Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Իտալացի պատգամաւորներ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը

March 24, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Իտալացի պատգամաւորներ կը դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Պարտաւոր էինք աջակցիլ 10 Մարտին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» բանաձեւին. անտարբեր մնալը «անընդունելի պատասխանատուութեան բաժնեկցութիւն» պիտի ըլլար: Այս կարծիքը արտայայտեցին իտալացի պատգամաւորներ՝ «5 Աստղ» շարժման ներկայացուցիչ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ եւ «Լեկա» կուսակցութեան անդամ Սուզաննա Չեքարտի, որոնք պաշտպանած էին բանաձեւը:

Ըստ «Ակնեցիա Նովա» (Agenzia Nova) գործակալութեան` Քասթալտo նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն բռնի ուժով արմատախիլ ընել բնիկ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը»:

«Յուշարձաններ, միջնադարեան վանքեր, եկեղեցիներ, դամբարաններ. յարգանք չկայ թէ՛ ողջերուն եւ թէ մեռածներուն նկատմամբ: Անցեալը ջնջելով` Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն արդարացնել տարածաշրջանին համար իրենց մտածած ապագան, սակայն մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդ տեղի ունենայ: Եւրոպայի խորհրդարանը պէտք է յստակ ըլլայ եւ խնդրէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն՝ անյապաղ վերջ դնելու այս բարբարոսական վանտալիզմին եւ սկսիլ տարածաշրջանին մէջ կառուցողական եւ ներառական երկխօսութեան», յայտնեց Մասիմօ:

Ան նշեց, որ իրենք կ՛աջակցին ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութեան` դատապարտելով այդ առաքելութիւնը խոչընդոտելու՝ Պաքուի գործողութիւնները:

«Պատմութիւնը կարելի չէ վերաշարադրել ծաւալապաշտական նկրտումները արդարացնելու համար: Պարտաւոր էինք աջակցիլ այս բանաձեւին, որ ընդունուեցաւ ճնշող մեծամասնութեամբ եւ անիկա մեծ կարեւորութիւն ունի», եզրափակեց Մասիմօ:

Սուսաննա Չեքարտի նշեց, որ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան` եկեղեցիներուն, թանգարաններուն, նաեւ գերեզմանատուներուն հասցուած վնասը նպատակ ունի ջնջել ամբողջ ժողովուրդի մը դարաւոր յիշողութիւնը: Ան շեշտեց, որ անթոյլատրելի է համակերպիլ  այս տարողութեան մշակութային ցեղասպանութեան: «Հայկական մշակոյթը արդէն անցեալ տարիներուն ենթարկուեցաւ իր պատմութեան հատուածներու համակարգուած ջնջումին, ինչպէս 2005 թուականին, երբ Նախիջեւանի Ջուղայի գերեզմանատունը մուրճով աւերուեցաւ. միջնադարեան տուֆի վրայ նրբօրէն փորագրուած հազարաւոր խաչքարեր մէկընդմիշտ վերացուեցան: ԵՈՒՆԵՍՔՕն պարտաւոր է, ինչպէս նշուած է մեր որդեգրած բանաձեւին մէջ, այցելել տարածաշրջանը, գոյքագրել եւ պահպանել ժառանգութիւնը: Անտարբերութիւնը անընդունելի մեղսակցութիւն է», ըսաւ Չեքարտի

Previous Post

Հայաստանի՝ Արցախի կազամատակարարկման վերաբերող յայտարարութիւնը Պաքուն իր ներքին գործերուն միջամտութիւն կը նկատէ

Next Post

Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախը «հայկական անօրինական զինեալ խմբաւորումներ»ը հեռացնել

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.