Հայ-ազրպէյճանական սահմանի ուղղութեամբ 13-14 սեպտեմբերին տեղի ունեցած գործողութենէն ետք, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը տեղակայուած են հիմնական ռազմավարական բարձունքներուն վրայ:
Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ իր ընտանիքին ընկերակցութեամբ երէկ այցելած է բռնագրաւեալ Շուշի` մասնակցելու համար «Յաղթանակի օր»-ուան ձեռնարկին:
Ալիեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է. «Հայաստանը պէտք է լաւ հասկնայ, թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէ: Այսօր այդ ռազմավարական բարձունքներէն կրնանք տեսնել Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, մեր տեսադաշտին մէջ է նաեւ Սեւանայ լիճը»: