Այսու կ’ուզեմ ընթերցողմներուս պարզել քանի մը բառերու կիրարկութեան ծալքերը՝ նկատի առած այն սխալ լուծումները, որ արեւմտահայը տուած է այդ բառերուն:
- Որեւէ
Ամէն անգամ որ արեւմտահայ լրագրողը պիտի արտատպէ արեւելահայերէն գրութիւն մը, երբ հանդիպի որեւէ դերանունին, որ դրուած է անձի անունի վրայ,– օրինակ՝ որեւէ անցորդ, որեւէ ուսանող եւ այլն,– հետեւողականօրէն զայն կը վերածէ ոեւէ-ի, այսինքն՝ կը գրէ ոեւէ անցորդ, ոեւէ ուսանող եւ ապա միայն կը ներկայացնէ զայն ընթերցողներուն:
Թէ ճիշդ ի՞նչ կ’արժէ այս ոեւէ ըսուածը,– քիչ անդին պիտի խօսիմ այդ մասին, հիմա փութամ նկատել տալու, որ այդպէսով արեւմտահայ խմբագիրը արեւելահայ գրողին կը վերագրէ բառ մը, որ անոր լեզուին մէջ գոյութիւն չունի. վասնզի արեւելահայերէնը չի ճանչնար «ոեւէ» կոչուած դերանուն մը, այլ ան կը ճանչնայ մէկ ու միասնական «որեւէ»-ն, որ հաւասարապէս կը դնէ թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի անուններուն վրայ. այսպէս՝ որեւէ մատիտ, որեւէ աշակերտ հոն, ուր արեւմտահայը հակում ունի ըսելու որեւէ մատիտ, ոեւէ աշակերտ:
Հարցում. կա՞յ ձեր մէջ մէկը, որ պիտի փափաքէր, որ իր գրութեան մէջ ուրիշներ սպրդեցնէին բառ մը, որ գոյութիւն չունի ձեր, աւելի ճիշդը՝ ձեր լեզուի բառամթերքին մէջ:
Կը կարծեմ, թէ ո՛չ:
Բայց դուք կ’ընէք այդ բանը արեւելահայուն՝ այն հաստատ համոզումով, թէ ձեր գիտցածն է ճիշդը, իսկ արեւելահայը չունի այդ չքնաղ գիտութիւնը:
Ստորեւ սերտենք այդ «գիտութեան» մութ ծալքերը:
Եւ տեսնենք, թէ որքա՛ն վաւերական է ան:
* *
*
Ոեւէ-ն գրաբարէն կու գայ, եւ առաջին արմատն է «ո», որ կը նշանակէ «ո՞վ»:
Յիշենք հայրենաբաղձ Արտաշէսի ողբը՝ մահուան պահուն, օտար հողի վրայ.
«Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի եւ զառաւօտն Նաւասարդի…»
(Ո՞վ կու տար ինծի ծխանի ծուխը եւ Նաւասարդի առաւօտը…)
Յիսուսի գերեզմանը այցելող իւղաբեր կիներուն՝ հրեշտակը հարցուց.
«Կի՛ն դու, զի՞ լաս, (զ)ո՞ խնդրես…»
(Դո՛ւն կին, ինչո՞ւ կու լաս, (զ) ո՞վ կը փնտռես…)
Իսկ ոեւէ կը նշանակէ՝ ով ալ ըլլայ:
Ուրեմն աշախարհաբարը ո՞ չունի, ունի ո՞վ:
Գրաբարը միշտ միջոցներ գտած է անզգալաբար սպրդելու աշխարհաբարի մէջ այն պատճառով, որ աշխարհաբար գրողը այնքան ալ լաւ չի ճանչնար այս երկուքին ճշգրիտ սահմանները: Այս չիմացութեան հետեւանքով ալ ոեւէ-ն, որ ունի գրաբարեան կառոյց մը, կրցած է ազատօրէն թափանցել աշխարհաբարի բերդէն ներս, որ անպաշտպան է:
Միւս կողմէ՝ իրերու բնական բերումով եւ պահանջով աշխարհաբարը միաժամանակ ստեղծած է իր սեփական հոմանիշն ալ, որ է որեւէ դերանունը:
Եւ այնուհետեւ ոեւէ եւ որեւէ գոյակցած են հաւասար իրաւունքներով եւ հաւասար յաճախականութեամբ, գրեթէ առանց որեւէ զանազանումի: Փաստօրէն մինչեւ 1950-ական թուականները արեւմտահայ հրատարակութեանց մէջ ոեւէ եւ որեւէ գործածած են մեր բոլոր գրողները: Ո՛չ մէկուն մտքէն անցած է զանազանութիւն մը դնել ասոնց միջեւ:
Եղած են նոյնիսկ միաբեւեռացումի պարագաներ. օրինակ՝ լուսահոգի Զարեհ սրբազան Ազնաւուրեանը կը ճանչնար միայն ոեւէ-ն՝ թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի համար: Եթէ ձանձրոյթը յանձն առնէք եւ թերթատէք իր հոյակապ թարգմանած «Նոր կտակարան»-ը, պիտի նկատէք, որ այստեղ կայ միայն ոեւէ: Լաւ կը յիշեմ, որ իր միաբանակիցներէն ուրիշներու գրիչին տակ ալ հանդիպած եմ այս միաբեւեռացումին, սակայն այս պահուս օրինակներ չունիմ տրամադրութեանս տակ:
* *
*
50-ականներէն սկսեալ, երբ Բենիամին Թաշեան խմբագիր դարձաւ Գահիրէի «Յուսաբեր»-ին, զանազանութիւն դրաւ ասոնց միջեւ՝ ոեւէ-ն վերապահելով անձի, իսկ որեւէ-ն՝ ոչ-անձի. այսինքն՝ ոեւէ խմբագիր- որեւէ լրագիր, ոեւէ մարդ-որեւէ կատու, ծառ, երկիր եւ այլն:
Այնքան շատ գրեց ու հետապնդեց այս «կանոնը», որ ի վերջոյ յաջողեցաւ զայն ընդունելի դարձնել արեւմտահայ մտաւորականութեան, այն մտաւորակականութեան, որ ընդհանրապէս կը մերժէ ամէն կանոն, եւ երբ կ’առաջարկուի ան, ապա ճի՛շդ հակառակը կը կիրարկէ: Մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս, ո՛ր մոգական գաւազանի ուժով Թաշեան գլուխ հանեց այսպիսի սխրանք մը, այո՜, չեմ չափազանցեր. կանոն մը արեւմտահայ մտաւորականին ընդունիլ տալը իսկական սխրանք մըն է: Կրնամ նաեւ աւելցնել, որ հաւանաբար չկայ այլ կանոն մը, որուն այնքան լաւ տիրապետէ արեւմտահայ մտաւորականը, որքան այս երկու դերանուններու զանազանումին:
Ֆրանսացիները կ’ըսեն՝ chapeau!!!
Մենք ալ ըսենք ու անցնինք:
Այս՝ այսպէ՛ս է:
Ստորեւ նայինք, թէ ճիշդ ի՛նչ կ’արժէր նման կանոն մը:
* *
*
Տեսանք, ուրեմն, որ ոեւէ-ին արմատն է «ո», որ կը նշանակէ «ո՞վ», որ հայերէնի մէջ միայն անձ բնորոշող հարցական դերանուն մըն է:
Իսկ ի՞նչ է որեւէ-ին արմատը:
Որեւէ-ին արմատն է «ո՞ր» հարցական դերանունը, որ ունի ընդհանրական բնոյթ. այս դերանունը կրնամ դնել որեւէ գոյականի վրայ՝ առանց որեւէ սահմանափակումի. այսպէս՝ ո՞ր մարդը, ո՞ր անասունը, ո՞ր լեռը, ո՞ր երկինքը, ո՞ր գաղափարը, ո՞ր յոյսը, ո՞ր չարիքը, ո՞ր…ո՞ր…
Այս ալ կը նշանակէ, թէ որեւէ-ն լայնօրէն բաւարար է մեր լեզուին, աւելի ճիշդը՝ արեւմտահայերէնին, քանի արեւելահայերէնը վաղո՜ւց նկատած է այդ առաւելութիւնը, եւ իր ծոցէն արտաքսած է աւելորդ ոեւէ-ն, որ աշխարհաբար ալ չէ:
Կեանքի մէջ թոյլատրելի է, որ մարդիկ ուզեն տիրել աւելորդ բաներու, այսինքն՝ մէկ տուն ունեցողը գնէ երկրորդ մըն ալ (զօր. Մանուէլ Գրիգորեանը ունի 40 բնակարան, չհաշուած Քոչարեանի առանձնատուները ի Հայաստան, ի Եւրոպա, ի Լոս Անճելըս), մէկ ինքնաշարժ ոբւնեցողը գնէ երկրորդ մըն ալ, մինչեւ իսկ երրորդ մը, չորրորդ մը, ա՛լ չեմ խօսիր մէկ զոյգ կօշիկը երկու ընողին, մէկ տաբատը վեց ընողին եւ այսպէս շարունակ: Բայց լեզուն,– որեւէ լեզու,– չ’ընդունիր, որ իր բառերուն կից յառաջանան այնպիսիները, որոնց իմաստը կրող ուրիշ բառեր արդէն ունի ան. օրինակ՝ կրնա՞ք երեւակայել, որ փորձուինք ստեղծել նոր բառ մը, որ իր կարգին նշանակէ քիթ (երբ «քիթ» եզրը արդէն գոյութիւն ունի) կամ քիթի տեսակ մը, կամ բերան, ականջ, քար, շուն, արեւ…եւ այլն: Ո՛չ, չենք մտածեր, ինչո՞ւ լեզուն եւ զայն խօսողներուդ թանկագին ուղեղը ծանրաբեռնենք աւելորդ «գիտելիք»-ով:
Պարագան նոյնն է որեւէ-ին եւս, որ առանձինն ի վիճակի է արտայայտելու որեւէ առարակայ՝ շնչաւոր թէ անշունչ, ասուն թէ անասուն, նիւթական թէ վերացական, շօշափելի թէ անշօշափելի:
50-ական թուականներուն Թաշեան եւ անոր հետ արեւմտահայ պայծառամիտ մտաւորականութիւնը կը կարծէր անիւի գիւտը կատարել՝ շնորհիւ ոեւէ-ի եւ որեւէ-ի զանազանութեան, երբ արեւելահայերէնը վաղո՜ւց անցած էր այդ փուլը, մոռացութեան զամբիւղը նետելով ասոնց առաջինը եւ լեզուն ազատելով աւելորդ ու անհեթեթ բեռէ մը, իսկ մենք օրինակելի հետեւողականութեամբ կը փորձենք անոր լուծը վերստին փաթթել արեւելահայ գրողի վիզին:
Հապա՞…
Մեզի արեւմտահայ կ’ըսեն…
* *
*
Եզրակացութիւն:
Մենք հազիւ թէ յաջողինք լուծել լեզուական այն այլազան տաղտուկները, որոնք կը խոչընդոտեն արեւմտահայերէնի պահպանումը սփիւռքի մէջ, մանաւնադ երբ հարցերուն կը մօտենանք ուսուցողական-մանկավարժական տեսանկիւնէ: Միւս կողմէ՝ չենք կրնար անտեսել այս վերջին տեսանկիւնը, որովհետեւ եթէ լեզուն պիտի ապրի, ապա ան պիտի նաեւ ուսուցուի:
Արդ, քանի՞ ուսուցիչ կրնայ յաւակնիլ, թէ ինք կը տիրապետէ ոեւէ-ի եւ որեւէ-ի տարբերութեան ու մանաւանդ կը յաջողի զայն հասկցնել ու իւրացնել տալ իր աշակերտներուն, ըսենք՝ այստեղ՝ Լիբանանի մէջ, ապա Եւրոպայի, Քանատայի, Լոս Անճելըսի ու Աւստրալիոյ նորահաս սերունդներուն: Այդ օտարախօս սերունդներն ալ կը հասկնա՞ն յիշեալ զանազանութիւնը:
Եւ յետոյ՝ ինչո՞ւ, ի՞նչ բանի ու ի՞նչ շահելու համար ծանրաբեռնել լեզուն կանոնով մը, որ ոչ մէկ օգուտ ունի: Նախընտրելի չէ՞ նման անհեթեթութեան մը վրայ վատնուած ժամանակն ու եռանդը ի գործ դնել աւելի օգտակար գիտելիք մը ջամբելու համար:
Մտածենք այս մասին…եւ ըստ այնմ շարժինք:
«Շարժիլ» կը նշանակէ այս պահէն սկսեալ վանել անիմաստ ու անպէտ ոեւէ-ն:
Մանաւանդ լեզուական դաս չտալ արեւելահայերուն. անոնք իրենց բոլոր թերութիւններով հանդերձ մեզմէ առնուազն թիզ մը աւելի վեր կանգնած են: Ուրեմն մեր կօշիկէն վեր չելլենք: Ջանանք մեր տունը մաքրել:
Այդ ալ բան մըն է:
[email protected] Ա. Ե.