ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նախագահութեամբ` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցած է Անանիա Շիրակացիի 1400-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացման յանձնաժողովի նիստը: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Անցնելով օրակարգային հարցերուն` անդրադարձ կատարուած է յոբելինական ծրագրին մէջ ընդգրկուած ձեռնարկներու իրականացման ընթացքին եւ արդիւնքներուն: Մասնաւորապէս, նշուած է, որ արդէն իսկ տեղի ունեցած է «Աստղագիտական ժառանգութիւնը ազգային մշակոյթին մէջ» թեմայով միջազգային պատմա-աստղագիտական գիտաժողով, որուն մասնակցած է աւելի քան 50 գիտնական:
Կազմակերպուած է նաեւ Անանիա Շիրակացիին նուիրուած երիտասարդ աստղագէտներու միջազգային դպրոց, թեմաթիք գրքային ցուցահանդէսներ, ստեղծուած է Անանիա Շիրակացի թուային շտեմարան եւ կայք, տեղի ունեցած է «Անանիա Շիրակացի – 1400» յոբելինական ցուցահանդէս: Իրականացած է նաեւ «Շիրակացիի օրեր» աւանդական փառատօնը: Յոբելինական ձեռնարկներու ծիրէն ներս բարեկարգման աշխատանքներ կատարուած են Կումայրիի 7-րդ դարու եկեղեցւոյ տարածքին: Հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կազմակերպուած են Անանիա Շիրակացիին նուիրուած բաց դասեր, քննարկումներ եւ այլն: Կը նախատեսուի 2013-ին հրատարակել «Անանիա Շիրակացի. ուսումնասիրութիւններ» գիրքը:
Այնուհետեւ քննարկուած են նիստի մասնակիցներուն առաջարկները` Անանիա-Շիրակացիի 1400-ամեակին նուիրուած այլ յոբելինական ձեռնարկներու կազմակերպման վերաբերեալ:
Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է շարունակել ձեռնարկները կազմակերպել բարձր մակարդակով եւ հանրութիւնը ներգրաւել այդ գործընթացին մէջ: