Season Ճաշարանի շքեղ սրահը Փետրուարի 7-ին լեցուն էր հիւրերով, որոնք եկած էին մասնակցելու Ամերիկայի Հայ Աւետարաչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) եւ Հայկազեան Համալսարանի շքեղ հացկերոյթին, հովանաւորութեամբ Սերժ եւ Անիթա Պուչագճեաններու։ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան Համալսարանի Հոգաբարձուներ, շրջանաւարտներ եւ հիւրեր եկած էին մեծ սիրով մասնակից ըլլալու այս հաւաքոյթին եւ քաջալեր հանդիսանալու արտերկրի միակ հայկական համալսարանին։
Ւր Բարի Գալուստի խօսքով, Հայկազեան Համալսարանի Հոգաբարձութեան անդամ Սերժ Պուչագճեան, իր անկեղծ զգացումները արտայայտեց Հայկազեան Համալսարանի 60-ամեակին կապակցութեամբ, ուրկէ ան շրջանաւարտ եղած էր տարիներ առաջ։ Որքան պատահական էր, որ Հայկազեան Համալսարանը եղած էր ենթահողը իր բարձրագոյն ուսման եւ ապագայ աշխատանքին՝ տիեզերանաւութեան (aerospace) ճարտարարուեստին մէջ, որմէ երկու տասնամեակ առաջ, Միջին Արեւելքի մէջ արտադրուեցաւ առաջին հրթիռը՝ գլխաւորութեամբ Մանուկ Մանուկեանի՝ համագործակցութեամբ Հայկազեան Համալսարանէն խմբակի մը հետ։ Պրն. Պուչագճեան ընդգծեց նաեւ թէ, Հայկական ինքնութեան պահպանման կողքին, Հայկազեան Համալսարանը «իր ջամբած ուսումէն անդին նաեւ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ իր աշակերտներուն կեանքին մէջ։ Ան կը սորվեցնէ հանդուրժողականութիւն եւ կը սնուցանէ հասկացողութեան մշակոյթ մը գաղափարներու ազատ փոխանակման՝ տարբեր ազգերէ եւ դաւանանքներէ եկած աշակերտերուն միջեւ»։ Ան հպարտօրէն կոչեց Հայկազեան Համալսարանը «Համալսարաններու ադամանդ մը», մաղթելով որ ան շարունակէ բարգաւաճիլ իր 60-ամեակէն անդին ալ։
Բըրէմըսի Հայ Երիցական Եկեղեցիի Հովիւը՝ Վեր. Պերճ Կիւլէյեան մատուց ճաշի օրհնութեան հոգեշունչ աղօթք մը։
ԱՀԱԸ-ի նորընտիր Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան՝ մեծ հաճոյքով ըսաւ՝ թէ ուսումը միշտ եղած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ներդրումի կորիզը հայ ազգին։ Ան շարունակեց ըսելով՝ թէ «Հայ Աւետարանական Համայնքը եղած է ռահվիրա ստեղծելու կրթական հաստատութիւններու հսկայ ցանց մը, մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան եւ երկրորդական վարժարաններ, եւ բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններ՝ինչպէս համալսարաններ եւ Աստուածաբանական ճեմարաններ։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եղած է ռահվիրա եւ ջատագով կանացի ուսման, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան բնագաւարներու ներմուծման կրթական ծրագիրներու մէջ, բարձրացնելով մեր ժողովուրդին ուսման, զարգացման եւ մշակութային մակարդակը»։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «մեր գոյութեան բունը կացինահարեց։ Ան ոչնչացուց անհամար երազներ եւ կանխարգեց ազգային անսահման կարողութիւնները» ըսաւ ան։ «Բայց մոխիրներուն մէջէն կրկին փիւնիկը երեւան ելաւ, եւ ԱՀԱԸ-ը հիմնուեցաւ 1918-ին։ Ուսումը դարձեալ գրաւեց իր առաջնահերթութեան դիրքը։ Դպրոցներ կառուցուեցան կրկին եւ տարածուեցան ամէնուրէք ուր մեր ազգի մնացորդացը ապաստան գտաւ։ Տեսլականութիւն ունեցող մարդիկ գործի անցան եւ ԱՀԱԸ-ի հետ գործակցաբար ծնունդ տուին Հայկազեան Համալսարանին»։ Պրն. Խանճեան իր խօսքը ամբողջացուց գնահատելով այն մարդասիրական ոգին, որ նեցուկ կանգնած է բոլոր այն մարդկանց ջանքերուն, որոնք այս հաստատութեան ետին կանգնած են։
Որպէս գնահատանք, Պրն. Խանճեան Սերժ եւ Անիթա Պուչագճեան ամոլին՝ որոնք նոյն օրը կը նշէին նաեւ իրենց ամուսնութեան տարեդարձը, նուիրեց Մայքըլ Արամի Նոյան Տապանը եւ Արարատ Սրբազան Լերը ներկայացնող քանդակ մը՝ որպէս խորհրդանիշ դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ նորանոր բարձրունքներ նուաճելու։
Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հիւրընկալ զոյգին եւ ԱՀԱԸ-ին ու անոր Վարչական Խորհուրդին իրենց աջակցութեան համար։ Ան նշեց թէ «2015-ը կը զուգադիպի Համալսարանի 60-ամեակին եւ թէ շարք մը գործունէութիւններ եւ տօնակատարութիւններ կը ծրագրուին Պէյրութի, Տուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Բայց ասոնց մէջէն ամէնանշանակալիցը այն է, որ մեր այս հաստատութիւնը կոչուած է յայտնի դաստիարակ Արմենակ Հայկազեանի անունով, որ զոհը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ մենք պատուելով զինք, մեծարած կ՚ըլլանք նաեւ անոր մեզի թողուցած ժառանգութիւնը»։
«Ի՞նչ է մեր պատասխանը այն հարցին, թէ Հայկազեան Համալսարանը տակաւին հաւատարիմ եւ յաջո՞ղ է իր առաքելութեան մէջ», հարցուց Դոկտ. Հայտօսթեան։ «Մեր շրջանաւարտները շատ լաւ կ՚ընեն իրենց բարձրագոյն ուսման ծրագիրներուն մէջ, աշխարհի ամէն կողմերը։ Անոնք յաջող գործերու ասպարէզի մէջ են։ Կրթաթոշակի գրասենեակը Համալսարանին ամէնէն գործունեայ կեդրոնն է եւ ասոր վկայութիւնը Սուրիահայ աշակերտներու մեր նպաստն է։ Մեր շրջանակին մէջ լուսաբանական, հետազոտական եւ հրատարակչական ջանքերը արդիւնաբեր են, եւ մենք պարբերաբար կը կազմակերպենք գիտաժողովներ եւ կրթական միջոցառումներ։ Տակաւին կը պատրաստենք առաջնորդներ մեր ազգին համար եւ կամուրջներ կը կառուցենք տարբեր խմբակներու միջեւ։ Կանգուն պահելու համար մեր այս ջանքերը, մենք պէտք ունինք բոլորին շարունակական եւ առատաձեռն աջակցութեան, աւելի նշանակալից ձեւով քան առաջ»։
Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն՝ Հայկազեան Համալսարանի ջատագովը՝ տասնամեակներ շարունակ, իր ծնողներուն՝ Ստեփան եւ Սրբուհի Փիլիպոսեաններու հետքերուն հետեւելով ուրախութեամբ արձագանգեց այս կոչին՝ իր շարունակական մարդասիրական ջանքերով օժանդակելու, որպէսզի Հայկազեան Համալսարանը կարենայ շարունակել իր գերազանցութեան մակարդակը հաստատ պահել գալիք տարիներուն՝ իր ուսանողներուն համար: Անոր դուստրը՝ Թինա Սեկել, կը շարունակէ իր հաւատարմութիւնը բարձրագոյն ուսման այս հաստատութեան, որ տակաւին կը մնայ որպէս կրթութեան փարոս մը՝ հակառակ երկար տարիներու փորձութիւններու եւ փորձանքներու։ Թինայի ուղեկցութիւնը Հայկազեան Համալսարանին հետ սկսած էր երբ ան իր տան մէջ յաճախ լսած էր ԱՀԱԸ եւ Հայկազեան բառերը իր մօրմէ եւ հօրեղբօրմէ։ Այդ իր մէջ հետաքրքրութիւն մը յառաջացուցած էր եւ այցելելով Համալսարանը իր ծնողքին ընկերակցութեամբ, սկսած էր իր բարեսիրական գործունէութիւններուն, հետեւելով իր ծնողներու՝ Ճոզէֆի եւ Ճոյսի օրինակին։
Հայկազեան Համալսարանի բարեկամներ եւ շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ եւ Հայկազեան Համալսարանի Հոգաբարձութեան Նախագահ՝ Տօքթորներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեաններ, Հայկազեան Համալսարանի Հոգաբարձութեան անդամներ՝ Կէրի Ֆիլլիփս եւ իր տիկինը Արսինէ, Յասմիկ Պարան եւ ամուսինը՝ Արսէն, Հէրի Նաճարեան եւ տիկինը Շէրըլ, Ռապըրթ Քիւրքճեան, ԱՀԱԸ-ը Վարչական Խորհուրդի նախկին Նախագահ Էնտի Թորիկեան, ԱՀԱԸ-ը Արեւմտեան ափի Գործադիր Տնօրէն՝ Լեւոն Ֆիլեան, Տօքթ. Ռաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեաններ, Խորէն եւ Սեդա Նալպանտեաններ, Մորիս եւ Պերճուհի Կիւլէսէրեաններ եւ շատ շատեր ունեցան ուրախալի երեկոյ մը՝ համեղ ճաշերով եւ երգ ու պարով եւ այս բոլորը բարի նպատակի մը համար։ Ի վերջոյ, ինչպէս Սերժ Պուչագճեան գեղեցիկ կերպով նկարագրեց, «տաքութիւնը կը ջերմացնէ մարմինը, բայց բարեկամութիւնը կը ջերմացնէ հոգին»։