ՀՀ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ուսումնարանի «Տրդատ» սրահին մէջ «Քարերու Պոէզիա. Անի» խորագիրով ցուցահանդէսը:
Քաղաքաշինութեան կոմիտէէն նշած են, որ այն կը բացուի յուլիս 11-ին՝ ժամը 17:00-ին: Ցուցահանդէսին կը ներկայացուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խումբ մը փորձագէտներու ջանքերուն շնորհիւ հաւաքագրուած, 2016-ին UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկուած, Անի քաղաքի շրջակայքի ճարտարապետական ժառանգութիւնը։
Ցուցահանդէսը կը գործէ Կառավարական շէնք N 3 հասցէին մէջ, մուտքը՝ Հանրապետութեան փողոցի կողմէն:
Մուտքն ազատ է:
Ցուցահանդէսը կ՝իրականացուի «Անատոլու քիւլթուր»-ի, Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի եւ Նորուէկիոյ մշակութային ժառանգութեան հետազօտութիւններու ուսումնարանի (NIKU) համագործակցութեամբ: