Երբ առաջին անգամ որոշ զարգացած գլուխներու մէջ համացանցը միտք յառաջացուց` անմիջական շփում ստեղծելու իշխանաւորներու հետ, մեր վարչապետը առաջիններէն մէկն էր, որ շտապեց օգտուիլ այդ հնարաւորութենէն:
Ան միշտ ալ նորորար ու յառաջադիմական եղած է ու` պետութեան զարգացումը ամէն կերպ ապահովելու փնտրտուքի մէջ: Պատահական չէ, որ այդ զարգացումը ան կը կապէ գիտութեան հետ: Ինչո՞վ պակաս ենք նեղաչք չինացիներէն, ինչո՞ւ անոնց փոխնախագահ Քսի Եինբինկը պիտի ըսէ, որ Չինաստանը մեծ ներդրումներ կը կատարէ գիտութեան մէջ, որն ալ ապահոված է երկրի զարգացման մէջ զգալի թռիչքը վերջին տասնամեակներուն, իսկ մեր վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը չի կրնար ըսել` “21–րդ դարում յաջողութեան են հասնում այն երկրները, որոնք կարողանում են համաշխարհային շուկայում հանդէս գալ նոր գիտելիքի ստեղծմամբ: Ինդուստրիալ հասարակութիւնից անցումը պոստինդուստրիալ հասարակութեանը ենթադրում է տեղափոխուել գիտելիքի ոլորտ”: Եւ այստեղ ալ ահա պարզ կը դառնայ, թէ մենք, չինացիներու համեմատ` ըլլալով արտայայտիչ աչք–ունքով ու պոյ–պուսաթով, այնուամենայնիւ ինչո՞վ պակաս ենք անոնցմէ: Առաջինը` անով, որ անոնց վարչապետը կ’ըսէ ու կ’ընէ, իսկ մեր վարչապետը կ’ըսէ ու կ’ըսէ…
Տարիներ առաջ, երբ Մարք Ցուգերպըրկի facebook–ը, իր յայտնի պատով հանդերձ, դեռ շատ տարածուած չէր, այլ նորաձեւ կը համարուէր livejournal–ը, վարչապետը պլոկ բացաւ: Ժողովուրդը ոգեւորուեցաւ. ժողովրդավարական ինչպիսի՜ մօտեցում, ղեկավարութեան հետ անմիջական հաղորդակցման ինչպիսի՜ հնարաւորութիւն… համախմբման միջոցով խելք–խելքի տալու, հետեւաբար` երկրի զարգացում ապահովելու ինչպիսի՜ հեռանակար: Գիտնականներն ալ խառնուեցան` ի վերջոյ այնտեղ տեսնելով յուսոյ աստղը` գիտութեան վիճակը հասանելի դարձնելու վերեւներուն: Աւաղ, օրերը կ’անցնէին, դիմում–խնդրանք–կոչ–առաջարկ–հարցերը ամիսներով անպատասխան կը մնային: Եւ ոչ մէկ քայլ:
Նոյնիսկ ես` միամիտս, երեւի սովետական կրթութեան սիստեմը անցած ու սովետական` ղեկավար+ծառայող+պրոլետարիատ=ժողովրդավարութիւն կարգախօսէն ազդուած, յիշելով, որ անգամ մեծ երկրի ղեկավարը` Վլատիմիր Իլյիչը, կրնար կարեւորագոյն գործեր յետաձգել, ընդունիլ ու ընդառաջել Ալիին, որ եկած էր զոյգ մը կօշիկ խնդրելու` «տա՛լ մուժիկին զոյգ մը կօշիկ”, անգամ մը պլոկին մէջ հանդէս եկայ մօտաւորապէս այսպիսի գրութեամբ` “Պարո՛ն վարչապետ, Սունդուկեանի թատրոնի դիմացի այգու նստարանին մի կին է “ապրում”, աւելի ճիշդ` նա մահանում է, քանի որ խորը աշնան սառնամանիքին մշտապէս նստած է` ցնցոտիներով ծածկուած ու հրաժարւում է ուտելիքից ու գումարից, որ մարդիկ առաջարկում են: Ի վերջոյ, նա մեր հայրենակցուհին է կամ պարզապէս մարդ է: Կարո՞ղ էք յանձնարարել, որ նրան տեղաւորեն անօթեւանների համար նախատեսուած որեւէ տեղում”: Յաջորդ օրը ուրախութեամբ տեսայ, որ կինը չկայ: Ոգեւորութիւնս կիսեցի հարեւանուհիիս հետ, որ մէկ անգամէն սառ ջուր լեցուց գլխուս, ըսելով` երէկ երեխային դպրոցէն բերած ժամանակ տեսած է, որ ոստիկանները գոռալով վրան, քշած են անտէր շան նման:
Ահա այսպիսին է մեր պարոն վարչապետը կամ իր պլոկ վարողները. անոնք չեն սիրեր վարչապետի պատին սեւ բիծ:
Ի՜նչ սեւ բիծ… վարչապետի facebook-եան պատը միշտ պիտի ըլլայ իտէալական տեսքի մէջ: Այնտեղ տեղ չունի որեւէ քննադատութիւն, ինչպէս Ռուբէն Հախուերտեանը կ’ըսէ` «Այնտեղ բոլորն իմ ընկերներն են, Այնտեղ չունեմ թշնամիներ, Այնտեղ ամէն ինչ այնքան պարզ է, Այնտեղ չկան կեղծ ժպիտներ…”, թերեւս միայն վերջին տողը չի համապատասխանեն իրականութեան, քանի որ այնտեղ, ցաւօք, ամէն ինչ կեղծ է` սկսեալ ժպիտներէն, վերջացած ոչինչ տուող յայտարարութիւններէն, գիտութեան զարգացումը պետութեան զարգացման հիմքին դնելու վերամբարձ ճառերէն, աշխատանքային եռուզեռ ու գործնական հանդիպումներ պատկերող նկարներէն: Բաւական է վարչապետի պատին դնել յօդուած մը` նուիրուած գիտութեան մասին եղած իր իսկ խօսքի ու գործի հակասութեան, գիտութիւնը անտեսելու հետ կապուած քննադատութիւն մը, առաջարկ մը` խօսքէն ի վերջոյ գործի անցնելու, բողոք մը` կապուած գիտութեան «ֆինանսաւորման” տխուր վիճակին հետ, եւ անոնք անմիջապէս կը ջնջեն պատէն ու պատը արագ կը բերեն իր նախկին մաքուր, անաղարտ ու “պուպուշ” (սիրուն, խմբ.) տեսքին:
Այնպէս որ, դիմած էր Ալին ուրիշներուն, ըսած էին` չիք, ան ալ դիմած էր Իլյիչին: Իլյիչը զբաղած էր, քանի որ կը մտածէր` «հարկաւոր է բանուորի տղայէն Փրոֆէսըրներ ձուլել… Հարկաւոր է, որ ամէն աղախին Սորվի պետութիւն դարձնել… Հարկաւոր է… Ո՞րը թուել…: Այսօր այդ խնդիրները չունինք. եւ ինչպիսի՜ փրոֆէսըրներ ունինք` «ձուլուած” ե՛ւ բանուորի տղայէն, ե՛ւ ծառայողի: Կը մնայ միայն անոնց դիմումին «չիք” չըսել եւ, որ աւելի վիրաւորական է, չջնջել պատէն անոնց դիմումները եւ ձգել անպատասխան:
Այնպէս որ, պարո՛ն վարչապետ, ձեր բախտը բերած է. դուք փրեֆէսըրներ «ձուլելու” խնդիր չունիք, ձեզի կը մնայ` արդէն պատրաստ փրոֆէսըրներու համար բնական կենցաղ ու աշխատելու բնական պայմաններ ապահովել: Այնպէս որ` «ողջո՜յն արխադաշ Ալիին…”, այնպէս որ` տէ՛ր կանգնեցէք ձեր` գիտութեան մասով եղած յայտարարութիւններուն, այնպէս որ` ձեր պատի անբիծ ըլլալը մի՛ գերադասէ՛ք ձեր` պետութեան ղեկավարի հեղինակութենէն:
Մանէ Յակոբեան