Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս, ուր հասնելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց. «Սուրիան եւ Իրանը մէկ խրամատի մէջ են, եւ Թեհրան կ՛աջակցի Սուրիոյ ղեկավարութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին»: Ան աւելցուց. «Մեր երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները լաւագոյն վիճակի մէջ են»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ դիմաւորելով իր պաշտօնակիցը յայտնեց. «Պիտի քննարկենք երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ այն հսկայական զարգացումները, որոնք այսօր Ուքրանիոյ մէջ ռուսական գործողութենէն ետք աշխարհի վրայ տեղի կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկենք այդ զարգացումներուն վերաբերեալ մեր հասարակաց կեցուածքները»:
Սուրիոյ նախագահական պալատը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հանդիպում ունեցած է Ապտոլլահեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է երկու երկիրներուն միջեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ գործակցութեան շարունակութիւնը, եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է, որ իր երկիրը Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին կողքին կը կանգնի` «մինչեւ ամբողջ սուրիական հողերուն ազատագրումը»` նշելով. «Սուրիոյ դերակատարութեան ստանձնումը կարեւոր է շրջանի կայունութեան համար»:
Ապտոլլահեան Ասատին ներկայացուցած է հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն ներկայ իրավիճակը: Անոնք տեսակէտներու փոխանակում կատարած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վերաբերեալ, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ մէջ կացութեան մասին:
Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Դամասկոսէն յայտարարեց. «Այսօր աւելի քան երբեք մօտ ենք (Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ) հիւլէական համաձայնութեան հասնելու»:
Ան նաեւ յայտարարեց. «Մենք կ՛ողջունենք Դամասկոսի հետ մերձենալու կարգ մը արաբական երկիրներու քայլերը»: