ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութենէն վերադառնալէ ետք պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն՝ անդրադառնալով նաեւ Արցախի հակամարտութեան:
Ան նշած է, որ ցայսօր միջազգային հարթակներու վրայ Թուրքիա միշտ աջակցութիւն ցուցաբերած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, եւ այդ մօտեցումը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային:
«Ղարաբաղի հարցով մենք ի սկզբանէ միշտ աջակցած ենք, կ՛աջակցինք եւ պիտի շարունակենք աջակցիլ Ատրպէյճանին: Այս հարցով կայ 3 պատասխանատու երկիր՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա: Դժբախտաբար, անոնք այդ ուղղութեամբ չեն առներ անհրաժեշտ քայլերը եւ այդ պատճառով ալ հակամարտութիւնը կը շարունակուի եւ լուծում չի գտներ», աւելցուցած է Էրտողան:
«Այս (Արցախի) հարցով, մենք Ատրպէյճանը երբե՛ք առանձին չենք ձգած եւ չենք ձգեր», եզրափակած է Թուրքիոյ նախագահը:
Յիշեցնենք, որ նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէ ետք, Էրտողան իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Ատրպէյճանին: