ՊԱՔՈՒ, «Էյ․Փի․Էյ․»․- Ատրպէյճանի սպայակոյտի պետ Քերիմ Վելիեւ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ ցամաքային զօրքերու խաղաղապահ գործունէութեան գծով ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ, զօրավար Ալեքսէյ Քիմի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, կը հաղորդէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ ստորագրուած յայտարարութեան կէտերուն իրականացումը, ինչպէս նաեւ կացութիւնը Ատրպէյճանի տարածքին մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ: Կողմերը միտքերու հանգամանալից փոխանակում կատարեցին Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական անօրինական զինեալ խմբաւորումներու հեռացման եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: