Երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքը, կարծիքներու փոխանակումները, աշխոյժ եւ տաք քննարկումները, իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն-մանրուքի վրայ կեդրոնացումը տուին իրենց ցանկալի արդիւնքը։
Որպէս մասնակից եւ սատարող, զիս յատկապէս տպաւորեց խմբային (թիմային) աշխատանքը։ Չունէինք «հզօր» կազմակերպութիւններ, եկեղեցիներ, սփիւռքեան հաստատութիւններ եւ մեծահարուստ նուիրատուներ որպէս թիկունք։ Մեր ունեցած նիւթական (ֆինանսական) կարողութիւններն ալ համեստ էին, բայց ունէինք ԱԺԲ վարչութեան նուիրեալ անդամ-անդամուհիներ, որոնց կարեւոր մէկ մասը կանայք էին, որոնց յաճախ դիմած եմ «Տիկնայք փափկասունք» Եղիշէական (պատմնիչ) արտայայտութեամբ։
Այս կանայք իրենց գործին եւ ասպարէզին մէջ յաջողած հայուհիներ են, տուն ու տեղ դրած, ուսեալ, յամառ, ընտանիքի մայր եւ կին։ Միշտ զարմացած կը մնայի թէ ինչպէ՞ս հարիւրաւոր ժամեր կը գտնէին ժողովներու եւ խորհրդակցութիւններու համար, ամէն վայրկեան բջջայինները իրենց նուրբ ափերուն մէջ խորհրդակցութեան մէջ կ՚ըլլային իրարու հետ, կը վիճէին, զիրար կը համոզէին, կ՚ընդդիմանային եւ ի վերջոյ կը հասցնէին լուծել առաջադրուած խնդիրները։
Համակիրներէն երկուքը այրեր են՝ Արմէն Բարսեղեանն ու տողերուս հեղինակը, բայց մենք զմեզ երբեք փոքրամասնութիւն չէինք զգար, որովհետեւ «հաշուի կ՚առնէին» նաեւ մեր կարծիքը։ ՄԵՆՔ ՄԷԿ ԸՆՏԱՆԻՔ դարձած էինք եւ ենք, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի էր մէկ ամսուան մէջ երկու ձեռնարկ յաջողցնել՝ Ճաշկերոյթ-հարցազրոյց ԱԺԲ-ի հիմնադիր անդամ դիւանագէտ եւ պատմաբան Դոկտ. Արա Պապեանի հետ (14 Յուլիս, «Իմպրեշըն» սրահ) եւ Յոլիս 17-ի ԹԵԼԵԹՈՆԸ։
Իր ունակութիւններով մեզի միացած էր նաեւ ամբողջ հոգիով մեզի սատարող Լոս Անճելըսի քաջ յայտնի հաղորդավարուհի եւ ասմունքող Նունէ Աւետիսեանը, որուն խանդավառիչ, առինքնող եւ մարտահրաւէր կարդացող ձայնը սիրտեր կը շարժէր թելեթոնի ընթացքին։
ԱԺԲ-ի Թելեթոնին մեզի միացած էր նաեւ Երեւանի գրասենեակը, որուն բարձրախօսին կը մօտենային Դոկտ. Հայկ Մարտիրոսեան, սիրուած ու ճանչցուած Եղիշէ Պետրոսեան, ազատամարտիկ Ժիրայր Սեֆիլեան, 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած Բժ. Վահէ Գասպադեան, Գարեգին Չուգասզեանը, երիտասարդ ամուսնացած զոյգեր իրենց երախաներով։ Դժբախտաբար իր կուռ ելոյթով մեզի չկրցավ միանալ մեր սիրելի Վարուժան Ավետիսյանը՝ իր վրայ բարդուած անարդար մեղադրանքներու պատճառով։
Յստակ էր Երեւանէն հնչող կոչերուն կարգախօսը.
- Նոր պետականութիւն
- Ապագաղութացում
- Հայրենի սահմաններու պաշտպանութիւն
- Սիւնիքի մէջ ուսումնամարզական կեդրոններու հիմնում։
ԱԺԲ-ն վերկուսակցական համախմբում մըն է, որուն անդամները մկրտուած էին «Սասնայ Ծռեր»ու գուրային մէջ։ ԱԺԲ-ն կուսակցութիւն չէ, բոլորը հաւասար են այս կազմին մէջ, իշխանամոլներ չեն, բայց իշխանութեան համար պիտանի ու արհեստավարժ մարդիկ են՝ դիւանագէտներ, պատմաբաններ, արուեստագէտներ, որոնք դժբախտաբար վերջին երկու իշխանութիւններու կողմէ ենթարկուած են հալածանքի, մէկուսացման, լրատուական շրջափակման…Բայց ապազգային պետութիւն մը չի յաջողիր լռեցնել անոր ձայնը, որովհետեւ ազգին ձայնն է, Հայկեան նետն է, որ կը խոցէ հայոց ներքին թէ արտաքին թշնամիներու պիղծ մարմինները։ Եւ ժողովուրդը կը լսէ ու թիկունք կը կենայ ճշմարտութեան անսակարկ հայրենասիրութեան ձայնին։ Ապացո՞յց՝ վեց ժամուան ընթացքին խումբ մը կամաւոր նուիրեալներու կոչերուն անսացին հարիւրաւոր հայրենակիցներ, մինչեւ իսկ մահու եւ կենաց մղող Աղաւնոյէն եւ Բերձորէն։
Հանգանակուեցաւ աւելի քան նախատեսուած 100,000 տոլարը։ Շնորհակալութիւն բոլոր հայրենակիցներուն՝ հաւատուվ ու վստահութեամբ իրենց կատարած նուիրատուություններուն համար։
Շարունակեցէք սատար կենալ ԱԺԲ-ի առաքելութեան եւ ձեր լումաները ներդրէք Հայու հայրենիքի փրկութեան եւ մեր վրայ պարտադրուած նորօրեայ ստրկութեան։
Կը սպասենք ձեր աջակցութեան։
ՄԵՆՔ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵՐ ՀԵՌԱՁԱՆՆԵՐՈՒՆ։
1(818)480-5756 (ԲԵՎԵՌ)
Մինաս Գ.
(*) ԹԵԼԵԹՈՆԸ սփռուեցաւ AABC հեռուստակայանէն։