ԵՐԵՒԱՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ Երեւանը ատրպէյճանական տարածք է, բորբոքիչ յայտարարութիւններէ հեռու մնալու կոչ ընելով Պաքուին։
Այս առթիւ, «Ազատութիւն» կայանը հարցում մը ուղղած էր Երեւանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն՝ խնդրելով ներկայացնել, թէ Ուաշինկթըն ի՞նչ դիրքորոշում ունի Ալիեւի աղմկայարոյց յայտարարութեան կապակցութեամբ, եւ թէ արդեօք նման յայտարարութիւններ չե՞ն բարդացներ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն ընթացքը:
«Միացեալ Նահանգները կը պաշտպանէ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն Փետրուար 11ի յայտարարութիւնը, որով կողմերուն կոչ եղաւ զերծ մնալու բորբոքիչ յայտարարութիւններէ եւ սադրիչ գործողութիւններէ: Միացեալ Նահանգները նաեւ կը յորդորէ կողմերը յարգել 2017ի Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ կայացած վեհաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ բանակցութիւններու աշխուժացման ու շփման գիծի լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու վերաբերեալ», ըսուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ։
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա Փետրուար 15ին յայտնած էր, թէ «նշեալ յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն չի նպաստեր լարուածութեան նուազեցման», իսկ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը համանախագահող երեք երկիրներէն՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փետրուար 20ին կոչ ըրած էր՝ «զերծ մնալու որեւէ յայտարարութենէ կամ գործողութենէ, որ կրնայ լարուածութիւնը սրել»։