ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՄԱՄԼՈՅ ԽՕՍՆԱԿԸ ՀԵՐՔԵՑ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵԼՈՒ ԼՈՒՐԵՐԸ
ՍՏԱՅՕԴ ԼՈՒՐԵՐ ՏԱՐԱԾՈՂՆԵՐԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ
Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է, թէ Արցախի սահմանագիծի ամբողջ երկարութեամբ տարբեր յաճախականութեամբ դիրքային հրաձգութիւն տեղի կ’ունենայ այս պահուն: « Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել իրավիճակը». գրած է Ստեփանեան: Ան նաեւ կը նշէ,թէ թշնամին երեկոյեան ժամը 8.30-ին սկսած է ռմբակոծել Ստեփանակերտը:
Հայաստանի հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հետամուտ պիտի դառնայ ստայօդ լուրեր տարածողներու, հասարակութիւնը պառակտող եւ խուճապ սերմանող սադրիչներու հանդէպ եւ օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկէ այդպիսիները:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան կտրականապէս հերքեց ազերիական ապատեղեկատուութիւնը թէ՝ Արցախի նախագահը վիրաւորուած է: «Սա ապատեղեկատուութիւն է: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը մեկնած է սահմանագիծ՝ «իր բաժնի կռիւը տալու». ըսաւ Պօղոսեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յոհվաննիսեան մամլոյ ասուլիս մը կնքեց եւ յայտնեց, թէ 3 հոկտեմբերի, ժամը 21.00-ի դրութեամբ՝ հայկական կողմը արցախա-ազրպէյճանական ճակատին վրայ ոչնչացուցած է 440-450 ազերի զինծառայող եւ ոչ զինծառայող՝ ահաբեկիչ:
« Հակառակորդը նաեւ ունի 800-900 վիրաւոր, բախումներու ընթացքին կորսնցուցած է 45 զրահապատ, 8-9 հրասայլ, 3 ինքնաթիռ, 10 անօդաչու թռչող սարք, 3 smerch». ըսաւ ան:
Յովհաննիսեան նաեւ դիտել տուաւ, թէ թշնամիին մարդկային կորուստները ընդհանուր առմամբ կը հաշուեն 2300, 110 միաւոր անօդաչու թռչող սարք, 375-385 միաւոր զրահապատ, հրասայլ, փոխադրակառք:
Յարութիւնեան ըսաւ, թէ հայկական բանակը ուշադրութեամբ կը դիտարկէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ թշնամինն բոլոր զօրաշարժերը:
« Արմենփրես»ի թղթակիցը հաղորդեց, թէ թշնամին կրկին կը հարուածէՍտեփանակերտը: Մայրաքաղաքի բնակիչները տեղաոխուած են թաքստոցներ: