Լիբանանցիները այսօր կ’ոգեկոչեն իրենց հայրենիքի նորագոյն պատմութեան ամենատխուր եւ չարաղէտ հանգրուանին յիշատակը: Պիտի նախընտրէինք «արիւնալի էջ» եզրով սահմանափակել 13 Ապրիլին ծայր առած արհաւային այդ հանգրուանին յիշատակը, սակայն գրիչը նոյնիսկ դաւաճանեց, յուշելով, թէ սովորական էջ մը չէր ան, այլ՝ հանգրուան, ուր լիբանանցին օտարացաւ իր հարազատ եղբօր, քրոջ, հօր ու մօր հետ…:
Տասնեակաւոր տարիներ դրացնութեան մէջ ապրող հարազատներ զէնք վերցուցին իրար դէմ: Ոչ ոք փորձեց լիբանանցին փրկել իր տուայտանքներէն, որովհետեւ լիբանանցին օտարացած էր ինք իր հետ, մոռնալով օրէնք, իշխանութիւն, բարոյականութիւն, հայրենիք, հայրենասիրութիւն…: Լիբանանցին օտարացած էր ինք իր հետ եւ միաժամանակ իր հայրենիքին դէմ: Ո՞վ կրնար խորհիլ հայրենիքի մասին, երբ մամոնայի տակ գինովցած լիբանանցին ծախու հանած էր իր հոգին ու խիղճը, հայրենիքն ու ազգային արժանապատուութիւնը: Ո՞վ պահու մը համար կը մատածէր, թէ հայրենիքի հոգէառները ինչպիսի հաշուետուութիւն պիտի տային ապագայ սերունդներու առջեւ: Ին՞չ ամօթանք, ին՞չ զգաստութիւն:
Քանդեցին ու կողոպտեցին հայրենիքը՝ մեծով ու փոքրով, արիւնով ներկեցին Կանաչ Լիբանանը, գիտակցաբար կամ՝ ոչ, կամայ թէ ակամայ, բոլորը համատեղ՝ աջով ու ձախով, մեծով ու փոքրով, ազգային ու ապազգային ճակատներով մեղսակից դարձան հայրենադաւութեան: Այո, բոլորը դաւեցին Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան դէմ: Եւ մարդկային ինչպիսի հեգնանք՝ պատերազմի թշնամիները դարձան «խաղաղութեան» գործընկեր…:
Հաշուեյարդար՝ հարիւր հազարէ աւելի զոհեր, միլիոն եւ աւելի արտագաղթողներ, փլուզած տնտեսութիւն, ընկերային ու բարոյական խաթարուած հոգեվիճակ, սարսափի տակ ծնունդ առած պատերազմի սերունդ: Լիբանանցիներու ձեռքով սկսած ռւրիշներու պատերազմը, նոյնինքն ուրիշներու ձեռքով հասաւ իր վերջակէտին: Միջազգային եւ շրջանային խորհրդակցութիւններու եւ ճնշումներու լոյսին տակ Թայէֆի մէջ նոր սահմանադրութիւն մը մշակուեցաւ վաղուան Լիբանանին համար: Բայց արդեօ՞ք սահմանադրութեան մէջ տեղ գտած թերութիւնները կամ վերատեսութեան ենթակայ յօդուածներն էին քաղաքացիական տասնհինգամեայ աւերիչ պատերազմին պատճառը…: Անշուշտ՝ ոչ: Օտարին ապաւինելու եւ հարազատ համաքաղաքացիին չվստահելու որոմն էր պատերազմին իսկական դրդապատճառը:
Քաղաքացիական պատերազմի ուրուականը այսօր եւս կը շրջի Լիբանանեան երկնակամարին վրայ, որովհետեւ մերօրեայ ղեկավարները կը շարունակեն օտարի ծառայութեան մէջ գտնել իրենց գոյութեան երաշխիքը: Ինչի մասին խօսիլ, երբ հայրենասիրութեան ընկալումն անգամ դարձած է օտարներու շահադիտութեանց խաղալիք: Օտարին համար պատրաստ են գերագոյնին, սակայն հարազատ ազգակիցին համար՝ ոչ: Այստեղ պահուած է քաղաքական անհանդուրժողութեան եւ փոխադարձ անվստահութեան թնճուկը: Քսան եւ երկու տարիներ անցած են Թայէֆեան համաձայնագիրով կերտուած խաղաղութեան: Ոմանք վերապահութիւն կը յայտնեն ու կ’առարկեն խնդրոյ առարկայ համաձայնագիրին կարգ նը յօդուածներուն վերաբերեալ, ոմանք կը մերժեն զայն, ուրիշներ կը պահանջեն վերատեսութեան ենթարկել որոշ յօդուածներ: Ցած ձայնով կը փափաքինք հարցում մը ուղղել Թայէֆի կողմակիցներուն եւ ընդդիմախօսներուն՝ առ այսօր ին՞չ իրագործուած է Թայէֆի համաձայնագիրին կէտերէն: Թայէֆը խաղաղութեան հասնելու լաստ մըն էր պարզապէս: Անոր հիմնական նպատակը եւ գործադրութենէն աւելի կարեւորը՝ վստահութեան պարիսպներու կառուցումը պիտի ըլլար լիբանանցիներու միջեւ, որ չիրականացաւ դժբախտաբար: Լիբանանեան քաղաքական բեմը այսօր աւելի բեւեռացած է քան երէկ: Մատի վրայ հաշուող հեղինակութիւններու մօտ կը շօշափուի ազգային ոգիի ըմբռնում, պետական ինքնուրոյնութեան գիտակցութիւն: Անոնք օտար հասարակարգերու վերապահուած արժանիքներ ըլլան կարծէք: Երկիրը այսօր ալ ենթակայ կը մնայ օտարի կամապաշտութիւններու եւ շրջանային վերիվայրումներու գերին: Այս բոլորին զուգահեռ, տնտեսութիւնը, ճարտարարուեստը, պետական պիւտճէն հարստացնող հիմնական մարզերը կ’ապրին լուրջ տագնապ: Երիտասարդը կը հեռանայ իր հայրենիքէն: Ո՞վ մտահոգուած է Լիբանանի ապագային վրայ ընկերային այս ողբերգութեան հետեւանքներէն: Ո՞վ պիտի կասեցնէ ուղեղներու արտահոսքը արտասահման: Ո՞վ դարման պիտի գտնէ երկրին ընկերային կայունութեան խորհրդանիշ՝ օրըստօրէ նոսրացող արդար եւ արժանավայել կեանք ապրելու միջին խաւին ընկերային պահանջներուն: Ոչ՝ ոք: Քաղաքացիին հանդէպ անտարբերութիւնը եւ ենթակայութեան մշակոյթը, մարդկային արժէքներու հանդէպ անտեսումները բոյն դրած են քիչ մը ամէն տեղ : Ոչ աւելի, ոչ՝ պակաս: Ապրիլ իբրեւ թիւ, բայց ոչ իբրեւ պարտականութեան գիտակից ու յանձնառու քաղաքացի, այլապէս՝ հեռանալ: Հանգամանքներու ստիպողութեան տակ, թէ նախախնամութեան տնօրինումով՝ ինքուրոյն եւ հզօր պետականութիւն կերտելու գաղափարը խորթ եղած է լիբանանցիին: Փաստը՝ անոր պատմութիւնը:
Մեր փափաքն է, որ 13 Ապրիլի յիշատակը զգաստութեան հրաւէրի եւ հայրենաշինութեան Ուխտի ահազանգ դառնայ համայն լիբանանցիներուն համար: Այսպէս միայն կարելի պիտի ըլլայ պատասխանել Լիբանանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ պետականութիւնը ոտնակոխելու փորձ կատարող թշնամիներուն եւ սիրամարգերուն:
Ա
www.araraddailynews.com