Քրեմլին համոզուած է, որ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւն տրամադրելու՝ տարբեր երկիրներու կոչերը այս պահուն միայն իւղ կը լեցնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կրակին: Սոյն յայտարարութիւնը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին կատարեց Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը՝ աւելցնելով, որ պէտք է կողմերը համոզել՝ վերադառնալու հարցի քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծումին:
Փեսքով նշեց, թէ Ռուսիա մնայուն կապ կը պահէ Երեւանի, Պաքուի եւ Անգարայի հետ եւ Թուրքիոյ կոչ ըրած է կարելին ընել, հակամարտող կողմերը համոզելու դադրեցնել կրակը: Ան նաեւ յայտնեց, թէ մնայուն կապի մէջ է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի իր գործընկերներուն հետ, որովհետեւ համանախագահ երկիրները պատասխանատու դիրք պէտք է զբաղեցնեն Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը կարգաւորելու համար:
Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէու Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ քննարեց Լեռնային Ղարաբաղի բախումները: Փոմփէու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին յորդորեց դադրեցնել բախումները: