ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիա պատրաստ է ողջունելու Արցախի հարցին շուրջ բանակցութիւններուն՝ Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն միջնորդական ջանքերը, եթէ անոնք նպաստեն կայունութեան եւ համաձայնութիւններու իրագործման, 21 Յուլիսին յայտնեց Քրեմլինի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ մեկնաբանելով Եւրոպական Միութենէն հնչած յայտարարութիւնները` բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափին մասնակցելու մտադրութիւններուն մասին:
Ան նաեւ «ոչ վատ» գնահատական տուաւ Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու ներկայ աշխատանքին։
Փեսքով նաեւ յիշեցուց, որ Արցախի գծով եռակողմանի համաձայնութիւնը կարելի եղաւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերուն շնորհիւ՝ աւելցնելով, որ նախագահը շարունակական կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ: