ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայ զինծառայողները պիտի չմեկնին Վրաստան` մասնակցելու ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններուն: Տեղեկութիւնը «Սփիւթնիք Արմէնիա»ին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Տասներորդ «Agile Spirit 2021» բազմազգեան զօրավարժութիւնները, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի հովանիին տակ տեղի պիտի ունենան 26 Յուլիսէն 6 Օգոստոս։
Յիշեցնենք, որ նախապէս Հայաստան բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է Վրաստանի տարածքին մէջ ՆԱԹՕի կազմակերպած ռազմական վարժանքներուն: Սակայն վերջին տարիներուն այդ դրութիւնը փաստօրէն չի գործեր:
Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու եւրոպական հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ բացի Վրաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին ՆԱԹՕի 13 երկիրներու եւ դաշինքի գործընկեր պետութիւններու զինուորներ, որոնց կարգին՝ Գերմանիա, Բրիտանիա, Էսթոնիա, Լաթվիա, Լիթուանիա, Լեհաստան, Թուրքիա, Ուքրանիա եւ Ատրպէյճան: