Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ BAIKAR 285
Հենրի Մորկընթաու,«Ազգի Մը Բնաջնջումը», Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հրատարակութիւն, «Արարատ» տպարան, Լոս Անճելըս, Ա. Մ. Ն., միջակ չափի 132 էջ (Henry Morgenthau, “The Murder of a Nation”, published by Armenian General Benevolent Union, “Ararat” Press, Los Angeles, U. S. A., 1982, medium size 132 pages):
«Ազգի Մը Բնաջնջումը» գիրքը կ’ընդգրկէ 1918-ին «Տապըլտէյ, Փէյճ էնտ Քոմբընի» հրատարակչութեան լոյս ընծայած՝ «Հենրի Մորկընթաուի Պատումը» գիրքի բովանդակութեան մեծ մասը: Հենրի Մորկընթաու Կ. Պոլսոյ մէջ Ա.Մ.Ն.ի դեսպանն էր 1913-1916-ին: Ան 20-րդ դարու առաջին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վկաներէն է, եւ իր տեսածները, լսածներն ու անոնց մասին խոհերը գրի առած ու հրատարակած է:
Աշխարհագրականօրէն Վան շատ մօտ ըլլալով Կովկասին, թուրքերը անոր հայ բնակչութեան եւ առաջնորդներուն գործունէութիւնը կասկածի տակ առած են երբ Ա. համաշխարհային պատերազմը սկսած է: Անոնց կասկածին պատճառը ռուսերուն հետ հայոց հաւանական գործակցութիւնն էր: Հայերը միշտ ընդվզած են Օսմանեան Պետութեան ներքին քաղաքականութեան դէմ, որովհետեւ թուրքերը ծայրայեղ խտրութիւն կը դնէին թուրքին եւ հայուն միջեւ: Մորկընթաու կ’ըսէ, թէ բանակին պէտքերուն համար քրիստոնեաները ընդհանրապէս եւ հայերը մասնաւորապէս շատ աւելի ծանր տուրքեր կը վճարեն եւ պարէն կու տան կառավարութեան, քան իսլամները: Թուրքերը հայոց ամբողջ արջառը, ցորենի բերքը եւ սնունդի պահեստները կը խլեն՝ պատերազմէն ետք իբրեւ թէ վճարելի պարտաթուղթի կտորներու փոխարէն: Հակառակ այս բացայայտ կողոպուտին, թուրք ղեկավարութիւնը Կովկասեան ռազմաճակատի օսմանեան բանակի պարէնի պակասը հայոց կը վերագրէ:
Ռուսական բանակին մէջ մեծ թիւով հայեր կը ծառայէին. աշխարհի հայութեան գրեթէ կէսը ռուսական գերիշխանութեան տակ կ’ապրէր Հայաստանի արեւելեան հատուածին եւ Ռուսաստանի Կայսրութեան մնացեալ տարածքներուն մէջ: Թուրքերը ամբաստանութիւն կը յօրինեն Վանի հայոց հասցէին, ըսելով թէ վասպուրականցի հայ երիտասարդներէն շատեր ռուսերուն կ’օգնեն եւ ռուսական բանակին մէջ կը ծառայեն՝ ճամբաներու իրենց լաւ իմացութեան համար: Իրականութիւնը այն էր սակայն, թէ թուրք իթթիհատական ղեկավարներ Կարին եւ Վան այցելած էին նախապէս ու հայ ղեկավարներուն կոչ ուղղած Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ ռուսերուն դէմ ապստամբութիւն սկսիլ: Հայերը մերժած էին այս առաջարկը, ինչը թուրքերը իբրեւ դաւաճանութիւն ընդունած էին: Մորկընթաու կ’ըսէ, թէ թուրքերը երեսուն տարի հարիւրաւոր հազարաւոր հայեր ջարդելէ յետոյ տակաւին կ’ակնկալէին, որ հայերը հաւատարիմ գտնուէին Օսմանեան Պետութեան եւ անհաւատարիմ՝ Ռուսաստանի Կայսրութեան հանդէպ:
1914-ի աշնան ամիսներէն մինչեւ 1915-ի ձմռան վերջը մռայլ եւ թունաւոր մթնոլորտ կը տիրէր Վանի մէջ: Թուրքերը նենգ յարձակում մը կը պատրաստէին հայոց դէմ: Սակայն հայերը վճռակամ էին եւ պատրաստ դիմադրելու: 1914-ի ամռան՝ պատերազմի սկիզբին հետ, թրքական իշխանութիւնները Վանի նահանգապետ Թահսին փաշան պաշտօնանկ կ’ընեն եւ անոր տեղ կը կարգեն Էնվեր փաշային ազգականը՝ Ճեւտէթ պէյը: Այս փոփոխութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառէ Վասպուրականի հայութեան: Կառավարութիւնը Վանի հայերը կոտորելու յստակ հրաման տուած էր Ճեւտէթ պէյին, սակայն ան Կովկասեան ճակատին վրայ ռուսերուն դէմ կռուի գացած ըլլալով՝ հայոց կոտորածը յետաձգած էր: Շուտով սակայն, Ճեւտէթ զօրաւոր յարձակում մը գործեց Վասպուրականի հայկական գիւղերուն վրայ: Երեք օրուան մէջ 24 հազար հայ զոհուեցաւ Վանի նահանգի գաւառներուն մէջ: Ճեւտէթ չորս հայ ղեկավարներ դաւադրաբար եւ նենգօրէն սպաննել տուաւ քրտական գիւղի մը մէջ, երբ ան զանոնք ժողովի հրաւիրած էր Շատախի մէջ անդորրութիւնը վերահաստատելու պատրուակով (խօսքը կը վերաբերի խաղաղարար առաքելութեամբ դէպի Շատախ գացող դաշնակցական գործիչ Իշխանի ու անոր երեք ընկերներուն սպանութեան քրտաբնակ Հիրճ գիւղին մէջ – Յ․Ի.): Ապա Ճեւտէթ 5000 զինուորով Վան քաղաքին վրայ յարձակեցաւ՝ խորհելով, թէ հայերը պիտի չկարենային դիմադրել: Հինգ շաբաթ դիմադրելէ յետոյ հայերը յաղթական դուրս եկան: Վանի ինքնապաշտպանութեան մասին իր եզրակացութեան մէջ Հենրի Մորկընթաու այսպէս կ’ըսէ. «Իրենց կիներուն պատիւը փրկելու եւ կեանքերը պաշտպանելու հայոց վճռակամութիւնն էր որ յաղթեց թուրքերը հազարաւոր հայեր սպաննելէ յետոյ»:
1915-ին սկսած ջարդերուն հայերը Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ էական դիմադրութիւն չկրցան ցոյց տալ ընդհանրապէս՝ բացի Վանէն: 1895-1896 թուականներուն կարգ մը տեղեր հայերը զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տուած էին: 1915-ի սկիզբը թուրքերը ամէն տեղ հայոց զէնքերը կը հաւաքեն վայրագ ձեւերով: Նոյնիսկ օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներուն զէնքերը կը գրաւեն ու զանոնք իբրեւ պարզ բանուորներ կ’աշխատցնեն (ամալէ թապուրի): Թուրքերը հայ զինուորներու կռնակներուն զինամթերք եւ պարէն բեռցնելով՝ զանոնք երկար ճամբաներով, լեռներու եւ դաշտերու վրայէն կը քշեն, անոնց խրամատներ փորել կու տան բոլոր ճակատներուն վրայ՝ փոխան շատ քիչ քանակութեամբ ուտելիքի: Ամէն առիթով եւ նոյնիսկ առանց պատճառի՝ թուրք սպաներ եւ զինուորներ հայ զինուորներէն ոմանք կը գնդակահարեն: Թուրքերը երբ հայ զինուոր մը հիւանդ վիճակի մէջ տեսնէին, զայն այդպէս կը լքէին որպէսզի մեռնի կամ կը գնդակահարէին զայն: Թուրքերը զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ յիսուն կամ հարիւր հայեր իրարու կապելով անծանօթ ուղղութեամբ կը քշէին: Կարաւանը տակաւին շատ չհեռացած՝ զինուոր-ոստիկանները զանոնք բոլորն ալ կը սպաննէին անոնց վրայ կրակ բանալով, ապա սպաննուածներուն զգեստները կը կողոպտէին: Յաճախ, թուրքերը զանոնք սպաննելէ առաջ կը չարչարէին:
Հետեւեալ առանձին դէպքը (որու մասին ամերիկացի հիւպատոս մը զեկուցած էր Մորկընթաուին) արձանագրուած կը մնայ ամերիկեան պետական արխիւներուն մէջ. 1915-ի Յուլիսի սկիզբին թուրքերը ամալէ թապուրիի մէջ գործող 2000 հայ զինուոր ճանապարհաշինութեան կը տանին Խարբերդէն, որուն հայերը գիտէին, թէ անոնց ինչ ճակատագիր կը սպասէր… Անոնք իսկոյն աղերսանքով կը դիմեն նահանգապետին եւ գերմանացի միսիոնար Էհմանին: Նահանգապետը հայերը կը հանդարտեցնէ, ըսելով թէ անոնց ոչ մէկ գէշ բան պիտի պատահի: Քիչ ետք սպաները կը հրամայեն զինուորներուն՝ կրակ բանալ հայ զինուորներուն վրայ, որոնք մեծ մասամբ կը զոհուին: Միայն քանի մը հոգի հրաշքով կ’ազատին եւ փախուստ կու տան: Շատ չանցած, թուրքերը երկրորդ 2000 հայ զինուորներու խումբը դէպի Տիգրանակերտ կը տանին եւ ճամբուն վրայ սպաննել կու տան քիւրտերու ձեռքով, որոնց նախապէս պատուիրած էին: Ո՛չ միայն զինուած քիւրտեր շրջակայ լեռներէն կ’իջնեն, այլեւ՝ նոյնիսկ քիւրտ կանայք խոհանոցի դանակներով եւ ուրիշ գործիքներով կը մասնակցին ջարդին՝ կուրօրէն հաւատալով որ քրիստոնեաներ սպաննելու իրենց արարքը Ալլահին հաճելի պիտի ըլլար:
Երբ թրքական իշխանութիւնները ամէն քաղաքի ու գիւղի մէջ կը պահանջէին զէնքերը յանձնել կառավարութեան, այս մէկը կը գործադրուէր միայն հայերու համար: Թուրք եւ քիւրտ քաղաքացիներէն զէնք չէր հաւաքուեր բացարձակապէս: Այսպիսով թուրքերն ու քիւրտերը իրենց զէնքերով պատրաստ կը սպասէին հայոց վրայ յարձակելու ազդանշանին: Հայերէն շատեր զէնք չունէին որպէսզի յանձնէին, իսկ ուրիշներ կը մերժէին յանձնել զէնքերը ոչ թէ ապստամբութիւն իրականացնելու համար (ինչպէս կ’ըսէին թուրքերը), այլ ի հարկին իրենց ու ընտանիքի անդամներուն կեանքն ու պատիւը պաշտպանելու: Հայերը գիտէին, թէ դաւադրութիւն մը լարուած էր իրենց դէմ: Թուրքերը սաստիկ կերպով կը պատժէին այն հայերը, որոնք կը մերժէին զէնքերը յանձնել: Այս մասին Մորկընթաու կ’ըսէ. «Մենք կը հաւատայինք, թէ չարչարանքը պատժամիջոց ըլլալէ շատոնց դադրած էր: Սակայն եւ այնպէս, խաւար Միջնադարուն չեն գործադրուած այնպիսի չարչարանքներ, զորս մենք տեսանք ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին»: Զէնք փնտռելու պատրուակով, թուրքերը եկեղեցիներ կը պղծեն ու կը կողոպտեն, կրօնաւորներ կը ծեծեն ու կը խոշտանգեն, ապա տուներն ու եկեղեցիները կրակի կու տան:
Մորկընթաու իր գիրքի 33-36-րդ էջերուն մէջ կը նկարագրէ չարչարանքի սարսափելի տեսարաններ՝ ըստ հիւպատոսներէն իրեն հասած տեղեկագիրներու: Օրինակ՝ հայ երիտասարդ մը խաչափայտի վրայ կը դնեն, անոր ձեռքերն ու ոտքերը կը գամեն եւ կ’ըսեն լկտիաբար. «Հիմա թող Քրիստոսդ օգնէ՜ քեզի»: Այս տեսակի չարչարանքներն ու բարբարոսութիւնները թուրքերը ընդհանրապէս գիշերով կը գործադրէին: Թուրք խուժանը կը հաւաքուէր բանտերուն առջեւ եւ թմբուկներով ահագին աղմուկ կը բարձրացնէր որպէսզի խոշտանգուող հայ բանտարկեալներուն ահասարսուռ ճիչերը բանտերու պատերէն դուրս չլսուէին:
Բազմաթիւ պարագաներ եղած են երբ հայերը, հակառակ տանջանքներու սաստկութեան, իրենց զէնքերը չեն յանձնած, որովհետեւ… զէնք չեն ունեցած: Անկարելի էր այդ իրողութիւնը թուրքերուն բութ ուղեղը մտցնելը: Այս պատճառաւ, զինահաւաքէն առաջ շատեր ստիպուած եղան զէնքեր գնել շատ սուղ գիներով եւ զանոնք յանձնել թուրքերուն՝ չարչարանքէ զերծ մնալու յոյսով…։