Երկրին մէջ վառելանիւթի տագնապը կը վերահաստատէ ինքզինք` պենզինի կայարաններու սեփականատէրերուն կողմէ կայարանները փակելու որոշումին լոյսին տակ:
Պենզինի կայարաններու սեփականատէրեր կը հաստատեն, որ այս տագնապը կարելի է լուծել, երբ Կեդրոնական դրամատունը բաւարար ամերիկեան տոլար տրամադրէ, որպէսզի իրենք կարենան վառելանիւթ ներածել եւ ընկերութիւններուն ամերիկեան տոլարով վճարել:
Անոնք հաստատեցին, որ ի վիճակի չեն վառելանիւթը տոլարով գնել եւ լիբանանեան դրամանիշով վաճառել:
Վառելանիւթ ցրուող ընկերութիւններու խորհուրդի նախագահ Ֆատի Ապու Շաքրա կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն արագ քայլերու դիմելու` լուծելու համար Կեդրոնական դրամատան եւ վառելանիւթի ներածման ընկերութիւններուն միջեւ հարցը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատունը սահմանափակումներ ճշդած է ամերիկեան տոլարով կատարուող փոխանցումներուն վրայ` աւելցնելով, որ այդ որոշումը պատճառ պիտի դառնայ, որ պենզինի կայարաններուն դիմաց հերթերը վերադառնան:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ հնչած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները ծածկող մութ ամպը մօտիկ ապագային պիտի հեռանայ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանը Ծոցի երկիրներուն կը կապեն պատմական յարաբերութիւններ, հասարակ յայտարարներ, ինչպէս նաեւ միացեալ ճակատագիր մը ունենալու համոզումը:
Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ քայլերը կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը:
Միքաթի վերահաստատեց, որ անցեալ շաբաթ օրուան կառավարութեան նիստին նպատակն էր խորհրդակցիլ` դատական իշխանութիւններուն կողմէ օրէնքի գործադրութեան համաձայն իրենց դերակատարութիւնը կատարելու:
Կառավարութիւնը որոշեց կազմել յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն դատաւորներ, լումայափոխներ եւ իրաւաբաններ, որպէսզի անոնք լուծումներ գտնեն դատական հոլովոյթներուն ընթացքին արձանագրուած կարգ մը բացթողումներուն:
Յանձնախումբին կը նախագահէ արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի:
Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն յառաջիկայ չորեքշաբթի օր հրաւիրել կառավարութեան նիստին, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլէն պահանջեց, որ Կեդրոնական դրամատան հետ համադրէ այն աշխատանքը, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին պենզինի կայաններուն ամերիկեան տոլար հայթայթուի` «Սայրաֆա»-ի հարթակին փոխարժէքով:
Տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուզէ փարատել քաղաքացիներուն մտահոգութիւնը եւ կը հաստատէ, որ վառելանիւթ ապահովելու իմաստով համապատասխան քայլեր պիտի առնէ:
Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ Զուքի նաւահանգիստին մէջ կայ քիմիական նիւթ մը, որ կրնայ շատ աւելի վտանգաւոր ըլլալ, քան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող նիւթը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին պարտականութիւն տրուած է ստանձնել Զուքի նաւահանգիստին հսկողութիւնը, ստուգել հոն գտնուող քիմիական նիւթերը եւ այդ մասին տեղեկագիր մը ներկայացնել` նկատի ունենալով, որ երկրագործութեան նախարար Նասեր Եասին այդ նիւթերը կը նկատէ վտանգաւոր:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին կատարուած քննարկումները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի. քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին քաղաքական զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Առեւտուրի պալատներու արաբական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հանաֆի: