Անգլիոյ Փըրըմիէր Լիկ- ի Պրենթֆորտ խումբի մարզիչ Թոմաս Ֆրանք պահանջեց քորոնա ժահրին պատճառով ջնջել շաբաթավերջի բոլոր մրցումները: Ան դիտել տուաւ, որ երկրին բոլոր ակումբները կը տառապին քորոնա ժահրին հետեւանքներէն: Ֆրանք յայտնեց,թէ քանի մը օր դադարը պիտի նպաստէ փրկելու ախոյեանութեան տարեշրջանը:
Պաշտօնական տուեալներով, Փըրըմիէր Լիկ- ի ութսուն ֆութպոլիստներու մօտ արձանագրուած է պսակաւոր ժահրի դէպք:
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը արդէն իսկ ջնջած է կարգ մը մրցումներ: