Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մշակութային շարժումի նախագահ Պասեմ Ապպասը` ընկերակցութեամբ շարժումի նորընտիր վարչութեան:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի մաղթեց, որ Լիբանանի քաղաքական շարժումը նմանը դառնայ մշակութային շարժումին` իր յստակութեամբ եւ պարզութեամբ, ինչպէս նաեւ համայնքային ու յարանուանական քաշքշուքէն հեռաւորութեամբ:
Պըրրի նշեց, որ համայնքային ու յարանուանական լարուածութեան ու ընդհանուր քաշքշուքին վտանգները կը սպառնան լիբանանեան գոյութեան:
«Լիբանանը կարելի չէ փրկել եւ պաշտպանել առանց սահմանադրութեան եւ օրէնքին յանձնառու մնալու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պետութիւն կերտելու», ըսաւ ան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան ժողովները վերսկսելու լուծումը շիի երկեակին կողմէ տրամադրուեցաւ` իրենց դէմ արձանագրուած այն ամբաստանութենէն ետք, թէ ուղղակի իրենք են ամերիկեան տոլարին գինը բարձրացնողները եւ երկիրը այս վիճակին հասցնողները:
Պըրրի ընդգծեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ անոր հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարին նկատմամբ շիի երկեակին կեցուածքը կը մնայ նոյնը: