«Լեւոն Շառոյեան մամուլի մէջ հրատարակած էր ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը լիբանանահայ ողբացեալ գրագէտ ու խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանի մասին, անոր մահուան 30ամեակին առթիւ։ Այդ հիւթեղ ուսումնասիրութիւնը յափշտակութեամբ կարդացուած էր գրասէրներու կողմէ, որովհետեւ Սիմոն Սիմոնեան շատ սիրուած ու ծանօթ դէմք մըն էր Սուրիա-Լիբանանի մտաւորական ու հանրային շրջանակներուն մէջ, զանազան վարժարաններէ ներս վարած էր ուսուցիչի պաշտօն, խմբագրած էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» ամսագիրը, պատրաստած էր հայոց պատմութեան հրաշալի դասագիրքեր, յետոյ ալ՝ լրիւ 17 տարի ձեռնհասօրէն հրատարակած էր իր սեփական «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, վայելելով լայն ժողովրդականութիւն», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։
Շառոյեանի ուսումնասիրութիւնը գրքոյկի ձեւով լոյս ընծայուած էր Երեւանի մէջ ու տարածում գտած՝ հայրենի գրական շրջանակներուն մէջ եւս ¤«Էդիտ Պրինտ» հրատարակչութիւն, 68 էջ, 2016)։
«Այժմ, ամերիկահայ անգլիատառ մամուլէն հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ Շառոյեանի վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը վերջերս թարգմանուեր է նաեւ անգլերէնի ու հրատարակուեր՝ մատչելի դառնալու համար անգլիախօս հայ թէ օտար զանգուածներուն», կը տեղեկացնէ «Մարմարա»ն։
Թարգմանութիւնը կատարած է ամերիկաբնակ Վահէ Աբէլեան։ Ձեռնարկը նիւթապէս հովանաւորած են Սիմոն Սիմոնեանի զաւակները։
Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Արմինիըն Միրըր-Սփէքթէյթըր» շաբաթաթերթին մէջ ¤20 Յունուար 2018), ծանօթ լրագրող Արամ Արքուն լայնօրէն անդրադարձած է Սիմոնեանին ձօնուած անգլերէն մենագրութեան։ Ան նկատել տուած է, թէ ասիկա առաջին փորձ մըն է, որով Սիմոնեանի վաստակն ու արժէքը կը պատմուի անգլերէնով։