Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ 1894-1896-Ի  ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ

June 29, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ 1894-1896-Ի  ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ–   ՊԱՅՔԱՐ 181

Եթէ   հետեւինք   հայ   ժողովուրդի  19-րդ դարու պատմութեան  ընթացքին,  Հայկական  հարցը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ  արեւելեան  Թուրքիոյ  հայաբնակ    նահանգներուն  մէջ բարեկարգութիւններու   պահանջը:   Փաստօրէն,  հիմնուելով Պերլինի  խորհրդաժողովի  61-րդ  յօդուածին վրայ, Արեւմտահայաստանի  հայութիւնը  պարզապէս  կեանքի, ունեցուածքի, պատիւի ապահովութիւն  կը պահանջէր:  Կը  պահանջէր, որ   թուրքը եւ քիւրտը  չյափշտակեն ճակտի  քրտինքով  ձեռք բերած  օրապահիկը:

Սակայն  արեւմտահայութիւնը  չէր անդրադառնար, որ 1877-1878 թուականներու  ռուս-թրքական  պատերազմէն ետք Հայկական հարցը  դադրած էր  Օսմանեան կայսրութեան   ներքին թղթածրարը  ըլլալու  իրողութենէն: Հայկական հարցը Օսմանեան Թուրքիոյ վրայ տնտեսական, քաղաքական  ճնշում բանեցնելու   միջոց դարձած էր  եւրոպական պետութիւններուն ձեռքը:

Միւս  կողմէ, քաջ  գիտնալով  որոշումի տէր մայրաքաղաքներուն միջեւ տիրող  տարակարծութիւնները,  Ապտիւլ Համիտ Բ. սուլթանը   ոչ միայն  մտադիր չէր  գործադրելու  Արեւմտահայաստանի  համար խոստացած  բարեկարգութիւնները, այլեւ առաւել կը  խստացնէր ճնշումներն ու   կոտորածները:

Օսմանեան  իշխանութիւնները  Պերլինի խորհրդաժողովին  յաջորդող  տարիներուն աւելի  ծանրացուցին արեւմտահայութեան  ընկերային, տնտեսական պայմանները:

1890-ականներուն սկիզբը  սուլթան Ապտիւլ  Համիտ  տեղական իշխանութիւններուն   հաղորդեց  հայերը եւ  մնացեալ քրիստոնեաները կոտորելու  իր ծրագիրը:   Համիտեան   բռնատիրութիւնը բոլորէն առաջ   որոշեց  հաշուեյարդարի ենթարկել ազատագրական  շարժումի կարեւոր կեդրոններէն  մէկը՝ Սասունը:  Անոր նպատակն էր   ջնջել Սասունի մէջ տիրող կիսանկախ  վիճակը:

Սասունը    19-րդ  դարուն դարձած էր  ազգային ազատագրական  շարժումի կեդրոնը:  Սասունցիները 1891, 1892, 1893-ին,  քանի  մը անգամ   ետ մղած էին բոլոր  յարձակումները :  Շնորհիւ այդ յաղթանակներուն Սասունը յաջողած էր  պահպանել  կիսանկախ  իրավիճակ:

Սասունը ունէր ազատագրական պայքարի հարուստ աւանդութիւններ:  Հնչակեան  գործիչները առաջինն էին, որ գործնական աշխատանք կատարեցին Սասունը կազմակերպելու  ուղղութեամբ: 1891-ին Միհրան Տամատեան  հաստատուեցաւ Սասուն եւ լեռնականներուն քարոզեց Հայաստանի ազատագրութեան  գաղափարը:

1893-ի ամռանը  Պիթլիսի կուսակալ Թահսին  փաշան  սասունցիներուն  ներկայացուց  քանի մը պայմաններ.

– յանձնել յեղափոխականները, դուրսէն եկած գործիչները  եւ անոնց համակիրները,

– յանձնել  զէնքերը,

–վճարել այդ տարուան եւ նախկին տարիներուն չվճարուած բոլոր տուրքերը,

–ստորագրել հանրագրութիւն,  որուն  համաձայն  հայերը գոհ են  օսմանեան կառավարութենէն  եւ  ըմբոստացած են  Միհրան Տամատեանի  թելադրանքով:

Սասունցիները  մերժեցին անձնատւութիւնը: Մերժելով ներկայացուած  պայմանները՝    սասունցիները  փաստօրէն ապստամբութեան դրօշ պարզեցին թրքական  բռնապետութեան դէմ:

1893-ի վերջաւորութեան Սասուն զէնք  փոխադրելոււ նպատակով   Մեծն Մուրատ մեկնեցաւ Թիֆլիս: Յաջորդ  օրը նոյն նպատակով Կարս հասաւ  Հրայրը:  Սասուն   չստացաւ ակնկալուած  օժանդակութիւնը:

Փորձելով  արմատախիլ  դարձնել Սասունի հայութեան ազատատենչ ձգտումները՝ օգոստոս ամսուան սկիզբը  թրքական աւելի քան քառասուն հազարնոց  զօրք մը  քիւրտ  հրոսակախումբերու  օգնութեամբ յարձակեցաւ Սասունի վրայ:  Սասունցիները դիմեցին հերոսական պաշտպանութեան: Սասունը դարձաւ  Հայկական հարցի  լուծման   համար մղուող պայքարի  կարեւոր ճակատ:

Թուրք-քրտական յարձակումներուն  դիմակայելու նպատակով սասունցիները՝  Հնչակեան   կուսակցութեան  գործիչներ  Մեծն Մուրատ (Համբարձում Պոյաճեան)  եւ Միհրան  Տամատեան, իրենց կողքին ունենալով Հրայր Դժոխքը, Գէորգ Չաւուշը  եւ  ուրիշներ, նախապատրաստեցին ինքնապաշտպանութիւն: Սասունցիները  Գրիգոր Մոսէեանի գլխաւորութեամբ պարտութեան մատնեցին Պիթլիսի կուսակալին ղրկած  զօրքերը:  Թրքական  զօրքերը զգալի վնասներ կրելով   նահանջեցին: Ձախողութեան մատնուեցան նաեւ Սասունի այլ շրջաններու վրայ թրքական  յարձակումները: Սակայն  սուլթանին զօրքերը  յաջողեցան ձերբակալել  Միհրան Տամատեանը, Տարօնի  հոգեւոր առաջնորդ    Ներսէս  եպիսկոպոսը եւ այլ ազատամարտիկներ:  Պայքարի  ղեկը    վերցուցին   Մուրատը,  Հրայրը եւ անոնց  զինակիցները:   Սքանչելի սխրագործութիւններով   փայլեցաւ  երիտասարդ   ֆետայի  Գէորգ Չաւուշը:

Տեսնելով, որ  անհնար պիտի  ըլլայ  ճշզմել քաջակորով  լեռնականներուն պաշտպանութիւնը, թշնամին դիմեց նենգութեան՝ ներում խոստանալով  անձնատուր դարձող սասունցիներուն:  Բանակցութիւններուն  մեկնող բոլոր սասունցիները   շրջապատուելով  կոտորուեցան: Կռիւները վերսկսան  նոր թափով: Սակայն տեղի  տալով  թշնամիին գերակշիռ ուժերուն,  պարէնի եւ  ռազմամթերքի պաշարները սպառած   սասունցիները  նահանջեցին   Կեփինի   բարձունքները եւ Տալւորիկի կիրճերը: Տղամարդոց  հետ կողք-կողքի կռուող կանայք,  թշնամիին ձեռքը  չիյնալու համար,  նետուեցան անդունդ: Հերոսի մահով  նահատակուեցաւ   ազատագրական  շարժումի գործիչ Գրգոն ( Գրիգոր  Մոսէեան), գերեվարուեցան   Մեծն Մուրատը,  Գէորգ Չաւուշը եւ  ուրիշներ:  Թուրք-քրտական զօրքերը,   շարունակելով յարձակումները,  աւերեցին  քառասունէ աւելի գիւղեր, կոտորեցին անպաշտպան հայ  բնակչութիւնը:  Մեծն  Մուրատ  դատապարտուեցաւ 11 տարուան  բանտարկութեան եւ աքսորուեցաւ  Թրիփոլի (Լիպիա):

Սասունի  1894-ի  ինքնապաշտպանութիւնը  ստացաւ  միջազգային լայն արձագանգ:   Եւրոպայի  հասարակական կարծիքը  բուռն կերպով քննադատեց  Սուլթանին  վայրագութիւնները եւ ճնշում բանեցուց համապատասխան կառավարութիւններուն  վրայ: Պոլսոյ մէջ Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանները Սուլթան  Համիտին ներկայացուցին Պերլինի  խորհրդաժողովի որոշումներուն հիման վրայ   Արեւմտեան Հայաստանի  մէջ բարեկարգութիւններ կատարելու  ծրագիր մը:

Բարեկարգութիւններու ծրագիրը Սուլթանին ներկայացուեցաւ 11 մայիսին, այդ պատճառով ալ ստացաւ  «Մայիսեան»  անուանումը:

Նախագիծը հայաբնակ  վեց   նահանգներուն  մէջ ( Պիթլիս,  Վան, Սեբաստիա, Խարբերդ,  Էրզրում եւ   Տիարպեքիր)  կը   նախատեսէր կեդրոնական  իշխանութեան ամրապնդում եւ  հասարակական կեանքի զարգացում,  արտադրութեան եւ տնտեսական դրութեան կարգաւորում, ինչպէս նաեւ   քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը  քրտական  հրոսակներէն: Բոլոր պաշտօնները   հաւասարապէս պիտի բաժնուէին    քրիստոնեաներու  եւ իսլամներու միջեւ: Եւրոպական պետութիւնները  բարեկարգութիւններուն գործադրութեանը  հսկող  մնայուն  մարմին մը պիտի  ունենային  Բարձր դռան  կից: Բարեկարգութիւններուն  ենթակայ պիտի ըլլային նաեւ  կայսրութեան մնացեալ հայաշատ վայրերը՝ Հաճըն, Ատանա, Զէյթուն եւ այլն:

Սուլթանը  տեղի տուաւ  Եւրոպական  դիւանագիտութեան  ճնշումներուն: Յոյսը  դնելով   մեծ  տէրութիւններու   տարաձայնութիւններուն վրայ՝ միայն  հոկտեմբերին  հաստատեց   բարեկարգութիւններու ծրագիրը, սակայն  ոչ մէկ  քայլ առաւ  զանոնք   իրագործելու  ուղղութեամբ:

Բարեկարգութիւնները  կ’ուշանային, կեղեքումները կը  շարունակուէին:  Փորձելով   Մայիսեան բարեկարգութիւններու ծրագիրը արագացնել՝  Հնչակեան  կուսակցութիւնը 18 սեպտեմբեր  1895-ին խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեց  Պապը Ալիի մէջ: Ցոյցը կազմակերպողները նախապէս  դեսպաններուն յայտնած էին անոր խաղաղ բնոյթը:  Օսմանեան  կառավարութիւնը  ցոյցին պատասխանեց  նոր կոտորածներով:  Թուրք ոստիկանութիւնը  եւ  բանակը մահակներով  յարձակեցան ցուցարարներուն վրայ: Այդ  օրը Պոլսոյ մէջ կոտորուեցաւ  շուրջ  երեք հազար հայ: Պոլսոյ  կոտորածները  գաւառներու մէջ դարձան  հայերու  զանգուածային կոտորածներու ազդանշան:

1895 սեպտեմբեր- նոյեմբեր ամիսներուն ջարդեր տեղի ունեցան  Բաբերդի,  Երզնկայի, Շապին Գարահիսարի, էրզրումի, Սեբաստիոյ, Ուրֆայի, Վանի, Պայազիտի, Պիթլիսի մէջ  եւ այլուր:

14 օգոստոս 1896-ին խումբ մը դաշնակցական երիտասարդներ մուտք  գործեցին Պանք օթոման եւ պահանջեցին դադրեցնել կոտորածները, այլապէս,  սպառնալով  օդը հանել դրամատունը:  Արեւմտեան դեսպաններուն միջամտութեամբ երիտասարդները  բաւարար երաշխիքներ ստացան  եւ  հեռացան դրամատունէն: Դէպքը   նոր կոտորածներու առիթ  ընծայեց:

Սասունի ապստամբութիւնը   Պերլինի խորհրդաժողովէն ետք  արեւմտահայերու  առաջին զինուած ելոյթն էր օսմանեան բռնապետութեան դէմ: Սասունի կոտորածը 1894-1896-ի  հայկական  կոտորածներուն  սկիզբն էր:

Հայկական  կոտորածները սկսան նոր թափով: Անոնց  զոհ գնաց առնուազն 300 հազար հայեր: Մեծ  թիւով  ուրիշներ  բռնեցին  գաղթի  ճանապարհը:

 

Previous Post

Նորա Արիսեան Երեսփոխանական Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ` Նոր Ընտրութիւններուն Համար

Next Post

ՄԱՀԱԶԴ ՇԱՐՈՂՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.