Ազգային ժողովի փոխնախագահ, հայ-թրքական երկխօսութեան գործընթացին մէջ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը երէկ` 17 յունուարին խօսելով Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչին հետ իր հանդիպումին մասին, պնդեց, որ ասիկա միակ դէպքն է, երբ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մեկնարկը եւ առաջին իսկ կէտը հրապարակային են:
«Երբ կ՛ըսէք` «ամէն ինչ կը տեղեկանաք Թուրքիայէն», չէ եղած մինչեւ այս պահը իրադարձութիւն մը, որուն մասին մեր համապատասխան գերատեսչութիւնը, այս ծիրին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ տեղեկացուցած», նշեց Ռուբինեան:
Նկատելի է, սակայն, հայ հանրութիւնը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացած էր յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման գործընթացին մասին, որմէ ետք միայն արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը լրագրողներու հարցումներուն ի պատասխան հաստատած էր տեղեկութիւնը: Ընդդիմադիրները, քանի մը այլ հանգամանքներ եւս մատնանշելով, պնդեցին, որ գործընթացին մէջ մութ դրուագներ կան: «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ ոչ մէկ փաստաթուղթ կայ, ուր Ռուբինեանը նշանակուած է Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ: