Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ հրաւիրած է, քննարկելու ռազմական դրութիւն եւ մասնակի զօրահաւաք յայտարարելու հարցը: «Պատրաստ եղէք սուրբ հայրենիքի պաշտպանութեան: Հպարտ, յաղթո’ղ ժողովուրդ»: նշեց վարչապետ Փաշինեան: Ան ընդգծեց, թէ Արցախի դէմ ազերիական յարձակումը նախապէս ծրագրուած էր:« Վերջին շրջանին Ազրպէյճանի յարձակողական յայտարարութիւնները, Թուրքիոյ հետ համատեղ եւ լայնածաւալ ռազմափորձերը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի դիտարկումներուն մերժումը ցոյց կու տան, թէ յարձակումը նախապէս ծրագրաւորուած էր….» յայտնեց Փաշինեան:
Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, թէ ազերիական յարձակումին հետեւանքով արձանագրուած են տասնեակաւոր վիրաւորներ: Ըստ Պօղոսեանի, թշնամին հարուածած է հրետանիներու միջոցով եւ բնակելի վայրերու վրայ: Ներկայ դրութեամբ արձանագրուած է երկու զոհ՝ մէկ կին եւ մէկ երեխայ: Վիրաւորները ստացած են տարբեր աստիճանի վնասուածք: