ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Երէկ, «Ազդակ» իր ընթերցողներուն ներկայացաւ իւրայատուկ յաւելուածով մը: Իւրայատկութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ յաւելուածի բովանդակութիւնը ամբողջովին կազմուած է 18-20 տարեկան աշխատակիցներէ:
Խօսքը անշուշտ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցներուն մասին է, որոնք հետեւողականօրէն իւրաքանչիւր փուլին, 9 ամսուան վրայ երկարող տեսական-գործնական վարժողականութենէ ետք լոյսին բերին իրենց երեխայրիքը:
32 էջնոց յաւելուածին մէջ ներառուած են յօդուածներ, հարցազրոյցներ, տեղեկագրութիւններ, որոնք անցան լեզուական, լրագրական, խմբագրական մաղերէ: Անհպելի մնացին միտքերը, ոճերը, կարծիքները, նիւթի ընտրութիւնները:
Առաջին եզրակացութիւնը այն էր, որ առկայ է կարողականութիւն ամբարած սերունդ, որ իրազեկ է ինչպէս միջազգային, այնպէս նաեւ ազգային հարթութեան վրայ արձանագրուող իրադրութիւններուն եւ որ ունի բազմազան հետաքրքրութիւն:
Վարժողական ծրագիրը ինքնանպատակ չէ անշուշտ: Այս երիտասարդները ընտրած են իրենց մասնագիտութիւնները, որոնք անպայման կապ չունին լրագրութեան հետ: Հազուագիւտ են նոյնիսկ անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց ասպարէզը կապել մամուլին կամ ընդհանրապէս լրատուադաշտին:
Չունինք անշուշտ այն համոզումը, որ վարժողական այս ծրագիրները կրնան լրացնել մարդուժի բացը մամլոյ ասպարէզին մէջ: Մամուլը եւս մասնագիտութիւն է ինչպէս որեւէ ասպարէզ եւ արհեստավարժութիւն կամ` լրիւ այս մարզին տրամադրուած ըլլալը նախապայման է գործի արդիւնաւէտութեան համար:
Այդ արդիւնաւէտութիւնը պայմանաւորուած է մեր պարագային ոչ միայն քաղաքական մտածողութեան, հասարակագիտութեան կամ կրթական, մշակութային ու մարզական նիւթերու իրազեկումով եւ զանոնք լրագրական մասնագիտութիւններով ներկայացնելով, այլ նաեւ եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնի տիրապետումով:
Այս զուգահեռ հրամայականներուն ամբողջացումը հետզհետէ դժուար կը դառնայ մեր իրականութեան մէջ:
Այս ծրագիրը սակայն, որոշ բաց մը կը լրացնէ: Թերթին կապուած մնալու, աշխատակցելու, ելեկտրոնային հարթակներու վրայ հայատառ գրելու, նոյն հարթակներուն վրայ ազգային-մարդկային նիւթերու քննարկումներուն հայերէնով արտայայտուելու եւ ընդհանրապէս մեր յօդուածագիրներուն ցանկը երիտասարդացնելու նպատակին ծառայելու առումով կրնան դրական արդիւնքներ գրանցուիլ:
Ստորագրութիւններուն հետեւողը եւ մեր միութենական ու կրթական դաշտերուն ծանօթը պիտի նկատէ, որ այս երիտասարդները ներկայ են ոչ միայն իբրեւ համապատասխան մարմիններու եւ յանձնախումբերու անդամներ, այլ նաեւ աշխուժ անդամն են իրենց միութեան կամ դպրոցական թերթերուն խմբագրակազմերուն: Այլ խօսքով` իրենց անդամակցած միութեան, հայ մամուլին հետ առնչուած երիտասարդ մարդուժի ներկայացուցիչներ:
Պարզ է, որ այս երեւոյթով պիտի չգոհանան ծրագիրին պատասխանատուները: Այս ծրագիրին իւրաքանչիւր փուլի աւարտականին հետ կապը պիտի ըլլայ հետեւողական, մեր գաղութի, հայրենիքին թէ սփիւռքին հետ աղերսուած այժմէական նիւթերու քննարկումներու զանոնք մասնակից դարձնելու եւ անկէ ետք այդ քննարկումներու ընթացքին արտայայտուած միտքերը բանաձեւելու եւ յօդուածագրելու նպատակով:
Այս հրատարակութիւնը այդ առաջադրանքի ազդարարումին գրաւոր տեղեկանքն է: Մեր ապագայ լրագրողները արդէն ներկայ աշխատակիցներ են: Յաւելուածի, միութենական մամուլի թէ աշակերտական պարբերաթերթի բովանդակութիւնները հարստացնողներ: Անոնց գալուստը մամուլի դաշտ բարի է: Պիտի աշխատինք, որ նաեւ հետեւողական ըլլայ: