Հայաստանի հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարութիւն մը լոյս ընծայեց Գեղարքունիքի շրջանի Վարդենիսի գիւղերուն վրայ կատարուած ռմբակոծումներուն վերաբերեալ:
«Վաղ առաւօտէն ազերի զօրքերը կը ռամբակոծեն Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիսի գիւղերը:Այդ շրջաններու բնակչութիւնը կը գտնուի թշնամիին նպատակադրուած ռմբակոծումներուն տակ: Ռմբակոծումներուն հետեւանքով մահացած է բնակիչ մը եւ այրած է քաղաքացիական օթոպիւս մը»: