ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իրողութիւն է, թէ ուսում, կրթութիւն կամ գիտութիւն ստանալը է՛ եւ կը մնայ մեր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր բաղադրիչներէն կարեւորագոյնը: Ուստի, ի՛նչ ալ ըլլան իբրեւ գլխաւոր բաղադրիչ մեր կեանքը հունաւորող միւս արժէքները, որքա՛ն ալ անոնք բարդանան, արդիականան եւ այժմէականան, վերեւը նշուածները էական են եւ կը մնան մեր բոլորին կեանքի ուշադրութեան կիզակէտին:
Ինչո՞ւ սակայն նման մտածումի արծարծում մը՝ իբրեւ նախաբան: Շատ պարզ է եւ յստակ. որովհետեւ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբին կը գտնուինք, հայրենիք եւ Սփիւռք հաւասարապէս:
Այլ խօսքով՝ դպրոցական վերամուտ է ամէն տեղ եւ ամէն երկինքի տակ: Այսպէս, ամրան համրուած ամիսներուն վրայ երկարող արձակուրդէն ետք, բոլոր վարժարանները Օգոստոսի կիսուն կամ Սեպտեմբերի սկիզբին կրկին անգամ կը բանան իրենց դռները, հին ու նոր աշակերտներու դիմաց: Ծնողք, աշակերտ, ուսուցիչ մուտք կը գործեն տարբեր տարեշրջանի մը հունը:
Ըսի չէ՝ վերամուտ է. արդէն յայտնի է. զայն կը տեսնենք, կը զգանք՝ ըլլանք աշակերտ, ուսանող կամ ծնողք: Խորքին մէջ, դպրոցական նոր շրջան մը, նոր առիթ մը, նոր պատեհութիւն մըն ալ կը հրամցնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին: Ու այս նոր ժամանակաշրջանը ինքնաբերաբար իրեն մէջ կը մարմնացնէ նաեւ զանազան հոգեր, մտահոգութիւններ եւ իրավիճակներ:
Մեր ապրած երկրին մէջ դպրոցական վերամուտ է ոչ միայն պետական, այլեւ՝ հայկական ամէնօրեայ թէ միօրեայ վարժարաններուն համար: Հաստատ իրողութիւն է, որ հայ վարժարանը հայ աշակերտին երկրորդ տունն է, ուր ան ո՛չ միայն մայրենին կը սորվի, այլեւ գիտութիւն ամբարելու կողքին նաեւ կը ծանօթանայ մեր լեզուին ու զայն ստեղծող ժողովուրդի գաղտնիքներուն, մշակոյթին՝ դարաւոր պատմութեան ծալքերուն հետ միատեղ, ու անկասկած կը ներշնչուի անոնցմով ու վերջապէս կը ջերմացնէ եւ ջերմ կը պահէ իր հայու հոգին
Պատիւ իրենց, մեր ծնողներն ալ գերագոյն զոհողութեամբ, մեկնելով մեր ազգի ապագային նկատմամբ ունեցած ու որդեգրած իրենց բծախնդրութենէն, հաւատքէն եւ երախտանքէն՝ իրենց զաւակները կ՛առաջնորդեն հայկական միօրեայ կամ ամէնօրեայ վարժարաններ:
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, երբ այս բոլորին կողքին աւելցնեմ նաեւ, թէ ներկայիս ազգովին կապրի՛նք խառն ժամանակներու մէջ, որոնց զանազան անդրադարձներէն անմասն չենք կրնար մնալ բոլորս: Ու վայրկեանի մը համար եթէ փորձենք մտածել, թէ համաշխարհայնացման այս շրջանին մէջ իբրեւ սփիւռքահայեր, կամ իբրեւ տարասփիւռ հայութեան մէկ կոտորակը կամ նոյնիսկ իբրեւ պարզ հայ անհատ, ինչպէ՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ առանց հայ դպրոցի պիտի կարենանք մեր ազգային եւ մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահել ու պահպանել օտար երդիքներու տակ: Այլ խօսքով՝ ի՞նչ պիտի ըլլայինք առանց հայ դպրոցին, ու՞ր պիտի հասնէինք:
Կասկած չկայ, որ հայու ինքնութիւնը կը սկսի հայ վարժարաններէն: Այս մէկը հազարաւոր անգամներ շեշտած ենք: Միշտ շեփորած ենք մեր կեանքէն ներս էականութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը հայ վարժարանին: Հաւատացած ենք, որ մեր գոյատեւման մեծագոյն կռուաններէն մէկն է հայ դպրոցը՝ իր պարզ կամ շքեղ արտաքինով եւ սակայն իր անկրկնելի խորքով եւ ներշնչումով:
Այս օրերուն, վերամուտի այս պահերուն, մեր նոր հայ սերունդի երկսեռ ներկայացուցիչներու հոծ ներկայութիւնը հայկական տաք ու ներշնչող պատերէն ներս, բոլորիս հպարտութիւն ու սրտի գոհունակութիւն կը պատճառէ: Միւս կողմէ, սակայն, տխուր իրականութիւն է տեսնել բազմահազար հայ երկսեռ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, այլ խօսքով՝ հայ աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք կամայ թէ ակամայ զրկուած են հայկական վարժարաններ աշակերտելու շունչէն, հարազատ գուրգուրանքէն, ու այսպէս, օտար վարժարաններէ ներս իրենց ներկայութիւնը կը խարխաբեն:
Տակաւին, կան գաղութներ, որոնք բոլորովին զուրկ են մեր հայկական կրթական ու մշակութային կեանքէն: Ահա՛ մեր ներկայ ժամանակներու գերագոյն երկու իրականութիւնները: Կը տեսնենք, կը ցաւինք: Նաեւ՝ կը յուսանք:
Յստակ ըսեմ, որ ինծի համար էական է եւ առաջնահերթ, որ օտար եւ աւելի ճիշդ՝ ոչ հայ վարժարան յաճախող հայ տղան կամ հայ աղջիկը չունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ իր յաճախած օտար վարժարանը զինք կրնայ հեռացնել մեզմէ, մեր միջավայրէն, մեր կեանքէն: Ուստի, պէտք չէ զիրենք անտէր ձգենք: Մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր ինքնութիւնը եւ հոգին պատշաճօրէն եւ զանազան ձեւերով՝ առանց բարդոյթի, իրենց ալ պէտք է փոխանցենք, ներգրաւենք զիրենք, նոր եւ հասկնալի միջոցներ որոնենք, որպէսզի կարենանք պարտութեան մատնել անոնց ակամայ ձուլումը:
Ահա՛ երկար տարիներու վրայ «շնչող» մարտահրաւէր մը, որ մինչեւ օրս չենք կրցած յաղթահարել: Տակաւին առաջնակարգ ու առաջնահերթ է: Տակաւին Հայ Դատ է, կամ՝ անոր մէկ անբաժան մասնիկը:
Ասոր կողքին չմոռնանք սակայն, որ հայ վարժարանը, պատիւ իրենց, կը շարունակէ՛ ունենալ զինք քաջալերող ու իր առաքելութեան հաւատացող եւ նեցուկ կանգնող ազգանուէր հայորդիներ, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով կանգուն ու բարգաւաճ կը պահեն սփիւռքեան մեր մաշտոցակերտ ամրոցները:
Այս առթիւ, իմ բարի մաղթանքն է, որ վերամուտի վերանորոգ այս խանդավառութիւնը սահմանափակում չունենայ, ու փոխադարձ վստահութեամբ, անկեղծ յարաբերութեամբ, դրական երկխօսութեամբ եւ համագործ ոգիով շարունակուի հայ դպրոցին շուրջ ստեղծուած ինքնատիպ ու առողջ մթնոլորտը եւ զայն բագաւաճ պահող շրջանակը՝ յանուն մեր վաղուան փայլուն յոյսերու իրականացման:
Իրենց երկրորդ տունը վերադրաձող մեր բոլոր աշակերտներուն՝ ի սրտէ բարի վերամուտ: