Քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ, դարձեալ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ, երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 10:30-ին փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին: Այս մասին հաղորդեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:
Միջադէպին վերաբերեալ պատշաճ կերպով տեղեկացուած է Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:
Անընդունելի նկատելով ազրպէյճանական կողմի յարձակողական եւ ապակառուցողական վարքը` Արցախի լիազօր պետական մարմինները ձեռնարկած են կարելի միջոցներուն կացութեան լուծման ուղղութեամբ` կապ պահելով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ:
Շտապը քաղաքացիները յորդորած է ցուցաբերելու հանդարտութիւն եւ հետեւելու պաշտօնական լրահոսին` զերծ մնալ չստուգուած տեղեկութիւններու տարածումէն, աւելցնելով, որ լրացուցիչ տեղեկութիւն պիտի տրամադրուի կացութեան զարգացումներուն վերաբերեալ :