Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքը շաբաթավերջին սովորականէն աւելի խճողուած էր: Արդարեւ, շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 յունուարին, «Ուիլ Փաուըր Լեպանոն» միութեան փաստաբանները առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 ընդունեցին շրջանի բնակիչները եւ անոնց իրաւական ու դատական հարցերուն մասին խորհուրդներ տուին:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած «Փաստաբանական անվճար խորհրդակցութիւն» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ շուրջ հարիւր պարագաներ ներկայացան:
Լիբանանահայեր, սուրիահպատակներ, լիբանանեան տարբեր համայնքներու զաւակներ իրենց ունեցած զանազան տեսակի հարցերուն վերաբերեալ լուսաբանութիւններ, խորհուրդներ, լուծումներ եւ լուծման տարբերակներուն մասին բացատրութիւններ ստացան փաստաբաններէն:
Հարցերը առաւելաբար կը վերաբերէին անձնական կարգավիճակին (ամուսնութիւն, ժառանգ) վարձքերու, կալուածային վէճերու, առեւտրական հաստատութիւններու վարձքին ու վաճառքին, աշխատանքի օրէնքին եւ գործէ արձակման հատուցումներուն, նաեւ` հպատակութիւն ստանալու կամ անոր վերատիրանալու պարագաներուն:
Փաստաբանները իրենց փորձառութեան ոլորտին համաձայն հանդիպումներ ունեցան ներկայացած պարագաներուն հետ եւ անոնց մեծ մասին տեղւոյն վրայ տուին անհրաժեշտ բացատրութիւնները, ցուցմունքները եւ թելադրանքները:
Յատկանշական էր, որ ներկայացողներէն շատեր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ու փաստաբաններուն շնորհակալութիւն յայտնելով, խնդրեցին նմանօրինակ առիթները կրկնել, որպէսզի իրենց ծանօթներն ու հարազատներն ալ ներկայանան եւ լուսաբանութիւններ ու խորհուրդներ ստանան:
Ներկայացած հարցերու շարքին կար փոքրամասնութիւն մը, որ թղթածրարի եւ առնչակից օրէնքներու մանրամասն ուսումնասիրութեան կը կարօտի:
Այդպիսի հարցերուն ճշգրիտ եւ սպառիչ պատասխան տալու համար ներկայացողներէն ոմանց պարագային փաստաբանները ժամանակ խնդրեցին ուսումնասիրելու համար թղթածրարը եւ առնչութիւն ունեցողներուն հետ պայմանաւորուեցան կրկին հանդիպելու շաբաթ, 1 եւ կիրակի, 2 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10:30-ի եւ երեկոյեան ժամը 6:00-ի միջեւ` այդ թղթածրարներուն ուսումնասիրութեան արդիւնքները փոխանցելու համար:
Ուստի, «Փաստաբանական անվճար խորհրդակցութեան» կարիք ունեցողները, որոնք անցեալ շաբաթավերջին չկրցան ներկայանալ, առիթը ունին 1 եւ 2 փետրուարին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում ունենալու փաստաբաններուն հետ եւ խորհուրդ ստանալու իրենց հարցերուն լուծման համար:
Այս առիթով յիշեցնենք, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը «Ուիլ Փաուըր Լեպանոն»-ի եւ «Մեփի»-ի հետ գործակցելով կը կազմակերպէ այս հանդիպումները:
Այս հանդիպումներուն ընթացքին փաստաբանները անվճար կերպով ներկայացած հարցերուն մասին կու տան անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները եւ զանոնք լուծելու ձեւերուն ու միջոցներուն մասին խորհուրդները: