Նորաձեւութեան աշխարհի ամենահեղինակաւոր ընկերութիւններէն մէկը` Dolce&Gabbana-ն, հանրայայտ Instagram ծառայութեան պաշտօնական էջին վրայ հրապարակած է հայկական աւանդական ընտանիքի լուսանկար, կը գրէ Tert.am-ը:
Ինչպէս կը նշէ imyerevan.com-ը, լուսանկարին մէջ Թուֆենկեան հայկական գորգերու կողքին կանգնած են խումբ մը կանայք ու տղամարդիկ կը կրեն «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի տարազները:
Թէեւ ապրանքանիշը լուսանկարը հրապարակելուն չէ նշած ատոր հեղինակին անունը, այնուամենայնիւ, աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ան Էմմա Մարաշլեանն է: Բացի այդ, լուսանկարի նկարագութեան տակ կը բացակայի այն տեղեկութիւնը, որ ատոնք հայկական աւանդական հանդերձներ են:
Կը նշուի նաեւ, որ Instagram-ի Ատրպէյճանցի օգտատէրերը անմիջապէս մեկնաբանութիւններ գրած են պնդելով, թէ իբր լուսանկարին մէջ ատրպէյճանական զգեստներ են: