ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիցընպըրկըր Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի այնպիսի քայլերու, որոնք կը նպաստեն Կովկասի երեք երկիրներու տնտեսական զարգացման, պատասխանելով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի բացում»ին մասին հարցումին:
Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ ան շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն մօտէն հետաքրքրուած է նման «տարածաշրջանային համագործակցութեան միջանցքներ»ով, խոստանալով նպաստել անոնց իրականացման:
Երեւան շարունակաբար կը հերքէ Պաքուի եւ Անգարայի յայտարարութիւնները «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին` պնդելով, թէ հայկական կողմը չի քննարկեր միջանցքի տրամաբանութիւն ունեցող որեւէ հարց: