըշեանը սենեակի մը մէջ, կռնակը դարձած դրան, կ՛աշխատէր կիսանդրիի մը վրայ: Իր մասին լսած էի ու իր նկարը տեսած թերթի մը մէջ: Տեսած էի նաեւ իր քանի մը քանդակները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Գարնանային սալոն»-ին մէջ: Այդ շրջանին Զաւէն միակ արձանագործն էր հայկական իրականութեան մէջ: Կեցայ պահ մը ու հիացական դիտեցի իր աշխատանքի եղանակը: Հազիւ քսան տարեկան ըլլալու էր, երկար մազերը ետեւ սանտրած, իսկական արուեստագէտի տեսքով, վերացած կ՛աշխատէր լռութեան մէջ:
Մենք կ՛աշխատէինք Ֆեռնանտօ Մանեթթի հետ, փենթիւրի արուեստանոցը, Զաւէն կ՛աշխատէր արձանագործութեան բաժինին մէջ, ուր յաջորդ տարի սկսաւ աշխատիլ նաեւ Եւգինէ Եփրեմեանը:
* * *
Երկրորդ հանդիպումս Զաւէնին հետ տեղի ունեցաւ 1956-ի փետուար ամսուն, Փարիզ, Սիթէի հիւանդանոցին մէջ, երբ այցելութեան եկած էր ինծի` Տիգրան Տատրեանի հետ: Ծանօթացանք իրարու եւ դարձանք մտերիմ բարեկամներ:
Հիւանդանոցէն ելլելէ ետք սկսայ յաճախել «Պօ զ՛Ար»: Ամէն կէսօր կը ճաշէի համալսարանին ճաշարանը. օր մը հանդիպեցայ Զաւէնին` ճաշ առնելու համար շարք կազմած ուսանողներու խումբին մէջ: Միասին ճաշելէ ետք գացինք «Քաֆէ Պոնափարթ», ուր հաւաքուած էին «Պօ զ՛Ար»-ի հայ տղաքը` Տիգրան, Արամ Ծալեան, Տրդատ Արթօ: Տատրեան կը պատմէր իր նոր արկածախնդրութիւնը Ֆրանսուազին հետ…:
Բաւական ետք Զաւէնն ու ես ոտքի ելանք մեկնելու համար, ես` դէպի Սիթէ, Զաւէն` դէպի «Պօզ՛ար»: Ժամադրուեցանք յաջորդ օրուան համար, որ շաբաթ էր:
Զաւէն կը բնակէր պանթէոնին ետեւը` Օթէլ Լոմոնի մէջ, Լոմոն փողոցի վրայ: Ժամը 3:00-ին հասայ իր մօտ. սենեակի պատերուն կային քանի մը գծագրութիւններ իրմէ, եւ Միքելանճէլոյի այն ճեպանկարը, որ կը ներկայացնէ «Վերջին դատաստան»-ին Աստուծոյ ձեռքը, Վատիկանի մէջ: Կային բազմաթիւ գիրքեր իր գրադարանի դարաններուն վրայ` Մայոլի, Ռոտէնի եւ եգիպտական արուեստի մասին: Ուշադրութիւնս գրաւեց նաեւ Պետրոս Դուրեանին մէկ գրքոյկը` տպուած Վենետիկի մէջ, որուն նմանը ունէի Պէյրութի մէջ:
Մեր խօսակցութիւնը եղաւ ընթացիկ նիւթերու, արուեստի ու բանաստեղծութեան մասին, ապա Զաւէն ըսաւ. «Հիմա պիտի լսենք դասական երաժշտութիւն, ամէնէն վերջն ալ պիտի լսես կտոր մը, որ վստահ եմ, քեզի անծանօթ է»:
Զաւէն ունէր ընտրուած դասական ձայնապնակներ: Լսեցինք Վիվալտիի «Չորս եղանակներ»-ը, Պախի Պրանտպուրժուայէն մասեր ու հասանք Պեթհովէնի 5-րդ եւ 9-րդ համանուագներուն:
«Հիմա պիտի լսենք գլուխ գործոցը», ըսաւ Զաւէն. Ալպիոնիի «Ատաճիօ»-ն էր մշակուած ժամանակակից իտալացի երաժիշտի մը կողմէ:
Իրապէս ալ «Ատաճիօ»-ն առաջին անգամ ըլլալով կը լսէի: Աստուածային այս կտորը յիշեցուց ինծի Յիսուսի Գողգոթայ բարձրանալը` խաչը ուսին, իյնալով ու ելլելով…: Անկէ ի վեր, ամէն անգամ որ կը լսեմ այդ կտորը, կը յիշեմ Զաւէնն ու փարիզեան մեր օրերը…:
* * *
Փարիզի մեր հանդիպումներուն ընթացքին օր մը Զաւէն արտայայտեց իր երազը. «Կ՛ուզեմ մեծ չափի Արամազդ մը քանդակել Երեւանի գլխաւոր հրապարակին վրայ: Երկրորդ մը կերտել` նուիրուած Անահիտին, ապա հայկական պանթէոնի մնացեալ աստուածներուն արձանները: Բայց, առաջին հերթին` Արամազդն ու Անահիտը…»:
Փարիզէն վերադարձին, արդէն կազմուած արձանագործ, զինուած Եւրոպայի ազատ մտածողութեամբ, Զաւէն դասախօսութիւն մը տուաւ Համազգայինի սրահին մէջ` խորհրդահայ արուեստին մասին: Գլխաւոր միտքը այն էր, թէ առանց կատարեալ ազատութեան, կարելի չէր արուեստի գործ ստեղծել. պարտադրուած, կաշկանդուած գործերը չեն դիմանար ժամանակի քննութեան:
Խորհրդային Հայաստանի համակիրները չէին ընդունած Զաւէնին համարձակ կարծիքները: Խորքին մէջ Զաւէն նպատակ չունէր հարուած հասցնել հայրենի արուեստագէտներուն, ընդհակառակն, կ՛ուզէր օգնել անոնց: Կը կարծէր, թէ իր դասախօութիւնը կրնար բան մը փոխել Խորհրդային Հայաստանի մէջ, սակայն արդիւնքը եղաւ բոլորովին հակառակը: Ձախակողմեան զանգուածը քաղաքական հակադրութեան վերագրեց Զաւէնի միտքերը:
Անտեղեակ այս բոլորէն, 70-ական թուականներուն, երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի, հարցազրոյց մը ունեցայ Երեւանի ռատիոյէն, լիբանանահայ արուեստագէտներու մասին, ուր յիշած էի, այլոց կարգին, Զաւէնին անունը: Զարմանքով նկատեցի, որ իր անունը ջնջած էին…: Այլ առիթներով ալ նոյնը պատահեցաւ…: Հետագային պիտի իմանայի միայն իր դասախօսութեան մասին…:
* * *
Ընկերական շրջանակի մէջ Զաւէն հրաշալի պատմող մըն է Փօլի, Թորոսի, Նորիկեանի եւ իմ մասիս: Երբեմն ժամերով զինք մտիկ ըրած ենք տոքթ. Պալթայեանենց տունը…: Զաւէն նոյնքան օժտուած է պատմելու շնորհքով, որքան արձանագործի տաղանդով: Օր մը տոքթ. Պալթայեան ըսաւ. «Առաջ կը կարծէի, թէ Զաւէն նոյն պատմութիւնները ամէն անգամ տարբեր ձեւով կը պատմէ, սակայն յետոյ, երբ ուշադրութիւն ըրի, տեսայ, թէ նոր ձեւով, նոյն բառերով կը պատմէր»:
Բազմաթիւ անգամներ մտածած ենք ժապաւէնի առնել գաղտնաբար Զաւէնի դասական դարձած պատմութիւնները, սակայն չենք արձանագրած…:
Զաւէն նաեւ խոր սէր ունի երաժշտութեան եւ հայ բանաստեղծութեան հանդէպ: Երբեմն հետը կը խօսինք Դուրեանի, Մեծարենցի մասին, ընթրիքէն ետք: «Մտիկ ըրէ, Յարութիւն, ի՜նչ հրաշալի տող է».
«Տո՛ւր ինծի, տէ՛ր ուրախութիւնն անանձնական.
Ու չըլլայ որ ծափիս ձայնին երգը` գուժկան
եսիս սենեակն ունենայ
ցո՛ւրտ առանձնարան»:
Իսկ Պետրոս Դուրեանէն կ՛արտասանէ հետեւեալ տողերը.
«Ի զուր ծաղկունք փթիթներ դառնան
միշտ խնկարկեցին խոկմանս խորան»:
Եւ կամ հետեւեալ տողերը` «Թրքուհին» քերթուածէն.
«Աչքերուն բոցը երբ մարի,
Դադրի տրոփը սրտին,
Ո՜հ, այն ատեն հարկ է, որ
Անզօր շրթները խօսին…»:
* * *
Տարբեր էր ան ամէն ինչով,
անմոռաց պիտի մնայ` իր մեծ աշխատանքով` համայն հայութեան աւանդ ու ժառանգութիւն իբրեւ: