ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Կլասկոյի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի կլիմայի հարցերու 26-րդ խորհրդաժողովին (COP26) եւ այնտեղ, ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ ճիշդ մէկ տարի առաջ, Ղարաբաղի վրայ պատերազմին Ատրպէյճան օգտագործեց միաջզգայնօրէն արգելուած զէնքեր`թիրախ դարձնելով ոչ միայն քաղաքացիները, այլ նաեւ հիասքանչ անտառներ` մեծ տարածքներու մէջ յառաջացնելով հսկայական հրդեհներ եւ գործելով բնապահպանական մեծ աղէտ:
«Մենք միջազգային հանրութեանը կոչ ենք արել յաւելեալ ջանքեր գործադրել` նման անպատասխանատու, անմարդկային վարքագիծը կանխելու համար: Բնապահպան մարտահրաւէրները սահմաններ ու հակամարտութեան գծեր չեն ճանաչում, եւ մենք պէտք է բոլոր երկրներով համապարփակ համագործակցենք», շեշտեց Արմէն Սարգսեան:
Պաշտօնական բաժինին զուգահեռ, 2 Նոյեմբերին նախագահ Արմէն Սարգսեան զրոյցներ ունեցաւ զանազան երկիրներու նախագահներուն հետ, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Մոնաքոյի, արաբական զանազան երկիրներու եւ այլն։