ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Դամասկոսէն վերջին օրերուն հասած լուրերը զայրոյթ յառաջացուցին Անգարայի մէջ։ Այսպէս, Սուրիոյ խորհրդարանը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը պահանջուի Ալեքսանտրէթի (Իսքենտերուն, Հաթայ) նահանգը վերամիացնել Սուրիոյ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ 2 Դեկտեմբերին այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ բողոքի յայտարարութեամբ մը։
«Սուրիոյ խորհրդարանը որեւէ ձեւով չի ներկայացներ Սուրիոյ ժողովուրդը, զերծ է ժողովրդավարական օրինականութենէ եւ մենք խստիւ կը մերժենք՝ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը թիրախ դարձնող իր յայտարարութիւնը, որ իրաւունքէ, նաեւ չափէ-սահմանէ դուրս է», կ՛ըսուի բանբերին կողմէ հակազդեցութեան մէջ։