ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ կարգ մը երկիրներու կողմէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը վերականգնելու փորձերը անարդիւնաւէտ են եւ կործանարար Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ գործընթացին համար:
«Ատրպէյճան ռազմաքաղաքական միջոցներով վերականգնեց իր տարածքային ամբողջականութիւնը: ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի կարիք չկայ, մենք անոր հրաժեշտ տուած ենք: Իսկ Հայաստան եւ շարք մը երկիրներ կ՛ուզեն վերականգնել զայն, բայց անկարելի է, որովհետեւ անիկա մեռած է», նշեց Ալիեւ:
Ան կը պնդէ, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին վերաբերեալ որեւէ հետագայ շահարկում ոչ միայն անարդիւնաւէտ է, այլ նաեւ՝ կործանարար տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր խաղաղութեան համար: