ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութեան տուած մեկնաբանութեան մէջ յայտարարած է, որ իրեն համար անհասկնալի են Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները:
«Ադրբեջանի գերագոյն հրամանատարը օգտագործել է «քանի ուշ չէ» արտայայտութիւնը, որ հայկական ուժերը պէտք է լքեն իր նշած տարածքները: Հաշուի առնելով, որ մեր վարչապետը եւ Արցախի նախագահը միշտ հանդէս են գալիս ոչ նման արտայայտութիւններով, հակառակը` կոչ անելով խաղաղութեան ու բանակցութիւնների շարունակականութեան, մեզ համար անհասկանալի են այդպիսի արտայայտութիւնները: Ուղղակի որպէս պաշտպանութեան նախարար կ՛ուզէի հասկանալ` «քանի ուշ»ը ե՞րբ է», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան այն յայտարարութիւններուն, որ պատրաստ են գործողութիւններու սկսելու եւ միայն հրամանի կը սպասեն՝ Դաւիթ Տօնոյեան ըսաւ. «Այնպէս չէ, որ մենք չենք սպասում նմանատիպ հրամանի»։
«Տաւուշի մարտական գործողութիւնները վառ ապացոյց են, որ կարճ ժամանակահատուածում, թէեւ հակառակորդը օգտագործեց գերժամանակակից շատ խիտ միջոցնէր, յաջողութեան չհասաւ ու ունեցաւ բազմաթիւ կորուստներ», շեշտեց Տօնոյեան: