Չոպանը մը իր երկու ոչխարները կը տանի շուկայ, որ ծախէ, բայց ուշ կը հասնի՝ յաճախորդ չի գտներ:
Յուսահատ ու զղջացած կ’ուզէ ետ դառնալ, մէյ մըն ալ միջնորդ մը կը մօտենայ.. ոչխարներու դմակը ձեռքերուն մէջ առնելով կը ստուգէ ծանր ու թեթեւ ըլլալը, կողերը կը սեղմէ, կը ճմլէ՝ իբրեւ թէ կ’ուզէ գնել, զանազան բաներու մասին երկար-բարակ, դատարկ ու անմիտ կը խօսի, վերջը,
- ի՞նչ կ’արժէ քու ոչխարը:
Ոչխարին գինն ալ այդ ժամանակ շատ-շատ՝ երեք-չորս մանեթ* էր: Բայց չոպանը կը տեսնէ, որ սա քամի փչող է, բան առնող չէ, գլուխէն հեռացնելու համար կ’ըսէ.
- Այս ոչխարին գինը հազար մանեթ է:
- Քու չոպան հալովը** վրաս կը ծիծաղի՞ս,- կ’ըսէ մունետիկը,- ահա հիմա ծիծաղիր:
Կ’ըսէ ու ապտակ մը կու տայ չոպանին:
Չոպանը ոչխարները թողած, կը բռնէ այդ մունետիկի օձիքէն, քաշելով կը բերէ գիւղապետին մօտ:
- Ինչ գանգատ ունիս,- կը հարցնէ գիւղապետը:
Չոպանը կը պատմէ, որ այսպիսի, այսպէս բան, այս մարդը, ես անմեղ, անտեղի ինծի ապտակեց:
- Շիտակ կը խօսի՞ այս խեղճ չոպանը,- կը հարցնէ գիւղապետը:
- Հրամանքդ,- կ’ըսէ մունետիկը ու աչք կ’ընէ: Գիւղապետը կը հասկնայ մունետիկին աչքով ընելը՝ այսինքն դուն քուկդ կը ստանաս:
Իբրեւ թէ շատ կը զայրանայ մունետիկին վրայ, պոռալով.
Այդ արարքիդ համար,-կ’ըսէ,- այս չոպանին, տուգանք պէտք է տաս. Քսան կոպէկ***: Այս վայրկեանին հանէ,- կ’ըսէ,- տուր:
- Հրամանքդ,-կ’ըսէ մունետիկը,- մօտս չկայ, երթամ տուն, բերեմ:
- Բան չկայ,-կ’ըսէ ,- սա կը սպասէ, գնա՛ բեր:
Չոպանը կը հասկնայ, որ իր վրայ կը ծիծաղին: Մունետիկին երթալէն յետոյ կը հարցնէ.
- Պարոն գիւղապետ,-կ’ըսէ,-ուրեմն, մարդու երեսին ապտակ տալը քսան կոպէկ կ’արժէ՞:
- Այո՛, այդպէս է օրէնքը,- կը պատասխանէ գիւղապետը :
- Մեռնիմ օրէնքին,- կ’ըսէ չոպանը, ապտակ մը կու տայ գիւղապետին, մունետիկը, որ քսան կոպէկը բերէ,-կ’ըսէ,- քեզի թող ըլլայ: Ես կ’աճապարեմ, գացի:
Մինչեւ գիւղապետի՝ սթափիլը, չոպանը կը փախչի, կ’երթայ:
* * *
Ախ, ինչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ կաշառակեր դատաւորը ընդմիշտ ապտակի արժանանար:
* * *
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
Աղբիւր՝ «Արեւ» – Սուրէն Քոչարեանի հեքիաթներու ժողովածու։
Ծանօթագրութիւն
* Մանեթ: Ռուսական թղթադրամ՝ մէկ ռուբլի
** Հալով: Վիճակ, դրութիւն:
*** Կոպէկ: Խորհրդային Ռուսիոյ դրամական միաւոր պղինձէ: 100 կոպէկը՝ 1 ռուբլի: