Երկուշաբթի, 8 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրին Բ. եւ Գ. փուլի մասնակիցները ստացան իրենց հաստատագիրները:
«Ազդակ»-ի խմբագիրներէն, «Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան իր արտասանած խօսքով արժեւորեց բոլորին աշխատանքն ու հետեւողականութիւնը:
«Ձեր ճիգերով պատրաստուած այսօրուան յաւելուածը փաստ է, որ լիբանանահայ երիտասարդը իր խօսքը ունի ըսելու, իր կեցուածքը ունի արտայայտելու, իր ոճը ունի գրելու, ժապաւէնը` պատրաստելու, մեր տագնապներուն եւ տարբեր տեսակի երեւոյթներուն անդրադառնալու եւ այդ մասին իր տեսակէտը ընդգծելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս աշխատանքը անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել առանց «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան եւ ծրագիրին նպաստող բոլոր օգնականներուն, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին աջակցութեան, դպրոցներուն եւ դասախօսներուն, իսկ ամէնէն կարեւորը` աշակերտներուն մասնակցութեան:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն, գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի համար այսօր ուրախալի օր է` հաստատագիրներու յանձնումին առիթով, սակայն նաեւ անոր համար, որ «Ազդակ»-ի հսկայական արխիւին մէջ` զանազան առիթներու պատրաստուած յաւելուածներու մէջ, այս յաւելուածը իւրայատուկ է, որովհետեւ 18-20 տարեկան երիտասարդներու ստորագրութեամբ լոյս տեսած է:
«Այս իրականութիւնը հեռանկարային է, ուրախալի է եւ գոհունակութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ ինչպէս որեւէ աշխատանքի պարագային, կարեւոր է երիտասարդութեան ներգրաւումը «Ազդակ»-ի մէջ», ըսաւ ան:
Շ. Գանտահարեան շեշտեց, որ այս հանդիպումը մտերմիկ է եւ ոչ պաշտօնական` մաղթելով, որ այսպիսի հանդիպումները կրկնուին քննարկումներու տեսքով, քննական միտք զարգացնելու եւ այդ միտքերը թուղթին յանձնելու նպատակով, որպէսզի աշխատանքը ըլլայ հետեւողական:
Ան բարձր գնահատեց երիտասարդներուն կողմէ ընտրուած նիւթերն ու ճշդուած թեմաները` նկատել տալով, որ անիկա ցուցանիշ է որոշ հեռանկարի մը գոյութեան, աշխատանքի արդիւնաւէտութեան` մասնակցութեան առումով, եւ ոչ թէ պատուէր կատարելու կամ ուրիշին որոշումը գործադրելու:
Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ «Ապագայ լրագրող»-ներուն կողմէ հրապարակուած յաւելուածին մասին շնորհաւորական հեռաձայններ ստացած է, «եւ տակաւին յաւելուածը «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային հարթակին վրայ չտեղադրուած դրական արձագանգ կայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս երեւոյթը քաջալերողներ կան, եւ այդ թիւին հեռանկարային, դրական եւ նպատակային բաժինները տեսնողները շատ են, եւ այդ մէկը կը մղէ մեզի շարունակելու այս ծրագիրը: Յաւելուածին մասին քանի մը ժամուան մէջ արձանագրուած դրական արձագանգը շատ քաջալերական է եւ մեր աշխատանքներուն նոր աւիշ բերելու եւ երիտասարդականացման առումով շատ քաջալերական է», յայտնեց ան:
Շ. Գանտահարեան մաղթեց, որ մտերմիկ նման հանդիպումները կրկնուին, եւ «Ազդակ»-ի հետ սկսած աշխատանքը շարունակուի քննարկումներու եղանակով, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ քննարկումներուն ընթացքին արծարծուած զանազան նիւթերուն մասին բխած մտածումները թուղթին յանձնել:
«Մենք տակաւին միասին ճամբայ ունինք անցնելիք, եւ վստահ եմ, որ այն հետեւողականութիւնը, որ ցուցաբերեցիք, իր արդիւնքը տուած է, եւ ձեր ամբարած գիտելիքներուն առաջին արգասիքը հրատարակուած է: Մենք անպայման կը շարունակենք միասին», եզրափակեց ան:
Ապա տեղի ունեցաւ հաստատագիրներու յանձնում:
Բ. եւ Գ. փուլի մասնակիցներն են. Կարէն Պոյաճեան, Կիրօ Սէրայտարեան, Գէորգ Եագուպեան, Սարօ Սէրուժեան, Սէրուժ Խանճիհանեան, Կարէն Խիւտավերտեան, Կայէլ Ապուսէֆեան, Յարութ Մարկոսեան, Նարօտ Քեչէպաշեան, Ռիթա Սալլում, Ներսէս Ապրիլեան, Ալին Այանեան, Բալիկ Պօղոսեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Լոռի Յովսէփեան, Հելենա Քէշիշեան, Մարիա Խաչատուրեան, Սօսէ Խաչատուրեան, Արազ Խտըրեան, Գարին Գույումճեան, Յարութ Մաւեան, Հրակ Մամիկոնեան, Սեւակ Զարմէնեան եւ Ռիթա Փափազեան:
Նշենք, որ հաստատագիրներու յանձնումին առիթով, «Ազդակ»-ի երէկուան թիւին կողքին լոյս տեսաւ նաեւ «Ապագայ լրագրող»-ներուն կողմէ պատրաստուած յաւելուածը: