ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Խորհրդարանի արտակարգ նիստին քննարկուեցաւ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վիկտոր Ենգիբարեանի եւ Նիկոլա Բաղդասարեանի ներկայացուցած «Պետական պաշտօններ եւ պետական ծառայութեան պաշտօններ զբաղեցնող անձանց վարձատրութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծը, որմով կ՛առաջարկուի հնգապատկել պատգամաւորական ծախսերուն համար յատկացուող ամսական գումարը` 50 հազար դրամէն դարձնելով 250 հազար դրամ:
Տեղեկացնենք, որ ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները նիստին ներկայ չէին: Նախագիծը դրուեցաւ քուէարկութեան եւ առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ 74 թեր ձայներով:
Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ պատճառաբանուեցաւ, թէ 50 հազար դրամով կարելի չէ այս կամ այն ծախսը կատարել։ «Իսկ թոշակառուն կարողանո՞ւմ է ապրել 30 հազար դրամով, ուսուցիչները կարողանո՞ւմ են իրենց ամէնօրեայ կեանքն ապահովել այն աշխատավարձով, որ այժմ ստանում են: Ի հարկէ չեն կարողանում: Այն պարագայում, երբ ունենք չկահաւորուած սահմաններ, բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ, ի՞նչ է նշանակում մտածել, որ կարելի է եւս 200 հազար դրամով աւելացնել պատգամաւորների ծախսերը», դիտել տուաւ Գրիգորեան։