Եգիպտոսի իշխանութենէն Մոհամմէտ Մորսիի հեռացումը, « դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» կարգախօսի հոգեզաւակ Ահմէտ Տաւուտօլուի ողբերգական տեսութեան վերջին հարուածն էր: Տակաւին քանի մը տարի առաջ, միջազգային ընտանիքը կ’ողջունէր Թուրքիոյ տեսաբանին լորձնաշուրթ կարգախօսները…: Այս, այն օրերուն երբ փոխյարաբերութիւնները զգալապէս բարելաւուած էին Սուրիոյ, Իրանի եւ Իրաքի հետ: Հայաստանի հետ փոխյարաբերութիւնները բնականոնացնելու քուլիսային ճիգեր տեղի կ’ունենային, Թուրքիա իր ազդեցութիւնը կը փորձէր ընդլայնել միջինարեւելեան ւգրեթէ բոլոր ոստաններուն մէջ: Երկիր չկար, որուն օգնութիւն եւ խորհուրդ չ’առաջարկէր Թուրքիան՝ միշտ պատրաստ ծառայութեան…: Սնափառութեան եւ ամբարտաւանութեան առաստաղը բաւական նեղ կու գար Տաւուտօղլիին, երբ սնապարծութեամբ կը յայտարարէր.« Թուրքիա պիտի վերաձեւաւորէ Միջին Արեւելքը»:
Թուրքիա՝ միջինարեւելեան արաբական պետութիւններ, սիրաբանութեան հանգրուանը բաւական կարճ տեւեց բարեբախտաբար: Թերահաւատութեամբ սնած քաղաքական տեսութիւն մը, չէր կրնար ունենալ տարբբեր ճակատագիր: Սակայն յանուն պատմութեան պէտք է արձանագրել, որ շատեր ինկան Տաւուտօղլուի « քաղցրաբոյր» լոզունգներուն ծուղակը…: Ներկայիս յեղաշրջուած է պատկերը: Երէկի անկեղծ դրացիները, յաւերժի բարեկամները, ոխերիմ թշնամիներու վերածուեած են այսօր:
Տասնամեակներ շարունակ Սուրիոյ դէմ թշնամական կեցուածքներ տածելէ ետք, նոր հորիզոն մը բացուեցաւ Դամասկոս- Անգարա յարաբերութիւններուն մէջ: Զոյգ երկիրներու կառավարութիւնները համատեղ նիստեր սկսան գումարել, երկու մայրաքաղաքներուն մէջ: Սուրիա դարձաւ Թուրքիոյ յորջորջած «զերօ խնդիրներ»ու թարգմանութեան տիպար օրինակը: Օրին, տարբեր մակարդակներու վրայ, շատ շատեր սուրիական իշխանութիւնները զգուշացուցին չգինովնալ Թուրքիոյ վարած ստապատիր եւ խորհրդաւոր քաղաքականութեան բեղմնափոշիէն: Սիրալիր այդ դիմայարդարութեան տակ պահուած էր Սուրիոյ ընդդիմութիւնը գաղտնաբար զինելու եւ Դամասկոսը ճակատագրական իրողութեան առջեւ դնելու դաւադրութիւն մը:
Սուրիոյ ներքին հակամարտութեան անդրանիկ օրէն, վարչապետ Էրտողան բացայայտեց իր իսկական դիմագիծը, պահանջելով Սուրիոյ նախագահին հրաժարականը: Հակամարտութեան բոլոր կողմերէն հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու եւ անոնց միջեւ երկխօսութեան առիթ ընձեռելու փոխարէն, « զերօ խնդիրներ»ու նախակարապետը անմիջական փոփոխութիւններու նախապայմաններ ներկայացուց իր երէկի բարեկամին: Աւելի ուշ, ան պահանջեց նախգահ Պաշշար Ասատի հրաժարականը: Էրտողան մոռցաւ, որ Սուրիոյ դէմ իր կեցուածքը, կրնար սռել Իրաքի եւ Իրանի հետ յարաբերութիւնները: Միայն այսքանով չաւարտեցաւ Սուրիոյ զարգացումներուն մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը: Անգարա, քաղաքական եւ ռազմական օժանդակութիւն սկսաւ մատակարարել Իսլամական Եղբայրակցութեան անդամներով յորդող այսպէս կոչուած սուրիական ազգային խորհուրդին եւ ազատ սուրիական բանակին: Թրքական ուղղակի միջամտութիւնը համայնքային հակամարտութեան մէջ խռեց Սուրիան: Նախագահ Պաշշար Ասատ, բաւական ուշ բայց դիպուկ քայլի մը դիմեց թրքական սադրանքներուն դէմ, երբ ինքնավարութիւն շնորհեց քրտական կարգ մը շրջաններու: Ասատ ռազմավարական կարեւոր խաղաքարթ մը վերցուց Թուրքիոյ ձեռքէն: Ասատի այս նախաձեռնութիւնը աւելի մեծցուց Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ հողերուն վրայ քրտական պետութիւն ստեղծելու քիւրտերու երազը: Անգարա անելի մատնուեցաւ, երբ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը յաւելեալ ռազմական օժանդակութիւն սկսաւ ստանալ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քիւրտերէն: Փաստօրէն, Սուրիոյ դէմ մշակուած քաղաքականութիւնը, զայն վարող ռազմագէտներուն ուսերուն վրայ փուլ եկաւ: Աւելի մեծ խայտառակութիւն մըն էր, Արեւմուտքին կողմէ՝ Սուրիոյ մէջ «ապահովական գօտի» ստեղծելու Թուրքիոյ ներկայացուցած ծրագիրին անտեսումը: Թուրքիա կը գտնուի մարդկային իրաւունքներու ծանր յանցագործութեան առջեւ, երբ տնտեսապէս անզօր կ’ըլլայ բաւարար օգնութիւն ցուցաբերելու իր խրախուսանքներով Սուրիայէն ընդունած փախստականներուն: : Տակաւին կարճ ժամանակ մը առաջ, ան կը յոխորտար, թէ ոչ ոքի անհրաժեշութիւնը ունէր, մինակը պատրաստ էր ստանձնելու գաղթականներուն վերաբեալ ամբողջական պատասխանատուութիւնը: Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները որքան պէտք է զղջացած ըլլան այդ աժան ու անհեթեթ քարոզչութեան համար..: Սուրիացի գաղթականներուն ներկայութիւնը քաղաքական տագնապի վերածուած է այսօր Թուրքիոյ մէջ:
Անգարայի ոխյարաբերութիւնները սրած են նաեւ Պաղտատի հետ, ոչ անպայման՝ Սուրիոյ հակամարտութեան պատճառով: Անգարա քաղաքական ապաստանութիւն շնորհած է, ահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպելու յանցանքով ամբաստանուած Իրաքի փոխնախագահ Թարիք Ալ Հաշեմիին: Իրանի հետ յարաբերութիւնները նոյնպէս ալեկոծոած են: Անգարա Իրանը կը մեղադրէ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը զինելու յանցանքով :
Տակաւին չենք խօսիր բռնագրաւուած Կիպրոսի հետ սրող յարաբերութիւններուն մասին: Թուրքիա մինչեւ իսկ սեփականութեան պահանջք յանդգնեցաւ ներկայացնել Կիպրոսի եւ Իսրայէլի սահմաններուն միջեւ յայտնաբերուած ծովային նաւթէն:
Բնականաբար «Դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» մեծագոյն ձախողութիւնը դարձաւ Հայաստանի հետ Անգարայի փորձութիւնը: Թուրքիոյ խորհրդարանը մերժեց հաստատել երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով, Ցիւրիխի մէջ 2009-ին կնքուած փրոթոքոլը: Պաքուի ճնշումներուն տակ, Թուրքիա շրջադարձ կատարեց համաձայնագիրէն: Թուրքիոյ վարկն ու հեղինակութիւնը ծանր հարուած մը ստացաւ միջազգային գետնի վրայ: Երեւանը Անգարան ամբաստանեց անպարկեշտութեամբ: Փաստօրէն մթնոլորտը բարելաւելու փոխարէն ալեկոծուցեաւ:
Թուրք-հայկական փոխյարաբերութիւնները բարելաւելու մեր ժողովուրդին պահանջները յստակ են եւ մեկին: Սակայն այնքան ժամանակ, որ թրքական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչութեամբ Ատրպէյճանի թէզերը յառաջ կը փորձէ յառաջ մղել, յարաբերութիւնները պիտի մնան անփոփոխ ու սառած:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով «դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» պահպանելու Թուրքիոյ քաղաքականութեան, կրնանք անվարան հաստատել, թէ շողոքորթութեամբ պարուրուած բեհեզաշուք այս տեսութիւնը ոչ միայն չարաչար ձախողեցաւ,այլեւ՝ յաւելեալ տագնապներ ստեղծեց դրացի պետութիւններուն հետ: Տաւուտօղլուի տեսութեան մեծագոյն յաջողութիւնը անոր ձախողութիւնն էր:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ