ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Բ. ՄԱՍ
ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ`
1908-Ի ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻՆ ԱՌԹԻՒ
«Ֆոլքսրեխթ» 1907-ին հրապարակած իր յօդուածներուն մէջ արդէն կը նախագուշակէր մօտալուտ յեղափոխութիւնը, թէ կարելի չէ երկարաժամկէտ ղեկավարել երկիր մը` այսչափ բռնարարք, կոտորած եւ հալածանք քաղաքական գործելաոճի վերածելով: Յստակ էր, որ հալածուող ընդդիմադիր միաւորումներ, ճնշուող ազգեր կամ ազգային փոքրամասնութիւններ իրենց նահատակներուն եւ ազատութեան մարտիկներուն թափած արիւնով հետզհետէ կը շաղախէին քաղաքական ամուր ենթահողը վաղուան յեղափոխութեան[1]:
«Օսմանեան գահուն վրայ երբեւէ բազմած ամենախելացի ոճրագործներէն մէկուն` ոճրագործ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի իշխանութիւնը վերջ գտած է»,– կը յայտարարէ «Ֆոլքսրեխթ»: Օսմանեան Կայսրութեան կործանումը կը վերագրէ իր սուլթաններու հետեւողական այլասերումին, որ «Պատմութեան երկայնքին սեւ թելի մը պէս կ’երկարի իր խենդութեամբ, անկարողութեամբ, մեծամտութեամբ, հիւանդութեամբ, անհեթեթութեամբ եւ նմանօրինակ այլ երեւոյթներով»[2]: Նոյնն է նաեւ պարագան օսմանեան այս վերջին միապետին, կը շարունակէ «Ֆոլքսրեխթ». «Ապտիւլ Համիտ խառնուրդ մըն է հանճարի եւ խենդութեան միջեւ: Հանճարեղ է արտաքին գործերու քաղաքականութեան մէջ իր ձեռքբերումներով, խելառ մը` իր բռնակալութեան եւ ոճրագործութեան մոլուցքով: Հանճարեղ է մարդիկ իրեն ենթարկելու արուեստով ու քաղաքական նեղ օղակներէն իր վիզը դուրս քաշելու ճարպիկութեամբ, ցաւագար մը` իր հալածախտով»[3]:
Ողջունելով հանդերձ սուլթանական վարչակարգին դէմ իրականացած յեղափոխութիւնն ու Երիտթուրքերու շարժումը իբրեւ Արեւելեան Հարցին մէջ բարելաւում բերող անհրաժեշտութիւն մը` Զուիցերիոյ ընկերվարական մամուլը միաժամանակ կը դիտարկէ եւ կը քննադատէ թերութիւններ, որոնք կրնային պատճառ դառնալ ծանր հետեւանքներու: 1876-ի Միդհատեան Սահմանադրութեան եւ խորհրդարանին գործունէութիւնը կը մեկնաբանէ ընդամէնը իբրեւ «պալատական երբեմնի յեղափոխութեան» մը կրկնութիւնը, առանց յառաջացնել կարենալու ընկերային հասարակարգին մէջ նոր եւ հիմնական փոփոխութիւններ: Միանգամայն անհասկնալի կը մնար, թէ ինչո՞ւ համար Երիտթուրքերը դեռ կառչած կը մնային միապետական դրուածքին: Կասկածելի էին նաեւ խորհրդարանի կազմութեան համար պահանջուած «ազատ» ընտրութիւնները, որոնց իրականացումը դժուար թէ կարելի պիտի ըլլար կատարել եւրոպական չափանիշերու համաձայն: Դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել նաեւ, որ օսմանեան բանակը հաւատարիմ պիտի մնար իր նոր տէրերուն` «Այնքան ժամանակ, որ անոնց յամեցած ամսականներուն վճարումը կը հաւասարակշռուէր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի նիւթական օժանդակութեամբ: Անհաւանական է, որ Երիտթուրքեր այսպէս իշխել կարենային իրենց հակառակորդներուն վրայ, երբ երկրին մէջ դեռ կը պակսէր արմատական փոփոխութիւններու իրականացումը»[4]:
1908-ի յեղաշրջման խանդավառութիւնը նաեւ հայոց համար: Բարձրացուած հայկական դրօշներուն վրայ կը կարդացուի «Ազատութիւն, Հաւասարութիւն, Արդարութիւն». իսկ միւսին վրայ՝ Մ. Պէշիկթաշլեանի ծանօթ ոտանաւորէն՝ «Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն՝ քան զանձկալի եղբայր անուն»:
Այստեղ տարաշեղում մը ընելով` մենք եւս պիտի ընդգծենք, որ Երիտթուրքերուն ուզածը ընդամէնը սահմանադրական կառավարութիւն մը ունենալ եւ զայն ղեկավարելն էր` առանց ընկերային-հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւններ յառաջացնելու, ինչպէս ատենին մեկնաբանուած էր նաեւ Զուիցերիոյ վերոյիշեալ թերթերու որոշ յօդուածներուն մէջ: Հետեւաբար, «յեղափոխութիւն» կամ «յեղաշրջում» բառակապակցութիւնները, 1908-ի իրադարձութեան առընչութեամբ, մեր այս յօդուածին մէջ միայն ակամայ եւ վերապահութեամբ կը գործածենք` նկատի ունենալով, որ եւրոպական պատմագիտութիւնը եւ այստեղ մեզ հետաքրքրող Զուիցերիոյ մամուլի հրապարակած յօդուածներն այս առթիւ «revolution» բառը կը գործածեն, թերեւս դէպքը վերարտադրող աւելի լաւ եզր մը չունենալու պատճառով[5]:
Արտասահմանեան մամուլի տեսութիւն մը ներկայացընելու առթիւ թէպէտ «Ֆոլքսրեխթ» չի բաժներ ռուսական թերթին մեկնաբանութիւնը, սակայն հայերուս համար կ’արձանագրուի շատ կարեւոր նակատառում մը. «Յանձինս Երիտթուրքերու,– կը մեկնաբանէ ռուսական մամուլը,– Կ.Պոլսոյ մէջ իշխանութեան գլուխ անցած է ազգայնապաշտ ղեկավարութիւն մը, որ Օսմ. Թուրքիոյ տարածքէն ներս կրնայ հաւանական լուրջ վտանգ դառնալ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան համար»[6]:
Ցեղասպանութեան վտանգն արդէն Երիտթուրքերու ազգայնամոլ գաղափարախօսութեան եւ պետական կառոյցին մէջ առկայ էր. փաստ մը, որու գոյութեան իցիւ թէ անդրադարձած ըլլային արեւմտահայութեան ղեկավար մարմինները: Մեր այդ շրջանի պատմութիւնը կ’արձանագրէ, որ այս ծանր եւ պատասխանատու կացութեան նկատմամբ շատ աւելի զգաստ մօտեցում ցուցաբերած է մեր յեղափոխական կազմակերպութիւններէն Հնչակեան Կուսակցութիւնը, բայց, ափսոս, հնարաւորութիւնները այնքան սահմանափակ էին, որ գրեթէ անկարելի էր վիժեցընել չարութեան արգանդին մէջ սաղմնաւորուող ցեղասպանութեան ոճիրը:
1909-Ի ՀԱԿԱՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ
Զուիցերիոյ մամուլի յօդուածներուն ընդմէջէն կարծէք թէ մարգարէական նախատեսութիւն մը ըլլար հակայեղափոխական շարժումը, որ Երիտթուրքերու եւ «յառաջդիմական» ուժերուն դէմ իրականացաւ 1909-ի Ապրիլ 12-ին, ստոյգ` Ապտիւլ Համիտի դրդումով, համագործակցութեամբ իսլամ հոգեւորականութեան, խոշոր հողատէրերու եւ բանակի յետադիմական զինուորականներուն: 1908–1913 թուականներու ժամանակամիջոցին, Երիտթուրքերը դեռ ուղղակի մաս չէին կազմեր օսմ. կառավարութեան, սակայն ունենալով խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութիւնը` իրենց հակակշռին տակ կը պահէին երկրին ղեկավարութիւնը:
Սուլթանին հետ միաբանած յետադիմական այս ուժերը կը պահանջէին խորհրդարանական դրուածքին վերացումը եւ կրկին որդեգրումը «Շարիա»-ին` իսլամական օրէնքին: Ապտիւլ Համիտ, որ ինչպէս նշեցինք` թաքուն հեղինակն էր այսպէս կոչուած հակայեղափոխական շարժումը կազմակերպելու գործին, անմիջապէս կը վաւերացնէ պահպանողականներուն առաջադրանքը եւ կը հաստատէ նոր կառավարութիւն մը: Այսպիսով կը վտանգուէին ոչ միայն 1908-ի յեղափոխութեամբ ամրագրուած 1876-ի Միդհատեան Սահմանադրութեան կիրարկութիւնը, այլ նաեւ երկրին խորհրդարանային վարչաձեւը, ձեռք բերուած ազգերու եւ կրօնքներու միջեւ ձեւաւորուող իրաւահաւասարութեան սկզբունքը:
Յեղափոխութեամբ նուաճուած ժողովուրդին իրաւունքը պաշտպանելու եւ ձախողութեան եզրին գտնուող երիտթրքական շարժումը փրկելու համար` ամէն կողմէ դէպի Կ.Պոլիս կը փութան «յառաջդիմական» զօրքերը: Ի դէպ, թերեւս ոչ այնքան Երիտթուրքերը պաշտպանելու, այլ սուլթանական ուժերը ջախջախելու միտումով, նաեւ հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները[7], ինչպէս հնչակեան, նոյնպէս ՀՅԴ ներկայացուցիչները, Երիտթուրքերու ղեկավարութեան կ’առաջարկեն իրենց ամբողջական օժանդակութիւնը[8] եւ կը հրահանգեն երկրին արեւելեան նահանգներուն կամ գաւառներուն մէջ գտնուող իրենց ջոկատներուն անմիջապէս արշաւել դէպի Կ.Պոլիս:
Իզմիթէն հայ կամաւորներ՝ Կ. Պոլսոյ Հայտարփաշա կայարանին մէջ, Երիտթուրքերու պաշտպանութեան ճանապարհին՝ 1909-ին:
Սուլթանին պահպանողական եւ հակասահմանադրական ուժերը, ինչպէս նաեւ Երիտթուրքերուն իշխանութեան հակառակորդները, ընդամէնը երկու շաբթուան ընթացքին կը յաղթուին, որուն ի հետեւանք Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. գահընկէց կը հռչակուի Երիտթուրքերու պարագլուխներէն Էնվէր Պէյին[9] կողմէ:
Զուիցերիոյ մամուլը Երիտթուրքերու հերոսական այս նուաճումը կ’արձագանգէ դրուատական մեկնաբանութիւններով: Կը գովաբանէ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող զինեալ ուժերուն յեղափոխութիւնը պաշտպանելու համար ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն ու մարտունակութիւնը:
ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԸ 1909 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ
Սուլթանական ուժերուն եւ Երիտթուրքերուն միջեւ բախումները 1909-ի Ապրիլին, այսինքն` յետադիմական ուժերու կողմէ կազմակերպուած ըմբոստութեան նախօրեակին եւ յետոյ, երկրի քաղաքական դաշտին մէջ կը յառաջացնեն դատարկութիւն մը, այլ խօսքով` որոշակի անիշխանութիւն մը: Ահաւասիկ այս ընթացքին է, որ կ’իրականանայ Ատանայի ջարդը, որուն նման սահմռկեցուցիչ բարբարոսութիւն մը դեռ տեսած չէր ամբողջ աշխարհը:
«Ֆոլքսրեխթ» առաջին անգամ Ատանայի ջարդերուն կ’անդրադառնայ 16 Ապրիլ 1909-ի թիւով: Ան կը հաղորդէ Մերսինի մէջ կատարուած արիւնահեղութեան մասին, որ իբրեւ թէ յառաջացած էր հայերու կողմէ երկու թուրքերու սպանութեան պատճառով[10]: Շուտով կոտորածը Մերսինէն անցած էր Ատանա, որուն զոհ դարձած էին տասնհինգ հազար հայեր[11]: Օսմանիէի մէջ հայ ազգաբնակչութիւնը ամբողջապէս սպաննուած էր: Քիւրտեր շրջափակման ենթարկած էին հազարաւոր հայեր: Անոնք որոնք կը փորձէին ազատիլ այս շրջափակումէն, տեղն ու տեղը կը սպաննուէին, կանայք կը բռնաբարուէին եւ կ՛ենթարկուէին բազմատեսակ խժդժութիւններու:
Լուսանկարներու վաւերագրութիւն մը Ատանայի աղէտէն՝ 1909թ.
«Ֆոլքսրեխթ» 1909-ի 24 Ապրիլի թիւով կը հաղորդէ, որ Ատանա ամբողջապէս մոխրացած է, կործանած են ամերիկացիներու եւ եւրոպացիներու կողմէ հոն հաստատուած մարդասիրական հաստատութիւններն ու միսիոնարական կեդրոնները, ջարդերէն մազապուրծ փրկուած հայեր մնացած են անօթեւան եւ սոված[12]: Կիլիկիոյ քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութիւնը ենթարկուած է աներեւակայելի թշուառութեան, եւ ամէն օր թերթի խմբագրութիւն կը հասնին քիւրտ ցեղախումբերու կողմէ հայերու դէմ կատարուած բռնարարքներու եւ ոճիրներու սարսափելի լուրեր[13]:
Քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ կազմակերպուած յանցագործութեան առնչութեամբ թերթը խիստ վերապահութեամբ կ’անդրադառնայ այն մասին, որ Ատանայի կառավարիչը կը հաղորդէ, թէ 1400 հայերու դէմ սպաննուած են 1900 մահմետականներ[14]:
Տեսարան մը թրքական բարբարոսութենէն՝ Ատանայէն, 1909թ.
1909-ի Մայիսի կէսին, «Ֆոլքսրեխթ» կրկին կ’անդրադառնայ Ատանայի ջարդերուն` իր էջերուն մէջ գրեթէ բառացի տպագրելով ֆրանսացի ականատես զինուորի մը հեղինակաւոր վկայութիւնը, որ լոյս տեսած էր «Ֆիկարօ»-ի մէջ: Ան կը նկարագրէ ողբերգական վիճակը կործանած քաղաքին եւ Ատանայի շրջակայից մէջ:
«Հայերէն մինչեւ վերջին մարդը բոլոր բնակավայրերուն մէջ սպաննուած է: Այս խեղճերուն համար ընդհանրապէս անկարելի եղած է դիմելու ինքնապաշտպանութեան: Այդ սարսափելի տառապանքներուն մէջ անոնք պիտի մահանալը գերադասած ըլլային», կը հաղորդէ թերթը եւ կը շարունակէ ֆրանսացի ականատեսին վկայութիւնը, թէ իրենց զինուորական ջոկատը դիակներու ամբողջ բլրակոյտեր տեսած է գետի ափունքներու երկայնքին, դիակներ երեխաներու, կանանց եւ ծերերու, որոնց մէջ սպաննուած մարտիկներ չկային: Սակայն իրենց ուղեկցող թուրք առաջնորդը իրենց այսպէս կը բացատրէ հայերուն հանդէպ եղած ատելութեան պատճառները. «Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, հայերը անամօթ, կռուազան եւ անտանելի դարձան: Սոյնը պատճառ մը չէր զիրենք սպաննելու, բայց բացատրելի կը դարձնէ իրենց դէմ ժողովրդային զայրոյթին սանձազերծումը: Հայերը գաղտնի չպահեցին իրենց փայփայած բաժնուելու ծրագրերը եւ տածած յոյսը` իրենց թագաւորութիւնը շուտով վերահաստատելու վերաբերեալ: Անոնք յաճախ իրենց ազգային նշանաւոր հերոսներուն եւ իշխաններուն մասին գրութիւններ եւ նկարներ տարածեցին: Անոնք ներկայացուցին թատրոններ, որոնց մէջ հրապարակաւ ծաղր ու ծանակի ենթարկեցին Թուրքիան եւ սուլթաններուն կողմէ կատարուած բռնարարքները: Անոնք իրենց անխելքութեան մէջ այնքան հեռու գացին, որ յանդգնեցան այդ ներկայացումներուն նոյնիսկ հրաւիրելու տեղւոյն (թուրք) պաշտօնեաները»[15]:
Տարակոյս չկար, որ Ատանայի եւ շրջակայից մէջ հայոց դէմ այս բարբարոսութիւնը իրագործած էին տեղւոյն մահմետական բնակչութիւնը, նաեւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի կողմէ ստեղծուած եւ իր անունով ալ կոչուած «Համիտիէ» ջոկատները, որոնք մեծաւ մասամբ կազմուած էին քրտական սիւննի դաւանանքին պատկանող տարբեր ցեղերու ներկայացուցիչներէ, յանցագործներէ եւ ոճրագործներէ: Ի վերջոյ, աւելի քան երեսուն հազար հայերու ջարդը պէտք է ունենար պատասխանատու հեղինակ մը, իսկ այդ մէկը Զուիցերիոյ ընկերվարական թերթերը կը տեսնեն արիւնարբու Սուլթանի անձին մէջ: Ընդհակառակը, անոնք կը հաւաստիացնեն, որ շուտով Երիտթուրքերը[16], Կ.Պոլսոյ մէջ խռովութիւնները կարգաւորելէ ետք, պիտի վերստեղծեն երկրին ապահովութիւնը նաեւ Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններու տարածքին: Այսպէս, «Ֆոլքսրեխթ» ալ բարոյական միամիտ զօրակցութիւն մը կը ցուցաբերէ Երիտթուրքերուն հանդէպ` առանց անդրադառնալու, որ անոնք պակաս արիւնարբուներ չէին քան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ը, եւ անոնք իրենց մաղձոտ էութեան մէջ ցեղասպանութեան ճիւաղային ծրագրին իրականացումով պիտի գերազանցեն զիրենք նախորդող բոլոր սուլթանները, որոնք իրենց ամենադաժան երազներուն մէջն անգամ չէին տեսած մարդկութեան դէմ գործուած նման ոճիր մը:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1 VR, 1, 03.01.1908.
2 VR, 248, 23.10.1908.
3 VR, 223, 24.11.1908.
4 VR, 72, 27.07.1908.
5 Քննարկուող նիւթին առնչութեամբ շատ լաւ վերլուծական մը ըրած է Գուրգէն Եազըճեան իր «Ապտիւլ Համիտ Բ. Կարմիր Սուլթանը» մեծարժէք երկին մէջ, Պէյրութ, 1980, էջ 651–653:
6 VR, 179, 27.08.1908.
7 Տե՛ս, Հովհաննիսյան, Գ., անդ, էջ 201–202:
8 1909-ի Ապրիլ 12-ի հակայեղափոխական շարժումը եւ Կ.Պոլիս ներխուժած զինեալ ամբոխը, որ մայրաքաղաքին մէջ աւերներու եւ սպանութիւններու շարք մըն ալ կը գործէ, ուղղակի խուճապի կը մատնէ Երիտթուրքերու պարագլուխները, որոնցմէ ոմանք փախուստի դիմելով, ուրիշներ աջ ու ձախ պահուըտելով՝ կը փորձեն մազապուրծ փրկել իրենց կեանքը: «Ապտիւլ Համիտ Բ. Կարմիր Սուլթանը» գիրքի հեղինակ Գուրգէն Եազըճեան իր ստուար աշխատասիրութեան մէջ մեզի կը հաղորդէ հետեւեալ կարեւոր տեղեկութիւնը. «Արիւնկզակ Թալաաթ կ’ապաստանի Ակնունիի տունը, (…) ապա Զոհրապ զինք կ’առաջնորդէ գերմանական դեսպանատուն: Տիկին Զոհրապի կրկնակի դիմումները Խալիլին` ապարդիւն պիտի մնային Զոհրապը սպանդի ճամբայէն վերադարձնելու, երբ դեռ Հալէպ էր»: Անդ, էջ 681:
9 VR, 92, 22.04.1909.
10 VR, 87, 16.04.1909.
11 VR, 88, 17.04.1909.
12 VR, 94, 24.04.1909.
13 VR, 105, 7.05.1909.
14 VR, 108, 11.05.1909.
15 Նոյնը:
16 Ցեղասպանագիտութիւնը վաղուց ապացուցած է, որ Ատանայի նշուած ջարդերու բուն պատասխանատուները Երիտթուրքերն էին: Այս մասին տե՛ս նաեւ վերոնշեալ Գ. Յովհաննիսեանի «Հնչակյան Կուսակցության Պատմություն» աշխատասիրութիւնը, էջ 203–204. Գուրգէն Եազըճեան նմանապէս Ատանայի ջարդին գլխաւոր պատասխանատու կը նկատէ Երիտթուրք պարագլուխները, որոնք ծրագրած էին այս քստմնելի արարքը, Սուլթանին վերագրելով՝ ապահովել անոր գահընկեցութիւնը: Տե՛ս, Եազըճեան, անդ, 689–696: