Հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2022-ին Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հալէպահայ գրող, բեմադրիչ, դաստիարակ եւ կրթական մշակ Մանուէլ Քէշիշեանը: Ստորեւ կը հրատարակենք այս առիթով Կիրակոս Գույումճեանին գրութիւնը:
Սիրելի՛ Մանօ,
Իմ ցաւակցական խօսքէն առաջ կ՛ուզեմ յայտնել, որ դուն ազգային նահատակ մըն ես` իմ ակնոցով դիտուած: Այո՛, անկեղծ եւ հարազատ նահատակ, այն պատճառով, որ մերժեցիր պարտականութիւններէդ հրաժարիլ, զիջիլ` Հալէպ քաղաքի մէջ ստանձնած միութենական, կրթական, ուսանողական, դաստիարակչական եւ այլեւայլ պատասխանատուութիւններէդ, զանոնք գերադասեցիր, առողջութիւնդ եւ հանգիստդ զոհեցիր` «դպրոցը տակաւին ինծի պէտք ունի», «Հալէպը ինծի պէտք ունի», «քաղաքը մարդ չմնաց» պատճառաբանելով, վահանակիր մնացիր Հալէպի մէջ եւ չմիացար Հայաստան հաստատուած ընտանիքիդ: Տասնեակ, նոյնիսկ հազարաւոր անգամ մերժեցիր Հայաստանի մէջ ընտանիքիդ միանալու կնոջդ` տիկին Վարդիին, զաւակներուդ խնդրանքները:
Քաջ գիտնալով առողջական ծանր, մտահոգիչ վիճակդ` մնացիր պատնէշի վրայ կեցող պահակ եւ ահա մահացար, ազգային առաքելութեան ճանապարհին վրայ` զոհ ու նահատակ:
Սիրելի՛ Մանօ, մահովդ, ինչպէս ազգը, նոյնպէս ես կորսնցուցինք շատ արժէքաւոր, նուիրեալ եւ ազնիւ բարեկամ ընկեր մը` օժտուած շատ բարձր մարդկային արժանիքներով, որոնք նկատած եմ բազմաթիւ առիթներով, մեր յաճախակի զրոյցներուն, այլեւայլ ծառայութիւններուդ ընթացքին, մանաւանդ` հալէպահայութեան համար «Ներսէս Շնորհալի» ուսանողական մրցանակի հիմնադրութեան, կազմաւորման աշխատանքներուն ընթացքին:
Այս տխուր պահուն անկեղծօրէն կը սեղմեմ ընտանեկան պարագաներուդ եւ հարազատներուդ ձեռքը, իմ խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ բոլորին եւ կը կիսեմ անոնց ցաւը` մաղթելով երկնային մխիթարութիւն:
Սիրելի՛ հանգուցեալ Մանօ, այս անկեղծ եւ համեստ տողերը գրողը, քեզ շատ սիրող ու յարգող հալէպահայութիւնը վառ պիտի պահեն քու վաստակդ, քու բարի յիշատակդ:
Ննջէ խաղաղ եւ յաւիտեան երկինքի արքայութեան մէջ, լոյսերով եւ փառքով: Գործդ անմահ է, վաստակդ` մեծ:
Խունկ եւ աղօթք կը բարձրացնեմ հոգիիդ խաղաղութեան համար:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Սգակիր բարեկամդ`
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ