Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ արցախահայութեան խնդիրին:
«Փրակայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին այս հարցին շուրջ նոյնպէս միտքերու փոխանակում ունեցանք: Մեր դիրքորոշումը պարզ է եւ յստակ. «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»: Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի ապահովուին Ազրպէյճանի սահմանադրութեան համաձայն: Մենք չենք պատրաստուիր մեր ներքին հարցերը քննարկելու կողմերէն ոչ մէկուն հետ: Եւ որքան ես հասկցայ Փրակայի հանդիպումի արդիւնքները, այս նիւթը քառակողմ հանդիպման բոլոր մասնակիցներուն միջեւ հակասութիւններ չէ յառաջացուցած», ըսաւ Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահը, մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութիւնը, յայտարարած է, որ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցը կ՛օգտագործէ բակային բառամթերք` ըսելով, որ «Ռուսիան խաղացած է ազրպէյճանական խաղը»:
Ալիեւ Մաքրոնի` Ռուսիոյ ուղղուած մեղադրանքները, թէ Մոսկուան դիտումնաւոր կերպով ապակայունացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի հասցէին մեղադրանքները, թէ Պաքուն բռնագրաւած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքները, կոչած է «վիրաւորական, խաբեբայական, անընդունելի եւ սադրիչ»:
Բացի ատկէ, Ալիեւ անդրադարձած է 6 հոկստեմբերին Փրակայի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումին` ընդգծելով, որ «թէեւ Ֆրանսայի նախագահը ատոր մասնակցած է, սակայն Ֆրանսան կապ չունի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն հետ»:
«Ֆրանսան, իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, այո՛, միջնորդական առաքելութեան լիազօրութիւն ունէր, սակայն ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է եւ Մինսքի խմբակի ծառայութիւններուն կարիքը չկայ, յատկապէս որ այդ ծառայութիւնները այսպէս ըսած, արջի ծառայութիւն էին: Ինչպէս արդէն ըսի, Մինսքի խմբակը ոչինչ ըրած է, մեր տարածքէն ոչ մէկ սանթիմեթր չազատագրուեցաւ», ըսած է Ալիեւ:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճան «դրսեւորելով բարի կամք, արտօնած է Ֆրանսայի նախագահին այս հանդիպումին մասնակցիլ»: