Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կիրակի, 6 յուլիս 2014-ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցանքներու եւ «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ի վկայականներու բաշխման միացեալ հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, դատակազմերու անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեծ թիւով աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացումը կատարելով` կաթողիկոսարանի Կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան նախ եւ առաջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ աւանդութեան կարգ անցած սոյն մրցանքներուն այս տարի եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ գրեթէ բոլոր վարժարանները` անգամ մը եւս փաստելով, որ այս նախաձեռնութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ: Ապա, Կիրակոսեան կեդրոնացաւ «Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի երկամեայ խտացեալ դասընթացք»-ին վրայ` իբրեւ անփոխարինելի եւ խիստ օգտակար նախաձեռնութիւն: Դասընթացքին մասնակից աշակերտներուն անունով իր սրտի խօսքը արտասանեց Սիլվա Պեքարեան-Գարաօղլանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` նման խիստ օգտաշատ ծրագիր մը նախաձեռնելուն եւ հովանաւորելուն համար:
Մրցանքներու եւ վկայականներու բաշխումէն ետք իր եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ պատասխանատուներուն ծառայութիւնն ու նուիրումը բարձր գնահատելէ ետք, եզրափակեց. «Գօտեպնդիչ եւ հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ մըն է այս գեղեցիկ երեւոյթը, որ իր մէջ պատգամ մը ունի փոխանցելիք: Անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ մեր լեզուն` արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է, այս երեւոյթին դիմաց պիտի գան ըսելու, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս մեր երիտասարդները այս նահանջին դիմաց պիտի չընկրկին, այլ մեր լեզուն պիտի պաշտպանեն, պիտի մաքրեն օտար ազդեցութիւններէ եւ արեւմտահայերէնը, անոր ճշգրիտ գործածութիւնը պիտի տարածեն մեր ընտանիքներէն, մեր դպրոցներէն ու մեր կեանքէն ներս. ահա պատգամը այս գեղեցիկ երեւոյթին»: