Ատրպէյճանա-թրքական ամերիկեան խումբերը կը զրպարտեն ամերիկահայ գործարարը: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ իր մտահոգութիւնները յայտնած է «Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան:
Անոր խօսքով` անցեալ շաբաթ ատրպէյճանա-թրքական ամերիկեան չորս կազմակերպութիւններ համակարգուած հակահայկական քարոզչութիւն ծաւալած էին` մեղադրանքներու տարափ տեղացնելով «Hyatt Hotels» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարք Հոփլամազեանի հասցէին` զայն եւ այլ ամերիկահայ գործարարները վախեցնելու նպատակով:
Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի (ATAA), Ամերիկայի ատրպէյճանական խորհուրդի (AAC), Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու դաշնութեան (FTAA) եւ Ամերիկայի ատրպէյճանական ընկերութեան (ASA) ղեկավարները, «Hyatt»-ի տնօրէններու խորհրդի նախագահ Թոմաս Փրիցկըրին ուղղուած իրենց նամակին մէջ Հոփլամազեանը մեղադրած են «էթնիկ քարոզչական արշաւներու մէջ» ներգրաւուած ըլլալուն մէջ:
Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը յարձակած են Հոփլամազեանի վրայ` Հայ- ամերիկեան լոպպիստական խումբի` Ամերիկայի հայկական համագումարի Սեպտեմբեր 22-ի կազմակերպած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին ժամանակ իբրեւ «Hyatt»-ի տնօրէն ելոյթ ունենալուն համար:
Անոնք նաեւ իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են, որ «Հոփլամազեանը կը ծառայէ «Դիմագրաւել պատմութիւնը եւ մենք մեզի» շահոյթ չհետապնդող խումբի խորհրդատուական մարմնին մէջ, որ «կ’ուսուցանէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին»:
Թրքական չորս կազմակերպութիւնները պնդած են, որ «պարոն Հոփլամազեանի ներգրաւուածութիւնը Թուրքիոյ եւ Աերպէյճանի դէմ թշնամութիւն տարածող էթնիկ յատուկ շահերու խմբերուն մէջ կրնայ ոտնահարել «Hyatt»-ի գործարարութեան վարքագիծի եւ էթիկայի կանոնակարգի Շահերու բախում կետը»: Այնուամենայնիւ, հիւրանոցի կայքին մէջ տեղադրուած Կանոնակարգի ուսումնասիրութենէն պարզ կ’երեւի, որ ան ոչ մէկ նշում կը պարունակէ` «Hyatt»-ի ղեկավարին կողմէ Կանոնակարգի դրոյթներէն որեւէ մէկը խախտելու վերաբերեալ: Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը իրենց նամակին մէջ շարք մը չարանենգ յայտարարութիւններ ըրած են` Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրելով իբրեւ «անհիմ պնդում» եւ «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանի ներհամայնքային վայրագութիւններ»:
Անոնք կեղծօրէն պնդած են, որ այդ «վայրագութիւնները» երբեք որեւէ դատարանի մէջ չեն վիճարկուած եւ հայերու տեղահանութեան ոչ մէկ մտադրութիւն հաստատուած է, «ոչ մէկ պատիժ կամ դատավճիռ կայացած է՝ ըստ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման մասին 1948 թուականի կանոնադրութեան դրոյթներուն»:
Յարութ Սասունեան կը գրէ, որ թրքական կազմակերպութիւններու ղեկավարները նման անհեթեթ պնդումներ ընելով պարզապէս իրենց տգիտութիւնը բացայայտած են Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերուն վերաբերեալ: Անոնց ձեռնտու է մոռնալ 1919 թուականի թրքական ռազմական դատարաններու մասին, որոնք մահուան դատապարտած էին Հայոց Ցեղասպանութեան թուրք պարագլուխները: Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ եւ Արժանթինի դաշնային դատարանները եւս վերահաստատած են Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը: Բացի այդ, ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովը 1985 թուականին իր ընդունած զեկոյցին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը որակած է իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ:
Միաժամանակ, ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը հաւաստիացուցած են, որ իրենք կը ներկայացնեն «աւելի քան կէս միլիոն թրքական ծագում ունեցող ամերիկացիներ»: Ըստ Սասունեանի` ասիկա իրականութեան չի համապատասխաներ այն պարզ պատճառով, որ ըստ ԱՄՆ վերջին մարդահամարին` Միացեալ Նահանգներուն մէջ այդքան շատ թուրք բնակչութիւն չկայ: Եթէ անգամ թրքական ծագում ունեցող ամերիկացիներուն թիւը կը հասնի կէս միլիոնի, ապա խիստ կասկածելի է, որ անոնք բոլորն ալ իրենց համաձայնութիւնը տուած են այդ կազմակերպութիւններուն կողմէ նման անհեթեթ արկածախնդրութիւններու մէջ մխրճուելու համար:
Ամենայն հաւանականութեամբ, այս չորս խումբերու անդամներուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ ներկայացուած թիւերու միայն չնչին մասը: Ակնյայտ է, որ այս թրքական խումբերը իրենց կեղծ յայտարարութիւններով եւ անմիտ մեղադրանքներով նպատակ ունին վախցնել Հոփլամազեանը եւ անոր ստիպել հեռու մնալ հայկական կամ ցեղասպանութեան առնչուող հարցերէն: Առաւել մտահոգիչ է, որ թիրախ դարձնելով «Hyatt»-ի գլխաւոր տնօրէնը, ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը յոյս ունին նման գործունէութիւն ծաւալելէ ետ կանգնեցնել միւս ամերիկահայ գործարարները:
Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը իրենց համատեղ նամակին մէջ անուղղակիօրէն սպառնացած են «Hyatt»-ի գործակցական շահերուն` նշելով, որ ընկերութիւնը «ներկայիս կը ղեկավարէ ընդհանուր թիւով չորս յաջողած հիւրանոցներ Սթամպուլի (Թուրքիա) եւ Պաքուի (Ատրպէյճան) մէջ»:
Հետաքրքրական է` արդեօք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները լիազօրա՞ծ են այս ողորմելի խումբերը` խօսիլ իրենց անունէն: Ի միջի այլոց, այս կազմակերպութիւնները կը գիտակցի՞ն, որ իրենք կ’ականահարեն իրենց հարազատ երկիրներու գործարար շահերը` յիմարաբար սպառնալով այնպիսի համաշխարհային ընկերութեան, ինչպիսին «Hyatt»-ն է:
Շատ ցաւալի պիտի ըլլայ, եթէ ատրպէյճանական եւ թրքական անխոհեմ արշաւը ընդդէմ նշանաւոր ամերիկահայ գործարարներու սկիզբ դնէ անցանկալի իրադարձութիւններու այնպիսի շղթայի մը, որ կը յանգեցնէ հայ համայնքի պատասխան քայլերու՝ ընդդէմ յաջողակ թուրք գործարարներու, ինչպիսին, օրինակ, «ՔոՔա Քոլա» ընկերութեան նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն Մուհտար Քենթն է:
Յարութ Սասունեան խիստ անհաւանական կը համարէ, որ ատրպէյճանա-թրքական նամակը որեւէ շօշափելի օգուտ բերէ այս խմբերուն, քանի որ «Hyatt»-ի տնօրէններու խորհուրդը, հաւանաբար պիտի անտեսէ անոնց անհիմն մեղադրանքները: Աւելի կարեւորը այն է, որ տիպար ամերիկահայ գործարարի նկարագրին վրայ նման ռասիստական յարձակումը ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին հայերը կը դրդէ աւելի վճռականօրէն հետամուտ ըլլալ իրենց արդարացի պահանջներուն` թէ՛ Թուրքիայէն, եւ թէ՛ Ատրպէյճանէն:
Վերջապէս, խիստ վիրաւորական է, որ ատրպէյճանական եւ թրքական այդ խմբաւորումները քար լռութիւն կը պահպանէին, երբ ատրպէյճանցի սպան Պուտապեշտի մէջ կացնահարելով սպանած էր քնած հայը, իսկ հիմա աղմուկ կը բարձրացնեն, երբ ամերիկահայ գործարար մը պարզապէս կ’օգտագործէ խօսքի ազատութեան իր իրաւունքը Պեվըրլի Հիլզի մէջ: